Քանատայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը

30 de julio de 2019

Շաբաթ, 20 յուլիս 2019-ին, Օթթաուայի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան ընդունեց ՀՅԴ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դիւանի անդամներ Արտօ Գաբրիէլեան եւ Մարալ Նազարեան, ինչպէս նաեւ` Օթթաուայի «Վահան Յովհաննիսեան» կոմիտէի ատենապետ Րաֆֆի Գատեհճեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի դեսպանատան հիւպատոս Արա Մկրտչեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին դեսպանը իր նշանակումին առիթով եւ ՀՅԴ Քանատայի ընտանիքին անունով վերահաստատեցին իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը դեսպանատան աշխատանքներուն ու դեսպանի առաքելութեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ սերտացման հեռանկարները` դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ: