Քննութիւնը եւ դատավարութիւնը պէտք է կատարուին ըստ հայաստանի օրէնսդրութեան եւ Հայաստանի մէջ

20 de enero de 2015

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեցին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան առնչութեամբ:

12 յունուարին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած անմարդկային ոճիրը եւ ատոր նկատմամբ իրականացուող 7_escudo-FRAդատաիրաւական հոլովոյթները համազգային մտահոգութիւն յառաջացուցած են:

Դէպքերուն յաջորդած քննչական գործողութիւնները, պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն բովանդակութիւնները, շարժեցին մեր ժողովուրդին զայրոյթը եւ  համապատասխան կառոյցներու նկատմամբ անվստահութեան մթնոլորտի ստեղծման պատճառ դարձան հասարակութեան շրջանակին մէջ` վիրաւորելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Շատ մտահոգիչ են կարգ մը ռուս պաշտօնատարներու  կրաւորական կեցուածքը, հայկական կողմի` օրէնքներու եւ միջազգային համաձայնագիրներու կանխակալ մեկնաբանումը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յայտարարութիւններուն միջեւ հակասութիւնները: Մինչ միջազգային իրաւունքը, ազգային օրէնսդրութիւնը, հայ-ռուսական միջպետական պայմանագիրներն ու համաձայնագիրները շատ յստակ կը սահմանեն նման բնոյթի հարցերու լուծման ընթացակարգերը:

Ստեղծուած իրավիճակի հրամայականն է, որ հասարակութիւնը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը, անկախ քաղաքական հայեացքներէն եւ գաղափարաբանական տարբերութիւններէն, միահամուռ կերպով պահանջէ հարցին այնպիսի լուծում, որ երբեք հարուածի տակ չի դներ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, կ՛ընդգծէ մեր պարտաւորութիւնը անմեղ զոհերու յիշատակին եւ անոնց հարազատներուն առջեւ` հասնելու գործի բազմակողմանի անաչառ քննութեան կայացման  եւ ամբողջական բացայայտման:

Այդ քննութիւնը եւ դատավարութիւնը պէտք է կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան  օրէնսդրութեան ծիրին եւ Հայաստանի մէջ:

ՀՅԴ ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ