Քալիֆորնիոյ Համալսարանը հրաժարած է Թուրքիոյ մէջ մեծ ներդրում կատարելէ

18 de mayo de 2015

California«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղի ուսանողական խորհուրդի գաղտնի քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք որոշուած է հրաժարիլ թրքական կառավարութեան պարտատոմսերուն մէջ եւ արժեթուղթերու թղթածրարին մէջ 72,6 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելէ:

«Թրքական պարտատոմսերուն մէջ 72,6 միլիոն տոլար ներդրելը պիտի նշանակէ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանը կ՛աջակցի մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, որ թրքական կառավարութիւնը կը հերքէ արդէն մէկ դարէ ի վեր: Քուէարկութեան այդպիսի ելքը ցոյց կու տայ, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանը դէմ է ցեղասպանութեան նման ոճրագործութիւններուն», ըսած է հայ ուսանողներու ընկերակցութեան անդամ Պետրոս Քէօսոյեան:

«Ասպարէզ» կը նշէ, որ Ռիվըրսայտը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 5-րդ մասնաճիւղն է, որ թրքամէտ ներդրումները կանխարգիլող բանաձեւ կ՛որդեգրէ: