Ֆրանսա­: «Marianne»ի յատուկ թիւը նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին

22 de abril de 2015

logo_marianneՖրանսա­կան ծա­նօթ «Marianne» շա­բաթա­թեր­թը «Հա­յերը. ֆրան­սա­կան պատ­մութիւն մը» ընդհա­նուր խո­րագի­րը կրող 100 էջ­նոց յա­տուկ թիւ մը հրա­պարա­կած է, նուիրուած՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամեակին:

Ներ­կա­յաց­ման գրու­թեան մէջ կ՚ըսուի հե­տեւեալը.- «Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նի բազ­մա­դարեան ուխտ մը։ Ան­կասկած, այն պատ­ճա­ռով, որ այս եր­կու ազ­գե­րը կը խան­գա­րեն հա­մաշ­խարհա­յին մեծ ան­կարգու­թիւնը եւ կը մեր­ժեն անհետանալ Պատ­մութե­նէն։

ԺԱ. դա­րու սկիզ­բէն, այդ դաշ­նակցու­թիւնը կնքուած է առա­ջին Կա­պետինգնե­րու եւ Բագ­րա­տու­նե­րու շա­ռաւիղ­նե­րուն մի­ջեւ, որոնք իշ­խե­ցին Կի­լիկիոյ հայ­կա­կան

թա­գաւո­րու­թեան։ Այն, ինչ որ կը հիւ­սէ այսքան սերտ կա­պեր Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ, ըստ ամե­նայ­նի՝ դի­մադ­րութեան այդ ոգին է։ Դի­մադ­րա­կան մեր այդ հա­սարա­կաց ոգիին պատճառով է, որ միշտ ալ Հա­յերը՝ անոնք ըլ­լան Սու­րիայէն, Լի­բանա­նէն, Թուրքիայէն, Իրա­նէն թէ Ռու­սաստա­նէն ժամանած, ան­մի­ջապէս ներգրա­ւուած են Ֆրան­սա­յի ամե­նէն խորին հո­սան­քին մէջ. այն աս­տի­ճան, որ այ­սուհե­տեւ կրնանք գրել, թէ այսօր առանց անոնց ներ­կա­յու­թեան, մեր եր­կի­րը պի­տի չըլ­լար այն ինչ որ է։

Բայց օրի­նակե­լի այս հա­մար­կումէն ան­դին, յա­ւելեալ եր­կու պատ­ճառներ կան հե­տաքրքրուելու համար այս հայ­րե­նակից­նե­րով։ Առա­ջինը, ան­շուշտ, Հա­յոց Ցե­ղաս­- պա­նու­թեան 100ամեակն է։ Երկրոր­դը՝ աւե­լի նոր յայտնուած երեւոյթ մըն է, նոյ­նիսկ եթէ կը վե­րաբե­րի շատ հին մար­տի­րոսու­թեան։ Անոնք, որոնք հե­տաքրքրու­թիւ- նը ու­նե­ցած են հրե­լու դռնե­րը Փա­րիզի Ժան-Կու­ժո­նի եկե­ղեց­ւոյ եւ հրա­պու­րուած են շարական­ներու գե­ղեց­կութեամբ, ար­բե­ցած՝ խունկի ոլո­րապ­տոյտ բոյ­րով, գի­տեն որ Հա­յերը Արե­ւել­քի քրիս­տո­նեաներ են։ Անոնք անոնցմէ են, որոնք իսլմա­պաշտնե­րու նախընտրած թի­րախ­ներն են։ Անոնց­մով եւ անո՛նց շնոր­հիւ՝ մեր սրտե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­գան­գէ քրիս­տո­ն­եայ Արե­ւել­քը»։