Քրեմլինի մէջ Փութին-Փաշինեան հանդիպում

14 de junio de 2018

Putin Pashinian 2Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափով յարաբերութիւններու օրակարգին եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Կողմերը անդրադարձած են զանազան, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական, զինուորական-արհեստագիտական եւ այլ մարզերու մէջ  համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցերու:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու դաշնակից պետութիւններուն միջեւ կապերու շարունակական եւ հետեւողական խորացումը, ինչ  որ պիտի նպաստէ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները աւելցնելու եւ տարբեր ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային այլ հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Փութին ըսած է, որ Ռուսիա կը շարունակէ վստահօրէն պահպանել առաջատարի դիրքերը Հայաստանի հետ առեւտրական շրջանառութեան ուղղութեամբ` արձանագրուած տոկոսները աւելցնելու նպատակով: «Նկատի ունենալով մեր յարաբերութիւններուն ռազմավարական բնոյթը եւ տարբեր ուղղութիւններով մեր համագործակցութեան մեծ ծաւալը`  կը կարծեմ, թէ մեր հանդիպումները միշտ պահանջուած են», նշած է Փութին` յոյս յայտնելով, որ կապերը մնայուն կերպով կ՛ամրապնդուին:

Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն ունեցած յատուկ բնոյթին եւ նշած, որ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ Ռուսիոյ մէջ բոլորը գոհ են այս կապերէն: «Բոլորը գիտեն, որ մեր յարաբերութիւններուն օրակարգը շատ մեծ է, քննարկելու շատ բան կայ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ շրջանային իմաստով», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան «Կարմիր հրապարակ»-ին վրայ ներկայ գտնուած է մոնտիալի նուիրուած կալա-համերգին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Ռուսիոյ նախագահը, զանազան երկիրներու նախագահներ եւ ղեկավարներ: