Քրտական գործօնը` Ամերիկեան լքումին եւ Ռուսական լռութեան միջեւ

15 de octubre de 2019

 

Ուա­շինկթը­նի պաշտօ­նա­կան յայտա­րա­րութիւնը, թէ ա­մե­րի­կեան բա­նա­կը հիւսի­սա­յին Սուրիոյ մէջ թրքա­կան զի­նուո­րա­կան գործո­ղութեան ո՛չ մասնակցե­լու եւ ո՛չ ա­ջակցե­լու ո­րո­շում ունի, գործնա­պէս թրքա­կան ներխուժումի կամ անվտանգութեան գօ­տիի ձեւաւորման գործընթա­ցի կա­նաչ լոյս տալն է:
Մինչեւ այդ յայտա­րա­րութիւնը, քա­ղա­քա­կան գետնի վրայ պաշտօ­նա­կան Դա­մասկո­սը ձեռնարկած էր նոր Սահմա­նադրութեան մշակման խորհրդակցութիւննե­րու:
Ուշագրաւ ե­րեւոյթը այն էր, որ նոր Սահմա­նադրութեան յօ­դուածնե­րը մի­ջազգա­յին ընտա­նի­քի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ հա­մա­ձայնեցնե­լու ո­րո­շումը գործնա­կան դրսեւո­րում կ՛ունե­նար:
Այս բո­լո­րի նա­խօ­րէին, Ռուսիոյ դաշնութեան արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րը կը յայտա­րա­րէր, որ սուրիա­կան պա­տե­րազմը աւարտած կա­րե­լի է նկա­տել:
Հի­մա, Ուա­շինկթըն իր ուժե­րը սուրիա­կան տա­րածքնե­րէն հե­ռացնե­լու մա­սին կը խօ­սի:
Թէեւ պէտք է արձա­նագրել, որ ըստ էութեան, տե­ղա­փո­խումի մա­սին է խօսքը, աւե­լի քան ամբողջա­կան հե­ռացման, գէթ այս փուլին:
Թրքա­կան ներխուժումը սա­կայն միայն ա­մե­րի­կեան կա­նաչ լոյսին հետ կապ չունի քա­ղա­քա­կան ընկա­լումնե­րով: Այսօր ընդհանրա­պէս տա­րա­ծաշրջա­նին եւ յատկա­պէս Սուրիոյ մէջ կը գործէ Մոսկուա-Անգա­րա-Թեհրան մերձեցման հի­ման վրայ ռազմա­վա­րա­կան ա­ռանցք, ինչ որ կ՛ենթադրէ ներխուժման գործո­ղութեան հա­մա­ձայնե­ցում ռազմա­վա­րա­կան երկու գործընկերնե­րուն հետ:
Կը թուի սա­կայն, որ այդ հա­մա­ձայնութիւնը միանշա­նակ չէ: Ի­րա­նի արտա­քին գործոց նա­խա­րա­րը կը յայտա­րա­րէր, որ Թեհրա­նը Անգա­րա­յին փո­խանցած է, որ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը ա­պա­հո­վե­լու միակ մի­ջո­ցը Ա­տա­նա­յի հա­մա­ձայնութեան հի­մամբ իր զի­նեալ ուժե­րը Սուրիոյ հետ սահմա­նին կուտա­կելն է: Այլ խօսքով, անհա­մա­ձայնութիւն` թրքա­կան ներխուժումին:
Ե­թէ Թեհրա­նի անհա­մա­ձայնութիւնը բա­ցա­յայտ է, Մոսկուա­յի­նը լռե­լեայն է: Անշուշտ պա­տա­հա­կան չէ հիւսի­սա­յին Ի­րաք Լաւրո­վի կա­տա­րած այցե­լութիւնը: Քիւրտե­րը հրա­պա­րա­կաւ օ­ժանդա­կութիւն կը խնդրեն Մոսկուա­յէն, որ գէթ այս պա­հու դրութեամբ չէ բա­ցա­յայտած իր դիրքո­րո­շումը:
Տե­ղա­կան ա­ռումով սուրիա­կան կա­ռա­վա­րա­կան ուժե­րը Անգա­րա­յի ներխուժման դէմ կանգնե­լու պատրաստա­կա­մութիւնը ունին, այդուհանդերձ ի­րենց գործնա­կան մասնակցութիւնը բնա­կա­նա­բար կա­խեալ է Մոսկուա­յէն: Մինչ Սուրիա­կան ա­զատ բա­նա­կը արդէն իսկ յայտա­րա­րած է, թէ պատրաստ է միա­նա­լու թրքա­կան զի­նեալ ուժե­րուն` ի­րա­կա­նացնե­լու հա­մար անվտանգութեան գօ­տիի ստեղծման գործո­ղութիւնը:
Այս բո­լո­րին մէջ կայ տե­սութիւն, որ ե­թէ ոչ անպայման աշխարհագրա­կա­նօ­րէն իր ա­ռա­ջադրած, այդուհանդերձ Ուա­շինկթըն Անգա­րա քա­ղա­քա­կան ա­ռեւտուրի իբրեւ արդիւնք ո­րո­շա­կի սահմա­նա­փա­կուա­ծութեամբ գօ­տիի մը ստեղծումը կրնայ ա­պա­հո­վել Անգա­րան: Այլա­պէս, զի­նեալ ընդհա­րումնե­րու նոր ա­րարնե­րու շարք մը կը սկսի թուրք-քրտա­կան պա­տե­րազմի տեսքով, ինչ որ Սուրիոյ եւ ընդհանրա­պէս տա­րա­ծաշրջա­նի խա­ղա­թուղթե­րը կրնայ հիմնո­վին խառնել:
Այս պա­հու դրութեամբ զի­նուո­րա­կան ի­րադրութիւննե­րու հե­տա­գայ ընթացքը շատ պարզ չէ: Յստակ է սա­կայն, որ ա­մե­րի­կեան լքումով քրտա­կան գործօ­նը ռուսա­կա­նէն կա­խեալ ըլլա­լու նա­խադրեալներ գո­յա­ցած են: Թէ՛ սուրիա­կան կա­ռա­վա­րա­կան ուժե­րու մասնակցութեան հարցը եւ թէ՛ Անգա­րան զսպե­լու բեւե­ռը Մոսկուան է: Այս խա­ղա­թուղթը տա­կաւին չէ օգտա­գործած Մոսկուան:
Չի բա­ցա­ռուիր նաեւ, որ ազդե­ցութեան գօ­տի­նե­րու բա­ժանման ընդհա­նուր հա­մա­ձայնութեան մը շրջա­գի­ծին մէջ քիւրտե­րը հերթա­կան անգամ շա­հա­գործուին գերտէ­րութիւննե­րու կողմէ: Ի վերջոյ որքան ալ մերձե­ցումնե­րով գործեն Մոսկուան եւ Անգա­րան, այնուա­մե­նայնիւ Սուրիոյ մէջ մեծ ա­ռաւե­լութիւններ ձեռք ձգե­լը Թուրքիոյ կողմէ յա­մե­նայն դէպս չի բխիր Ռուսիոյ դաշնութեան շա­հե­րէն:
«Ա.»