Ակնարկ Ազդակ-ի

Քաղաքական պահու հասունացման տեսութիւնը

18 de julio de 2017

Agnarg_AztagԱզրպէյճանի ռազմական յանցագործ ըլլալու դիմագիծին մասին հաստատումները սկսած են հնչել միջազգային կառոյցներու մէջ: Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին կատարուած բարբարոսութիւններուն մասին թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւնները դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ուղարկած էին թղթածրար Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած ամէնէն անմարդկային վայրագութիւններուն: Փաստացի այս տուեալները, լուսանկարները եւ պատերազմական օրէնքները գլխիվար շրջող բոլոր աքթերուն համարժէք գնահատական տալու արձագանգները չէին լսուեր:

Զուգահեռ, Պաքուն խեղաթիւրելով իրողութիւնները հակաքայլերով կը փորձէր միջազգային շրջանառութեան մէջ դնել հակափաստարկները:

Այժմ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործի դիմագիծը սկսած է բացայայտուիլ. փաստերու մասին հաստատումները դուրս եկած են հայկական պետական շրջանակներէ եւ կը հնչեն միջազգային կառոյցներու մէջ: Զուգահեռ, պուլկարական թերթի կատարած բացայայտումները Ազրպէյճանի կատարած հսկայական օժանդակութիւններուն` աշխարհին սպառնացող միջազգային ահաբեկչութեան հետզհետէ կ՛ապահովեն համարժէք հնչեղութիւն, մանաւանդ որ հետաքննութեան սկսելու պահանջներ սկսած են լսուիլ միջազգային մակարդակի վրայ:

Այս երկու ուղղութիւններուն զուգահեռականացումը կը թուի, որ պատահական չէ: Հայկական կողմին նկատմամբ միջազգային արձագանգ կը սկսի լսուիլ  այն ատեն, երբ այս պարագային օրինակ, եւրոպական եւ ազրպէյճանական շահերը կը հակադրուին իրարու:

Եւրոպային սպառնացող միջազգային կրօնական ծայրայեղական ահաբեկչութեան Պաքուի կողմէ հրապարակուած տարողութիւններով օժանդակելը կը հարուածէ համաեւրոպական շահերը: Ապրիլեան պատերազմէն գրեթէ մէկուկէս տարի ետք կատարուած այս բացայայտումներն ու գաղտնազերծումները կը մղեն եւրոպական շրջանակները անդրադառնալու այն իրողութիւններուն, որոնց մասին իրազեկուած էին գրեթէ տարի մը առաջ:

Պարզ է, որ քաղաքական դիրքորոշումները, բարձրաձայնումները ունին պահու ընտրութեան տրամաբանութիւնը: Այս պարագային այդ պահը եւրոպական եւ հայկական մօտեցումներու համընկնումն է: Բայց կարեւորը այն է, որ այդ պահու հասունացման եւ համընկնեցման համար հայկական կողմը աշխատանք տարած է: Այսինքն` փաստահաւաքը կատարուած, դասաւորուած, թղթածրարի կազմութենէն ետք միջազգային կառոյցներու սեփականութիւնը դարձուցած: Այս իրազեկումէն ետք պահու հասունացման համար, այլ խօսքով` եւրոպական եւ հայկական շահերու համընկնումի կէտերու ձեւաւորման համար անհրաժեշտ էր աշխատիլ:

Կը թուի, որ պատահական չեն պուլկարական թերթին կատարած փաստաթղթային գաղտնազերծումները: Միջազգային լրատուամիջոցները գաղտնազերծումներով գայթակղութիւններ յառաջացնելու մշակոյթը իւրացուցած են: Այդ բացայայտումները զուտ լրագրական բնոյթ չեն ունենար ընդհանրապէս: Որոշ կեդրոններէ պատուէր կը ստանան, կը ֆինանսաւորուին, բայց մանաւանդ տուեալներով, տեղեկութիւններով  եւ փաստերով կը սնուցուին: Այսպիսով, չորրորդ իշխանութիւնը կը ստեղծէ կացութիւն` ազդելու քաղաքական հոլովոյթներուն վրայ:

Պուլկարական թերթին կատարած հարուստ թղթածրարի գաղտնազերծումը կարելի է դիտարկել այս տեսութեան օրինաչափութիւնները նկատի ունենալով: Եւ անկախ հայկական կողմին կատարած աշխատանքէն, կ՛արժէ մտածել, թէ մերօրեայ միջազգային ահաբեկչութեան շարժումներուն եւ տուեալներուն տիրապետող ի՛նչ տեսակի կեդրոն նման հսկայածաւալ նիւթ տրամադրած է այս պարագային եւրոպական լրատուամիջոցին:

Այս բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան, որպէսզի Եւրոպական խորհրդարանի նիստերու ընթացքին հնչեն այնպիսի տեսակէտներ, որոնք կ՛ընդգծեն, որ Պաքուն իր ժողովուրդը սեփական վահանի վերածած է` բնակելի շրջաններուն մէջ տեղակայելով բազմակողմանի հրթիռային համակարգ, թէ Պաքուն չկատարելով Վիեննայի եւ Փեթերզպուրկի պայմանաւորուածութիւնները եւ արգելակելով մշտադիտարկման ու հետաքննութեան գործողութիւններու իրականացումները պատճառ կ՛ըլլայ միջադէպերու զարգացման, թէ Պաքուն ապրիլեան պատերազմին գործած է ռազմական հանցագործութիւններու աղաղակող աքթեր: Այլ խօսքով` եւրոպական խորհրդարանին մէջ այսօր կը հնչեն այն հաստատումները, որոնք հնչեցուցած էր եւ կը շարունակէր հնչեցնել հայկական կողմը:

Քաղաքական պահու հասունացման տեսութիւնը կը գործէ ըստ ամենայնի: Իսկ այդ պահու հասունացման մէջ կ՛երեւի հայկական կողմին նպատակային աշխատանքը: