10-11 ­Յու­նո­ւար 1920. ­Մա­րա­շի հա­յու­թիւ­նը հե­րո­սա­բար կը դի­մադ­րէ քե­մա­լա­կան զօր­քի ցե­ղաս­պա­նա­կան խու­ժու­մին

11 de enero de 2018

Marash histórica98 տա­րի ա­ռաջ, ­Յու­նո­ւար 10-11ի այս օ­րե­րուն, ­Կի­լի­կիոյ հա­յա­շատ կեդ­րոն­նե­րէն Մա­րա­շի մէջ, 1915ի տա­րագ­րու­թե­նէն եւ ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն մա­զա­պուրծ փրկո­ւած, այ­նու­հե­տեւ 1918ի ­Դաշ­նա­կից­նե­րու յաղ­թա­նա­կէն ետք հայ­րե­նի տուն վե­րա­դար­ձած հա­յու­թիւ­նը ստի­պո­ւե­ցաւ զէնք բարձ­րաց­նե­լու եւ հե­րո­սա­բար դի­մադ­րե­լու քե­մա­լա­կան զօր­քի խու­ժու­մին՝ թրքա­կան պե­տու­թեան ձեռ­նար­կած, բայց ա­նա­ւարտ մնա­ցած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով։

Մա­րաշ գա­ւա­ռի ա­ւե­լի քան 64 հա­զար հա­յե­րէն միայն 30 հա­զա­րը վե­րապ­րած էր թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած 1915ի պար­տա­դիր տա­րագ­րու­թե­նէն։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ար­հա­ւիր­քին մէջ, ինչ­պէս ­Կի­լի­կիոյ միւս շրջան­նե­րու հա­յու­թեան պա­րա­գա­յին, նոյն­պէս եւ ­Մա­րա­շի հա­յու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րու կա­րե­ւոր թիւ մը մաս­նակ­ցած էր ­Հայ­կա­կան ­Լե­գէո­նի մղած կռիւ­նե­րուն՝ ­Դաշ­նա­կից­նե­րու կող­քին։ ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ եւ Ֆ­րան­սա­յի մի­ջեւ կնքո­ւած եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը ա­նոնց «հո­գա­տա­րու­թեան» են­թա­կայ գօ­տի­նե­րու բաժ­նող ­Սայ­քըս-­Փի­քո­յի գաղտ­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին հի­ման վրայ, ­Կի­լի­կիան յանձ­նո­ւած էր ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թեանց։ Իսկ կրտսեր դաշ­նա­կի­ցի կար­գա­վի­ճա­կին մէջ յայտ­նո­ւած վե­րապ­րող հա­յու­թեան «շնոր­հո­ւած էր» հայ­րե­նի տուն վե­րա­դառ­նա­լու… ի­րա­ւուն­քը։

Այդ «շնոր­հո­ւած ի­րա­ւունք»ին սպա­սե­լու պէտք չու­նէր, ան­շուշտ, ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան վե­րապ­րող զան­գո­ւա­ծը, որ սու­րիա­կան ա­նա­պատ­նե­րէն եւ ­Հա­լէ­պէն բռնեց հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձի ճամ­բան։ ­Մա­րա­շի հա­յու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­պահ­նե­րէն ե­ղաւ, ո­րով­հե­տեւ Ա­տա­նա նա­հան­գի վար­չա­կան կեդ­րո­նը ըլ­լա­լով՝ ­Մա­րաշ քա­ղա­քը կը հան­դի­սա­նար Կի­լի­կիոյ տնտե­սա­պէս ա­մէ­նէն աշ­խոյժ կեդ­րո­նը։

Իր տան ու գոր­ծին վե­րա­դառ­նա­լու հայ մար­դուն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եր­կար չտե­ւեց սա­կայն։ ­Միեւ­նոյն Ֆ­րան­սան՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան փլա­տակ­նե­րուն վրայ նոր Թուր­քիոյ վե­րա­ձեւ­ման հե­տա­մուտ մե­ծա­պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հա­շո­ւարկ­նե­րով՝ գաղտ­նի գոր­ծար­քի մէջ մտաւ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի նո­րա­յայտ շար­ժու­մին հետ… հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ տա­րած­քէն զի­ջում­ներ խոս­տա­նա­լով եւ, փո­խա­րէ­նը, ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­ներ ստա­նա­լով։

Քա­ղա­քա­կան այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, քե­մա­լա­կան զօր­քը 1920ի ա­ռա­ջին իսկ օ­րե­րէն ձեռ­նար­կեց յար­ձա­կում­նե­րու՝ ֆրան­սա­կան զօր­քե­րու եւ հայ լե­գէո­նա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան տակ գտնո­ւող ­Մա­րա­շի վրայ։ ­Հա­կա­ռակ ֆրան­սա­կան «հո­գա­տար» իշ­խա­նու­թեանց ձեռն­պահ կե­ցո­ւած­քին, ­Մա­րա­շի հա­յու­թիւ­նը լծո­ւե­ցաւ իր ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մին։ ­Յու­նո­ւար 10-11ին բռնկե­ցան կռիւ­նե­րը եւ տե­ւե­ցին ամ­բողջ քսան օր՝ հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան պատ­մա­կան էջ մը կտա­կե­լով հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։

Թէ՛ քա­ղա­քա­կան եւ թէ ռազ­մա­կան ա­ռում­նե­րով՝ ­Մա­րա­շի հե­րո­սա­մար­տը էա­պէս Ի­մա­ցեալ ­Մա­հով Ան­մա­հու­թիւ­նը նո­ւա­ճե­լու ընտ­րանք մըն էր ­Մեծ Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թեան հա­մար։ Ու­ժե­րը ան­հա­ւա­սար էին, իսկ ­Կի­լի­կիոյ ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հայ­կա­կան յոյ­սե­րը քա­ղա­քա­կան հե­ռան­կար չու­նէին։ ­Բայց Հա­յաս­պա­նու­թիւ­նը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով յար­ձա­կող քե­մա­լա­կան զօր­քին դէմ սե­փա­կան ու­ժե­րու վեր­ջին լա­րու­մով կռիւ մղե­լէ զատ ելք մնա­ցած չէր հա­յու­թեան հա­մար։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ եւ գրո­ւե­ցաւ ­Մա­րա­շի հե­րո­սա­պա­տու­մը։

Ք­սա­նօ­րեայ դի­մադ­րու­թիւ­նը վերջ գտաւ, երբ ֆրան­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ո­րո­շե­ցին պար­պել ­Կի­լի­կիան ու ա­ռա­ջին հեր­թին ­Մա­րա­շը։ ­Շուրջ 15 հա­զար հա­յեր հե­տե­ւե­ցան ֆրան­սա­կան հե­ռա­ցող զօր­քին, բայց ցմրան ա­մէ­նէն ցուրտ ե­ղա­նա­կին հե­տիոտն այդ նա­հան­ջը շատ ծանր… ար­ժեց։ 12էն 13 հա­զար հա­յեր բա­ռա­ցիօ­րէն սա­ռե­ցան եւ մա­հա­ցան նա­հան­ջի ճամ­բուն վրայ։

Մա­րա­շի գիւ­ղերն ու քա­ղա­քը մնա­ցած շուրջ քսան հա­զար հա­յե­րուն վի­ճա­կո­ւե­ցաւ քե­մա­լա­կան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը։ 7 ­Մարտ 1920ին ­Պոլ­սոյ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տու­նէն ղրկո­ւած ­Մա­րա­ջախտ տը ­Ռո­պէ­քի ծած­կա­գիր զե­կոյ­ցէն ի յայտ կու գայ, որ ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռին մէջ 18 հա­զար հայ կո­տո­րո­ւե­ցաւ եւ միայն եր­կու հա­զար հո­գի կրցաւ փրկո­ւիլ ու ա­պաս­տա­նիլ մեր­ձա­կայ Ա­տա­նա քա­ղա­քը։

Մա­րա­շի հա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւած կո­թո­ղա­կան գործ մը լոյս տե­սաւ 1980ա­կան­նե­րուն, Մ. Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Ս­թէն­լի Ի. ­Քեր­րի հե­ղի­նա­կու­թեամբ եւ «­Մա­րա­շի Ա­ռիւծ­նե­րը» խո­րագ­րով։ Այդ գոր­ծով ալ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցան ա­նունն ու յի­շա­տա­կը հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց ա­ւա­նին ու քա­ղա­քին։

Ներ­կա­յիս ­Քահ­րա­ման­մա­րաշ ա­նուա­նո­ւած ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռը (որ պատ­մու­թեան ծա­նօթ է ­Գեր­մա­նիկ, ­Գեր­մա­նի­կա, ­Մա­րաշ, ­Մա­րա­շայ աշ­խարհ եւ ­Մա­րա­շու գա­ւառ ա­նուն­նե­րով) կը գտնո­ւի ­Կի­լի­կիոյ Ա­տա­նա նա­հան­գին մէջ։ 1880էն յե­տոյ կա­տա­րո­ւած օս­մա­նեան վար­չա­կան բա­ժա­նու­մով մտած էր ­Հա­լէ­պի նա­հան­գի կազ­մին մէջ։ ­Կեդ­րո­նը ­Մա­րաշ քա­ղաքն Էր։ ­Սահ­ման­ներն էին` հա­րա­ւէն` ­Հա­լէ­պի, ա­րե­ւել­քէն՝ ­Խար­բեր­դի, հիւ­սի­սէն՝ Սե­բաս­տիոյ նա­հանգ­նե­րը, ա­րեւ­մուտ­քէն՝ Ա­տա­նա­յի գա­ւա­ռը: ­Կազ­մո­ւած էր 5 գա­ւա­ռակ­նե­րէ եւ 552 գիւ­ղե­րէ. ­Մա­րա­շի գա­ւա­ռակ­ներն էին՝ ­Մա­րաշ, ­Զէյ­թուն, Ալ­պիս­թան, Անտ­րու­նի (Ան­տէ­րու­նի) եւ ­Պա­զար­ճաք:

Մա­րա­շը 10րդ ­դա­րու վեր­ջե­րուն ու­նե­ցած է 178 հա­զար բնա­կիչ, ո­րուն 50 հա­զա­րը` հայ, իսկ մնա­ցա­ծը` թուրք, քիւրտ եւ ա­րաբ էին։ Իսկ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը ու­նէր 18.105 քառ. քմ. տա­րածք, ո­րուն 105.100 հեկ­տա­րը մշա­կե­լի հո­ղեր, իսկ 45 հա­զար հեկ­տա­րը ան­տառ­ներ էին: ­Գա­ւա­ռի մե­ծա­գոյն մա­սը լեռ­նա­յին է: Ջ­րա­ռատ է, գե­տե­րով հա­րուստ. գլխա­ւոր գե­տը ­Ճա­հան (­Փի­ռա­մոս) գետն է:

Մա­րա­շի հա­յե­րը կը զբա­ղէին ցո­րե­նի, բամ­պա­կի, բրին­ձի եւ ծխա­խո­տի մշա­կու­թեամբ ու այ­գե­գոր­ծու­թեամբ, նաեւ՝ խա­ղո­ղա­գոր­ծութ­յամբ: Ու­նէր ըն­դար­ձակ ա­րօ­տա­վայ­րեր, ո­րոնք կե­րի բնա­կան շտե­մա­րան­ներ էին շրջուն ա­նաս­նա­պա­հու­թեան հա­մար։ Բ­նակ­չու­թեան մէկ մա­սը կը զբա­ղէր նաեւ ար­հեստ­նե­րով (ա­տաղ­ձա­գոր­ծու­թիւն, կա­ւա­գոր­ծու­թիւն, թամ­բա­գոր­ծու­թիւն)։ ­Կան եր­կա­թի, վար­դա­գոյն եւ սեւ մար­մա­րի հան­քեր: ­Յայտ­նի են ­Զէյ­թու­նի, Ալ­փիս­տա­նի, ­Մա­րա­շի հան­քա­յին ջու­րե­րը: