Ֆրանսայի մէջ Փայլանի կատարած յայտարարութիւնները իրարանցում ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ

09 de febrero de 2018

Paylan-FranceԹուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած էր, որ մեծ մտավախութիւններ ունի Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութիւններէն վնասուող խաղաղ բնակչութեան վիճակին վերաբերեալ եւ կատարուածը համեմատած էր աւելի քան մէկ դար առաջ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հետ:

«100 տարի առաջ նոյն բանը կ՛ընէին հայերուն նկատմամբ, եւ ատիկա յանգեցուց Հայոց ցեղասպանութեան, ես` իբրեւ հայ, Աֆրինի վերաբերեալ մեծ վախեր ունիմ», ըսած էր Փայլան:

Հայազգի երեսփոխանի այս խօսքերը մեծ իրարանցում յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ, երկրի իշխանամէտ մամուլը զինք մեղադրած է կողմնակալութեան, սուտ տեղեկութիւններ տարածելու եւ Թուրքիոյ դէմ ատելութիւն սերմանելու համար:

Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքն ալ սուտ որակած է նախապէս Աֆրինի մէջ հայ երիտասարդի մահուան մասին լուրն ու լուրին տարածման համար մեղադրած է Փայլանի կուսակցութիւնը:

Թրքական «Սթար» օրաթերթն ալ, իր կարգին,«Հայազգի Փայլանը Ֆրանսայի մէջ ատելութիւն կը փսխէ Թուրքիոյ վրայ» խորագիրով յօդուածին մէջ գրած է, որ ընդդիմադիր երեսփոխանը «կը շարունակէ ցեղասպանութեան մասին 100-ամեայ սուտը»:

Բացի ատկէ, թրքական մամուլը պնդած է, որ Փայլան կողմնակալութիւն կը դրսեւորէ ու կը լռէ քիւրտ զինեալներու կողմէ թիրախաւորուող խաղաղ բնակիչներու մահերուն մասին: