Ֆրանսա. Արցախի օրերը կը շարունակուին Լէ-Փէն-Միրապոյի մէջ

15 de enero de 2018

Dias-de-Artsaj-FranciaԱրցախի Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագրեր կնքած ֆրանսական քաղաքներու մէջ կը շարունակուի մշակութային բազմապիսի ձեռնարկներու շարքը «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր»-ու ծիրին մէջ: Կարգը հասած է Մարսիլիոյ Լէ-Փէն-Միրապօ քաղաքին, որ այս օրերուն լեցուած է արցախեան մշակոյթի շունչով: Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Մարսիլիա, կը վկայէ.

 “Կայացել է ֆրանսահայ իրաւաբան Ժիրայր Կերկերեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. Անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ» գրքի շնորհանդէսն ու քննարկումը։ Ինքս մասնակցել եւ ներկայացրել եմ ղարաբաղա-ադրբեջանական հակամարտութեան պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը, Արցախի պետական ինստիտուտների առանձնայատկութիւնները եւ տնտեսական յաջողութիւնները։ Ներկաների կողմից եղել են հարցեր՝ ուղղուած թէ՛ ինձ եւ թէ՛ Ժիրայր Կերկերեանին։

Օրինակ, հանդիպմանը ներկայ սենատորն ինձ հարցրեց, թէ ինչ զիջումների է պատրաստ Արցախը, ես նշեցի, որ այս պահին Արցախի Հանրապետութիւնը բանակցութիւնների պաշտօնական կողմ չէ, եւ մեզ հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ առաջարկ չեն ներկայացրել։ Շեշտադրեցի նաեւ, որ, այնուամենայնիւ, Արցախի ժողովուրդը պատրաստ է վերջնական խաղաղութեան հասնելուն միտուած բանակցութիւնների, սակայն պատրաստ չէ իր տարածքների ու անվտանգութեան հաշուին զիջումներ կատարել։ Հարցեր եղան նաեւ Ադրբեջանի կողմից իրականացուող հայատեաց պետական քաղաքականութեան ազդեցութեան, Արցախի աշխարհաքաղաքական նշանակութեան եւ այլ թեմաների վերաբերեալ”։

Գիրքի ներկայացման զուգահեռ կազմակերպուած է ֆրանսացի լուսանկարիչ Իվան Թրաւերի աշխատանքներու ցուցահանդէս` արցախեան թեմայով: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է քաղաքապետուհի Մոնիք Սլիսա` իր աշխատակազմով, շրջանի ծերակուտականը, Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հիւրեր, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Լէ-Փէն-Միրապօ քաղաքին մէջ ձեռնարկները սկսան Յունուար 6-ին, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախկին երեսփոխաններու, տարբեր գործիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ընդունելութեամբ: Հայկական երգ ու պարը ներկայացուցած է Փարիզէն հրաւիրուած հայկական մշակութային խումբը: Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսէ հանդիպիլ տեղի հայ համայնքի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ քննարկելու համար համագործակցութեան շարք մը ծրագրեր:

Նշուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի Հայկական մշակութային միութիւնը շապիկներու վաճառքի միջոցով դրամահաւաքի նախաձեռնած է Արցախի մէջ ծառայող զինուորներուն օժանդակելու համար: