“Ծառուկեան” Դաշինքը նախագահի թեկնածու չունի

31 de diciembre de 2017

TsaroukianԳԻՒՄՐԻ, «Ազատութիւն».- Գագիկ Ծառուկեան Հինգշաբթի, 28 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին բացասական պատասխան տուաւ «Ազատութեան» լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք «Ծառուկեան» դաշինքը նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ՞:

«"Ծառուկեան" դաշինքը երբեք ու երբեք չի պարտուելու: Եթէ մեր քանակը այսօր քիչ է, ինչի՞ հիման վրայ մենք պէտք է դնենք, ուզում եմ մի հատ հասկանամ: Եթէ մերը 31 պատգամաւոր է՝ հարկաւոր է 75ը, ինչի՞ համար պէտք է դնենք: Մենք մեր ծանր տեղը երբեք չենք թեթեւացնելու», յայտարարեց դաշինքի առաջնորդը:

Փոփոխուած Սահմանադրութեամբ՝ յառաջիկայ Ապրիլէն երկրի առաջին պաշտօնեան ոչ թէ նախագահը պիտի ըլլայ, այլ՝ վարչապետը: Նախագահը պիտի ընտրուի Ազգային ժողովին կողմէ՝ 7 տարի ժամկէտով: Նախագահ կ՛ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի երեք քառորդի, այսինքն՝ 105էն առնուազն 79ին ձայները:

Յիշեցնենք, որ 9 հոգիէ բաղկացած «Ելք» ընդդիմադիր խմբակցութիւնը որոշած է նախագահի թեկնածու առաջադրել պատգամաւոր Արտակ Զէյնալեանը եւ գրաւոր կերպով դիմած է 31 պատգամաւոր ունեցող «Ծառուկեան» խմբակցութեան՝ առաջարկելով Զէյնալեանի թեկնածութեան առաջադրման հարցով խորհրդակցութիւններ ունենալ: