22 Հոկտեմբերին պիտի գումարուի Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ

18 de octubre de 2018

parlamentoՀայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախաձեռնութեամբ 22 հոկտեմբերին պիտի գումարուի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ:

Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու, ինչպէս նաեւ հանրաքուէի մասին սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցերը:

16 հոկտեմբերին Կառավարութիւնը Ազգային ժողովին առաջարկեց 22 հոկտեմբերին արտահերթ նիստ գումարել` Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ծրարը քննարկելու հարցով: Նոյն օրը կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներու ծրարին:

Հիմնական զեկուցող արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան նշեց, որ ծրարին կարեւորագոյն նպատակը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական ընտրական հաստատութեան կայացումն է: