"Օրորա" Մրցանակի առաջին դափնեկիր Մարկըրիթ Պարանկիցէ Արցախ կը գտնուի

24 de mayo de 2017

Barangitse«Ա­զատ Ար­ցա­խը ող­ջու­նեց «Օ­րո­րա»ի 2016ի դափ­նե­կի­րը՝ ­Պու­րուն­տիի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին շուրջ 30.000 ե­րե­խա­յի կեանք փրկած ­Մար­կը­րիթ ­Պա­րան­կի­ցէն, որ հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Ար­ցա­խի տար­բեր հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

Ան հան­րու­թեան պի­տի պատ­մէ իր ան­ցած ու­ղիին, ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան ու սի­րոյ յաղ­թա­նա­կի մա­սին՝ մար­դա­սի­րու­թեան ա­լի­քը տա­րա­ծե­լով ամ­բողջ Ար­ցա­խի մէջ: #AuroraPrize #GratitudeInAction», «Օ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան տա­րա­ծած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի, որ Մա­յիս 20ին, ­Մար­կը­րիթ ­Պա­րան­կի­ցէ այ­ցե­լած է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ, գտնո­ւած է ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նարկ, ուր բա­ցո­ւած է Աւ­րո­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նին նո­ւի­րո­ւած յա­տուկ ցու­ցասրահ: ­

Տի­կին ­Պա­րան­կի­ցէ գրած է պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րու յու­շա­մա­տեա­նին մէջ եւ ծա­ղիկ­ներ խո­նար­հած ան­մար կրա­կին մօտ: Ան Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րի պու­րա­կին մէջ ծառ տնկած է՝ ի յի­շա­տակ Ե­ղեռ­նի նա­հա­տակ­նե­րուն: