Քրաքովի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու հանդիպումը

18 de enero de 2018

Reunion CracoviaԼեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ մեկնարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին Twitter-ի իր էջին գրած է ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Տիգրան Բալայեան:

Քրաքովի մէջ, նախապէս, միջնորդներու հետ հանդիպած էր Էդուարդ Նալպանտեանը եւ հանդէս եկած ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման հեռանկարին վերաբերեալ յայտարարութեամբ:

Նալպանտեան, մասնաւորապէս, յայտարարած էր, որ Պաքուն որքան շուտ գիտակցի, որ առաջարկուող սկզբունքները մէկ ամբողջութիւն են, այնքան շուտ հնարաւոր պիտի ըլլայ հունի մէջ դնել ԼՂ կարգաւորման գործընթացը:

«Հայաստանը, համանախագահ երկիրներու հետ միասին, պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել բանակցութիւններու առաջմղման համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման շուրջ Վիեննայի, Ս. Փեթերզպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու եւ եռանախագահներու առաջարկներու իրագործման ուղղութեամբ, որոնք մասնաւորապէս կը վերաբերին հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան նուազեցման, 1994-95 թթ. եռակողմ զինադադարի անշեղ պահպանման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի համակարգման կարողութիւններու ընդլայնման, զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման:

Եթէ Պաքուն հետեւի համանախագահներու` հրադադարը խստօրէն յարգելու կոչերուն, կատարէ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, կառուցողաբար ներգրաւուի բանակցային գործընթացին, վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը համանախագահներու կողմէ առաջարկուած հիմնախնդիրի կարգաւորման սկզբունքերուն՝ հնարաւոր պիտի ըլլայ ճանապարհ հարթելու խաղաղութեան գործընթացը առաջ մղելու համար: Պաքուն յաճախ կը խօսի, թէ իբր շահագրռուած է, որ իրավիճակը փոխուի: Ակնյայտ է, որ անոր հասնելու գործնական ճանապարհը վերոյիշեալին իրականացումն է: Համանախագահները տարիներ շարունակ կը յայտարարեն, որ իրենց կողմէ` փուլային իրականացումով փաթեթային հանգուցալուծման նպատակով, առաջարկուող սկզբունքներն ու տարրերը մէկ ամբողջութիւն կը հանդիսանան, եւ անոնցմէ մէկուն նախապատւութիւն տալու փորձերը անհնար պիտի դարձնեն կարգաւորումը: Որքան շուտ Պաքուն գիտակցի այս իրողութիւնը, այնքան շուտ հնարաւոր պիտի ըլլայ գործնական հունի մէջ դնել կարգաւորման գործընթացը»,- շեշտած էր նախարար Նալպանտեան: