Կարօ Արմենեան

Քաղաքացիական անհնազանդութեան բարոյական իրաւունքը

17 de abril de 2018

garoarmenian1Մեր երեք շրջանային պաշտօնաթերթերու՝ «Ասպարէզ»ի, «Ազդակ»ի և «Հայրենիք»ի սիւնակներուն մէջ լոյս տեսած իմ վերջին յօդուածիս մէջ կ՚ընէի հետևեալ մատնանշումը.

«...Նոյնքան շահեկան է այն փաստը, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու այս շարժումը ոչ մէկ դժգոհութիւն յառաջացուց երկրի օլիգարխներու և մենաշնորհի տէրերու շրջանակին մէջ...Քաղաքական բեմը չալեկոծուեցաւ երբեք։ Չկար ոչ մէկ խլրտում։ Ոչ մէկ հրապարակային լուրջ առարկութիւն։ Ինչու՞։ Միթէ այդ մարդիկ չէի՞ն հասկնար, թէ ինչ կը կատարուէր իրենց շուրջ։ Միայն մե՞նք էինք երկրի զգօն քաղաքացիները...Բնականաբար՝ Ո՛Չ։

Անոնք հաստատ համոզուած էին, որ սահմանադրական այս փոփոխութիւններով յարացոյցի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենար, իսկ մենք իրաւամբ դրօշ պարզած էինք յարացոյցի (և անշուշտ տիրող համակարգի) փոփոխութեան դատը մերը ընելով և զայն դնելով մեր ազգային օրակարգին վրայ։»

Այսօր, ժողովուրդի մէկ ամբողջ զանգուած մայրաքաղաքի փողոցներէն դիմած է քաղաքացիական անհնազանդութեան պահանջելով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի վարչապետական թեկնածութեան չեղարկումը։ Ցուցական այս ծաւալուն շաժման ղեկավարն է Նիկոլ Փաշինեան՝ Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութենէն։ 

Նկատի ունենալով, որ այս հեռակայ դիրքերէն մեր հարցադրութիւնը կրնայ միայն հիմնուիլ մամլոյ լսատեսողական զեկոյցներուն վրայ, որոնք երբեք բաւարար չեն գիտակ և առարկայական քննարկումներու համար, առայժմ կ՚ուզեմ բաւարարուիլ հետևեալ նշումներով միայն.

(ա) Զանգուածային այս շարժման բարոյական իրաւունքն է դիմել քաղաքացիական անհնազանդութեան որքան ատեն, որ ան հեռու կը մնայ բռնարարքներէ, հանրային գոյքի դէմ վնասարարութենէ և յատկապէս արիւնահեղութենէ։

(բ) Տեսանիւթերու բովանդակութենէն դատելով, պէտք է գոհունակութեամբ արձանագրել այն փաստը, որ մայրաքաղաքի ոստիկանութիանը ցարդ կը գործէ մեծ համբերութեամբ և կը խուսափի յախուռն առճակատումներէ։ Պէտք է յուսալ, որ այս կարգապահութիւնը պահպանուի հետևողականօրէն և մինչև վերջ։։ 

(գ) Միաժամանակ պէտք է միշտ ի մտի ունենալ, որ նմանօրինակ ցոյցերու բովին մէջ կը գործեն անհարազատ և կասկածելի ուժեր և մեծ է վտանգը, որ այդպիսի դաւադրական և դրդիչ ուժերու մեքենայութեամբ քաղաքացիական անհնազանդութիւնը արագօրէն վատասերի և առաջնորդէ արիւնահեղութեան։ 
(դ) Հետևաբար ասիկա այն ճգնաժամային պահն է, ուր հանդէս պիտի գայ կողմերու քաղաքական հասունութիւնը, որ խարիսխն իսկ է որևէ պետականութեան։ Նախ. Սերժ Սարգսեան և իր կուսակցութիւնը կը դիմագրաւեն իրենց քաղաքական կեանքի մեծագոյն փորձաքննութիւնը։ Իրենց ուսերուն վրայ դրուած է պարտականութիւնը քաղաքացիական անհնազանդութեամբ ոտքի ելած այս ժողովուրդը ի տուն վերադարձնելու ժողովուրդի ազատ կամքով և առանց բռնութեան։ 

(ե) Փաստը այն է, որ մայրաքաղաքի ժողովուրդին մէկ մեծ շերտը ինքզինք խաբուած կ՚ըզգայ։ Սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացը յանգած է նոյն տեղքայլին։ Յարացոյցի այն մեծ տեղաշարժը, որ կ՚ակնկալուէր նոր սահմանադրութենէն, կասեցուած կը թուի ըլլալ իր բոյնին իսկ մէջ։ Այն հասարակական բողոքը, որուն ականատեսն ենք այսօր, իր տարերոյթին մէջ, կը թուի տրամաբանական հետևանքը ըլլալ այն բանին, որ երկրի օլիգարխիան բողոքելու պատճառ չգտաւ օրին նոր սահմանադրութեան դրոյթներուն դէմ։ Ի վերջոյ սահմանադրութիւն մը քաղաքական համաձայնութիւն մըն է երկու կամ աւելի չհամաձայնողներու միջև։ Կարելի չէ պատկերացնել, որ երկրի օլիգարխիան լիովին գոհ ըլլայ այս փաստաթուղթով և ժողովուրդի ամբողջ զանգուած մը՝ լիովին դժգոհ։ Եթէ այս է իրականութիւնը, սահմանադրութիւն գոյութիւն չունի։ Եթէ այս է իրականութիւնը, նոր սահմանադրութեան համախոհական ենթակառոյցը թերի է և օլիգարխիան անկեղծ չէ գտնուած հասարակութեան հանդէպ։ Կարելի չէ ընդունիլ, որ օլիգարխիան գործէ ամէն ինչ ստանալու և ոչինչ զիջելու մեղաւոր դիրքերէ։ 
(

զ) Այս բոլորէն կը հետևի, որ քաղաքացիական այս պոռթկումը մենք պարտաւորուած ենք վերածելու քաղաքական շինիչ մեքանիզմի մը սահմանադրութեան էական այս բացը համարձակ քայլերով և երկուստեք արագօրէն գոցելու։ Ասիկա նոր սահմանադրութեան վաւերականացման պատմական պահն է և քաղաքական բեմը իր բոլոր շերտերով պիտի լծուի այդ մեծ գործին։ Ինչպէ՞ս։

Թող այդ հարցումը անկեղծօրէն հարցուի և մեր ազգային հանճարը անպայման կը գտնէ այդ հարցումին պատասխանը։

Ապրիլ 16, 2018
Ուաշինկթըն