Փարիզ “Հայ ժողովուրդի վրէժը – Թէհլիրեանի դատը” վաւերագրական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը

22 de abril de 2015

z_tehlirianԱպրիլ 15ին կրկին բազ­մա­մարդ էր Փա­րիզի Հայ Մշա­կոյ­թի Տան «Տէ­միրեան» սրա­հը, ուր ՀՅԴ «Ար­մէն Գա­րօ» Կո­միտէի եւ քոյր միու­թեանց կազ­մա­կեր­պութեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հայ ժո­ղովուրդի վրէ­ժը – Թէհ­լի­րեանի դա­տը» վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նի անդրա­նիկ ցու­ցադրու­թիւնը, նուիրուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակին։ 52 վայրկեան տե­ւողու­թեամբ այս գոր­ծին բե­մադիրն է Պեր­նար Ժորժ որ Ֆլո­րանս Շա­սէնի հետ նաեւ բե­մագ­րած է զայն։

Ֆիլ­մը միաս­նա­բար ար­տադրած են «ARTE France-ը, Cinétévé-ն եւ CNRS Image-ը։ Ար­դա­րեւ գա­ղու­թիս մէջ մեծ հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծած է 100ամեակի ծրա­գիր­նե­րու ծի­րէն ներս «Ար­մէն Գա­րօ» Կո­միտէի վեր­ջին շրջա­նի աշ­խոյժ գոր­ծունէու­թիւնը։ Յի­շատա­կու­թեան ար­ժա­նի է, որ ձեռ­նարկնե­րու շար­քի այս հին­գե­րորդ երե­կոյ­թին ներ­կայ էին հարիւրէ աւե­լի հան­դի­սատես­ներ։

Ինչպէս ծա­նօթ է, մէկ ու կէս մի­լիոն հայ նա­հատակ­նե­րու վրէ­ժը լուծե­լու հա­մար Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թիւնը ծրագ­րած էր «Նե­մեսիս» գոր­ծո­ղու­թիւնը, որու ըն­թացքին ընդհա­նուր առ­մամբ թուրք կամ ազէ­րի ութ պա­տաս­խա­նատու­ներ եւ երեք հայ դա­ւադիր­ներ ին­կան եօթը հայ վրի­ժառու­նե­րու գնդա­կով։

Այս գոր­ծո­ղու­թեան շրջա­նակին մէջ ամե­նէն յատ­կանշա­կանը՝ թուրք Ներ­քին գոր­ծոց նախ­կին նա­խարար եւ կո­տորած­նե­րու ու տե­ղահա­նումնե­րու գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ Թա­լէաթ փա­շայի ահա­բեկումն էր, որ 1921 Մարտ 15ին զգետ­նուեցաւ Պէր­լի­նի մէջ երի­տասար Սե­դա Սէ­րէն­կիւլեան ձեռ­նարկին բա­ցու­մը կա­տարե­լով հան­դի­սատես­նե­րուն ներ­կա­յացուց ժա­պաւէ­նի հա­մահե­ղինակ­ներ՝ Պեր­նար Ժոր­ժը եւ Ֆլո­րանս Շա­սէնը։ Առա­ջինը յայտնեց, թէ զինք միշտ ալ հե­տաքրքրած են պատ­մա­կան դէպ­քե­րը եւ երբ տա­րիներ առաջ պա­տահ­մամբ իմա­ցած է Թէհ­լի­րեանի դա­տավա­րու­թեան մա­սին, մտայ­ղա­ցած է զայն վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մի վե­րածե­լու գա­ղափա­րը։ Գլխա­ւորա­բար օգ­տուած է 1919ին պատ­րաստուած «Ազ­գի մը նա­հատա­կու­թիւնը» (Ravished Armenia) ան­խօս ժա­պաւէ­նի պատ­կերնե­րէն – նկա­տի ու­նե­նալով որ Թէհ­լի­րեանի դա­տավա­րու­թե­նէն Աւար­տին արու­ես­տագէտ հե­ղինակ­նե­րը պա­տաս­խա­նեցին ներ­կա­ներուն կող­մէ ուղղուած քա­նի մը հար­ցումնե­րու։

Այս ժա­պաւէ­նը դի­տելով ակա­մայ յի­շեցի Թեհ­րա­նի «Արա­րատ» կազ­մա­կեր­պութեան թա­տերաս­րա­հը, ուր տա­րիներ առաջ ամիս մը շա­րու­նակ բե­մադ­րուեցաւ Պերճ Զէյ­թունցեանի «Ոտ­քի՛, դա­տարանն է գա­լիս» թա­տեր­գութիւ­նը։ Ամէն իրի­կուն թատ­րո­նի վեր­ջա­ւորու­թեան ոգե­ւորուած երի­տասար­դութիւ­նը մին­չեւ ուշ գի­շեր կեդ­րո­նը կը թնդաց­նէր յե­ղափո­խական եր­գե­րով…։ Ար­դա­րեւ սե­րունդնե­րը եր­բեք պի­տի չմոռ­նան Սո­ղոմոն Թէհ­լի­րեանը, Ար­շա­ւիր Շի­րակեանը, Արամ Եր­կա­նեանը եւ անոնց ըն­կերնե­րը, որոնք գոր­ծադրե­ցին թուրք ջար­դա­րար­նե­րուն ահա­բեկու­մ Փառք անոնց յի­շատակին։

«Նոր Յառաջ»