Ֆրանսիս Պապը եկեղեցական դոկտորի կոչում շնորհեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին  

24 de febrero de 2015

stgregoryՎատիկանի պաշտօնական ռատիոկայանը իր կայքէջին վրայ կը յայտնէ, թէ Հռոմի Ֆրանսիս Պապը Եկեղեցական Դոկտորի Կոչում խնորհաց է Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Գրիգոր Նարեակացիին։ Ֆրանսիս Պապը իր որոխումը կայացուցած է խորհրդակցելէ ետք Վատիկանի Սուրբերու հարցերու համախմբումի տեսուչ Կարտինալ Անճելօ Ամաթոյի հետ։

Եկեղեցական Դոկտորի կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ այդ կոչման արժանացաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որուն Կաթոլիկ աշխարհի մէջ կը համեմատեն Սուրբ Օգուստինի հետ` հաշուի առնելով առաջին հերթին ոչ թէ  աշխատութիւններու քանակը, այլ ազդեցութիւնը հաւատացեալներու մէջ:

Նշենք, որ 2015-ի Յունուարին, Վատիկանի մէջ աւարտեցաւ Սուրբերու միաբանութեան ժողովը, որուն ժամանակ անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկուեցան Հռոմի պապի յայտարարութեան համար, որով ան պիտի յայտնէր, թէ ով պիտի ստանայ եկեղեցական դոկտորի կոչում: Այդ ժողովին առաջարկուած էր Գրիգոր Նարեկացիի անունը։

Նարեկացի մեծապէս նպաստած է հայ առաքելական եկեղեցւոյ զարգացման: Նարեկավանքը, ուր ուսանած է Գրիգոր Նարեկացին, 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հիմնովին աւերուած է։
Գրիգոր Նարեկացին 951-1003 ականաւոր աստուածաբան է եւ հայ հոգեւոր գրականութեան անզուգական ներկայացուցիչներէն մէկը:

Անոր ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են շատ լեզուներով, իսկ 1984 թուականին երգահան Ալֆրետ Շնիթկեն Նարեկացիի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ գրած է երաժշտական գործ երգչախումբի համար:

Նարեկացիի գլուխ-գործոցը «Մատեան Ողբերգութեան» երկարաշունչ բանաստեղծութիւնն է՝ բաղկացած 95 գլուխներէ (բանք), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը սկսի «Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» տողով:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Նարեկացի միայն 52 տարի ապրեցաւ, ան գրական եւ իմաստասիրական հարուստ ժառանգութիւն մը ընծայաբերեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան գանձարանին։