2020ին Արցախը Հայաստանին կապող 3րդ ճանապարհը պիտի կառուցուի

30 de julio de 2019

Ե­ՐԵՒԱՆ.- Հա­յաստա­նի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրի­գո­րեան «Ա­զա­տութիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը կը ծրագրէ 2020ին, մինչեւ 150 քի­լո­մեթր ճա­նա­պարհ կա­ռուցել՝ Արցա­խը Հա­յաստա­նին կա­պող:
Ան ը­սաւ, որ հա­մա­պա­տասխան ո­րո­շումը արդէն տրուած է:
«Հա­րաւա­յին ուղղութեամբ ճա­նա­պարհ՝ Կա­պա­նէն մինչեւ Հադրութ կը քննարկուի, եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ տա­րուան վերջը մենք պի­տի ամփո­փենք այս քննարկումնե­րը եւ արդէն պի­տի ունե­նանք ճա­նա­պարհա­յին քարտէս մը եւ ի­մա­նանք, թէ ինչպէս պի­տի կա­ռուցենք այդ ճա­նա­պարհը», ը­սաւ Գրի­գո­րեան՝ աւելցնե­լով, որ կը նա­խա­տե­սուի ճա­նա­պարհը կա­ռուցել կարճ ժա­մա­նա­կի մը մէջ, 2020ին, եւ կա­ռուցման ֆի­նանսա­կան մի­ջոցնե­րը կան: