27 Յուլիս 1983. Լիզպոնի Հինգին գերագոյն անձնուիրումը հայոց արդար ցասումին մշտագոռ արձագանգն է… Յաւերժին մէջ

30 de julio de 2019

1983 թուա­կա­նի Յուլիս 27ի օ­րը ա­րեամբ գրուած անջնջե­լի թուա­կան մը դարձաւ հայ ժո­ղո­վուրդի մե­րօ­րեայ պատմութեան մէջ՝ խորհրդանշե­լով Հայ Դա­տի ուժա­կան պայքա­րին նո­րա­գոյն զարթօնքին ա­րեւա­մա­րը…
Յուլիս 27ի այս օ­րը, 36 տա­րի ա­ռաջ, Փորթուկա­լի մայրա­քա­ղաք Լիզպո­նի մէջ, թրքա­կան դեսպա­նութեան պատկա­նող հա­մա­լի­րը թա­տե­րա­բեմ դարձաւ հայկա­կան իւրօ­րի­նակ Ողջա­կիզման։
Հինգ ե­րի­տա­սարդ հա­յորդի­ներ, ՀՅԴ Լի­բա­նա­նի Ե­րի­տա­սարդա­կան Միութեան անդամներ, յա­նուն Հայ Դա­տի պա­հանջա­տի­րութեան, ուժա­նա­կով պայթե­ցուցին եւ օ­դը հա­նե­ցին թրքա­կան պե­տութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ ինքնասպա­նա­կան գործո­ղութեամբ մը եւ հե­րո­սա­կան գա­ղա­փա­րա­պաշտութեամբ ի­րենց գե­րա­գոյնը, դե­ռա­տի կեանքը նուի­րա­բե­րե­լով հա­յոց Ազգա­յին Դա­տին շուրջ քա­շուած լռութեան պա­տը քանդե­լու պայքա­րին։
«Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Բա­նակ»ին զի­նուո­րագրուած գա­ղա­փա­րի մարտիկներ էին Ա­րա Քըրճը­լեան, Վա­չէ Տաղլեան, Սի­մոն Եահնիեան, Սեդրակ Ա­ճէ­մեան եւ Սարգիս Աբրա­հա­մեան։ Սի­մոն նա­հա­տա­կուե­ցաւ գործո­ղութեան ա­ռա­ջին փուլին, դեսպա­նութեան հա­մա­լի­րը գրաւե­լու գրո­հի ընթացքին։ Ա­րա, Վա­չէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշա­ցան միա­նա­լու մարտի­րո­սա­ցած ի­րենց ընկե­րոջ՝ մեր սե­րունդնե­րուն կտա­կե­լով Գե­րա­գոյն Զո­հա­բե­րութեան ու Ողջա­կիզման ո­գեշնչող աւանդը յա­նուն Ազգի եւ Հայրե­նի­քի վե­րա­տի­րացման հա­յոց մշտա­նո­րոգ պայքա­րին։
Այդպէ՛ս, 1983ի Յուլիս 27, Հայ Դա­տի ուժա­կան պայքա­րին
սփիւռքեան շղթա­յա­զերծումը ամբողջա­ցուց իր կենսա­ծի­րը՝ Հայկա­կան Պա­հանջա­տի­րութեան երկնա­կա­մա­րին վրայ խորհրդանշե­լով վերջին բո­ցա­վա­ռումը սքանչե­լի Սե­րունդի մը մարտունա­կութեան մայրա­մուտին:
1975ին, Մեծ Ե­ղեռնի վաթսունա­մեա­կին ա­ռի­թով, Հայ Դա­տի ուժա­կան պայքա­րին կի­զիչ ա­րեւը անսպա­սե­լիօ­րէն ծա­գե­ցաւ ազգա­յին¬ա­զա­տագրա­կան պայքարնե­րու հո­րի­զո­նին վրայ եւ, ա­մե­նայն ճա­ռա­գայթումով, Ի­րաւունքի եւ Արդա­րութեան իր բո­ցա­վառ ճշմարտութիւնը տա­րա­ծեց ա­մէ­նուր։
Ութ տա­րի շա­րունակ, թրքա­կան ցե­ղասպան պե­տութեան դիւա­նա­գի­տա­կան ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն դէմ ուղղուած իր պարբե­րա­կան՝ այլեւ հե­տեւո­ղա­կան հա­րուածնե­րով, Հայ Դա­տի ուժա­կան պայքա­րը փշրեց ա­նարգ լռութեան պա­տը եւ հրկի­զեց հա­յասպան ուրա­ցումի ու մե­ծա­պե­տա­կան պա­տե­հա­պաշտութեան խաւա­րա­նիստ բո­լոր որջե­րը։
Հայ Դա­տին մի­ջազգա­յին այժմէա­կան հնչե­ղութիւն ա­պա­հո­ված այդ հա­տու հա­րուածնե­րուն վերջի­նը ե­ղաւ Լիզպո­նի ողբերգա­կան գործո­ղութիւնը եւ, իբրեւ այդպի­սին, խորհրդանշեց մայրա­մուտը պա­հանջա­տի­րա­կան պայքա­րի ուժա­կան ա՛յդ ե­ղա­նա­կին, որ իր նպա­տա­կին հա­սաւ՝ Հայկա­կան Ցե­ղասպա­նութեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պարտումը, մա­նաւանդ հայ ժո­ղո­վուրդին քա­ղա­քա­կան արդար հա­տուցում կա­տա­րե­լու Թրքա­կան Պարտքը այժմէա­կան օ­րա­կարգի վե­րա­ծե­լով։
Շատ գրուած է եւ տա­կաւին երկար ժա­մա­նակ ու միշտ պի­տի գրուի Լիզպո­նի Հինգին մա­սին, ա­նոնց գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րութեան մէջ խտա­ցած գա­ղա­փա­րա­կան անկորնչե­լի խորհուրդին եւ պատգա­մին մա­սին։
Ա­նոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժո­ղո­վուրդին դէմ թրքա­կան պե­տութեան գործադրած ցե­ղասպա­նութե­նէն վե­րապրած, հայրե­նա­զուրկ դարձած հայրե­րու, ո­րոնք կրցան յաղթա­հա­րել տա­րագրութեան հետ ե­կած կեանքի դառնութիւններն ու դժուա­րութիւննե­րը, ճա­շա­կե­ցին հիւղաւաննե­րու եւ թի­թե­ղա­շէն դպրոցնե­րու անձուկ դա­ժան պայմաննե­րը եւ, այդ բո­լո­րով հանդերձ՝ կրցան հա­յու աշխա­տա­սի­րութեան, ձեռնե­րէ­ցութեան ու ստեղծա­գործ ո­գիին կենսա­յորդ աշխուժութիւնը մարմնաւո­րել եւ ազգա­յին ու պա­հանջա­տի­րա­կան շունչով սե­րունդ թրծել։
Ա­րա, Վա­չէ, Սի­մոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Թուրքիոյ գործադրած ցե­ղասպա­նութե­նէն վե­րապրած տա­րա­գիր հա­յութեան երրորդ սե­րունդին կը պատկա­նէին։ Ա­մէն ի­րաւունք ունէին եւ ա­մէն հնա­րաւո­րութիւն ստեղծած էին կեանքին փա­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու ի­րենց աշխա­տանքին պտուղնե­րը, բայց Ազգի եւ Հայրե­նի­քի սպանդին ու տե­ղա­հա­նութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խո­րա­գոյն խո­ցը, այլեւ՝ հայկա­կան Ի­րաւունքին ու Արդա­րութեան դէմ հիւսուած Լռութեան Պա­տը մեծ «Օ­տա­րա­կան»նե­րու վե­րա­ծած էր ա­նոնց ամբողջ սե­րունդը։
Սե­փա­կան ու մայրե­նի լե­զուով եւ մշա­կոյթով լիարժէք ապրե­լու եւ ա­րա­րե­լու ներքին կրա­կը, պա­պե­նա­կան հո­ղին վրայ հա­յա­շունչ կեանք ու ա­զատ ա­պա­գայ կերտե­լու եւ վա­յե­լե­լու բուռն պա­հանջը եւ, մա­նաւանդ, ա­րեւուն տակ հա­յու հպարտութեամբ քա­լե­լու անյագ ծա­րաւը Լիզպոն ա­ռաջնորդե­ցին գրո­հա­յին մարտունա­կութիւնը Հինգ Խենթե­րուն, որպէսզի ի­րենց ՊԱՏԳԱ­Մը ա­ռաւե­լա­գոյն ուժա­կա­նութեամբ փո­խանցեն նախ սե­փա­կան ժո­ղո­վուրդի ի­րենց սերնդա­կիցնե­րուն, ա­պա՝ ցե­ղասպան թրքա­կան պե­տութեան ժա­ռանգորդնե­րուն եւ, վերջա­պէս, լուռ ու անտարբեր հա­յեացքով հա­յոց ողբերգութեան նա­յող մե­ծա­պե­տա­կան աշխարհին:
Ո­րո­շա­կի ժա­մա­նակ պէտք ե­ղաւ, որպէսզի Լիզպո­նի Հինգին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րութիւնը հա­յե­րուս եւ ողջ աշխարհին հասկնա­լի դառնայ ի­րենց իսկ խոստո­վա­նութեամբ՝ նախքան գրո­հը կա­տա­րուած տե­սագրութեամբ.
– «Ա­ռանց հայրե­նի­քի, ա­ռանց մայր հո­ղին՝ ո՛չ ա­պա­գայ կայ, ո՛չ կեանք, ո՛չ ընտա­նիք կ՛ըլլայ: Ա­ռանց մայր հո­ղին, ա­ռանց ազգին, ո­րեւէ ընտա­նիք գո­յութիւն չ՛ունե­նար»,¬ հաւա­տաց Ա­րա։
– «Շատ հպարտ եմ, որ հայ ծնած եմ, ո­րովհե­տեւ հայ պի­տի մեռնիմ: Շատ ուրախ եմ այս գործո­ղութեամբ: Հի­մա մեր ապրած կեանքը իսկա­պէս որ կեանքէ զատ՝ ա­մէն ինչի կը նմա­նի: Կ՛ապրինք ուրի­շին տի­րա­պե­տութեան տակ, ուրի­շին խա­մա­ճիկներն ենք», աւելցուց Սի­մոն:
– «Ինչպէս որ կ՛ը­սէ երգը՝ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Ա­յո՛, մենք խենթեր ենք, բայց չա­կերտեալ խենթեր: Ե­կէ՛ք, միա­ցէ՛ք մե­զի: Կը հաւա­տամ, որ կը տի­րա­նանք մեր հայրե­նի­քին», յայտա­րա­րեց Սա­գօ։
– «Ես բնա­կան մա­հով պի­տի չմեռնիմ. զո­հը պի­տի չըլլամ ճա­կա­տագրի խա­ղե­րուն: Ես Հայ Դա­տի զի­նուոր եմ. կեանքս պի­տի զո­հեմ այդ ճամբուն վրայ», ընդգծեց Վա­չէ։
– «Մենք ա­ռա­ջիննե­րը չենք, որ կը քա­լենք, մեզմէ ա­ռաջ շա­տեր քա­լած են եւ կը յուսամ, որ մեզմէ աւե­լի լաւերն ալ պի­տի գան, մեզմէ աւե­լի գործեր պի­տի ը­նեն», պատգա­մեց Սեդրա­կը։
Ա­հա ա՛յս հաւատքով «արշաւե­ցին Լիզպոն զո­հուած քաջ ընկերներ»ը։
Այդպէ՛ս, Լիզպո­նի մարտի­րո­սա­ցումը դարձաւ նո­րօ­րեայ վկա­յութիւնը «ի­մա­ցեալ մա­հով անմա­հութիւնը նուա­ճե­լու» հայ ազգա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սութեան։
Ե­ղա՛ւ պատգա­մա­բե­րը ա­զատ, անկախ ու միա­ցեալ Հա­յաստա­նէն դուրս կեանքի բո­լոր հե­ռանկարնե­րը մերժե­լու նոր ժա­մա­նակնե­րու Հա­յու յե­ղա­փո­խա­կան անդառնա­լի ուխտին։
Խորհրդանշե՛ց դաշնակցա­կան պատրաստա­կա­մութիւնը՝ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րութեան անձնա­կան օ­րի­նա­կով շրջե­լու պատմութեան թաւալգլոր անկումի ա­նիւը եւ վե­րա­հաստա­տե­լու հա­յոց ազգա­յին արժա­նաւո­րութիւնը, սե­փա­կան ուժով վե­րա­կանգնե­լու անփո­խա­րի­նե­լի Ի­րաւունքն ու Արդա­րութիւնը։
27 Յուլիս 1983ը հա­յոց յուշա­տետրին Լիզպո­նի Ողջա­կիզման խորհրդա­նիշ էջն է։
Օրն է՝ յա­նուն Հայ Դա­տին եւ Ա­զատ, Անկախ ու Միա­ցեալ Հա­յաստա­նի նուա­ճումին գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րութեան պատրաստ գտնուե­լու ամբողջ սե­րունդի մը անկորնչե­լի պատգա­մին, ա­րեամբ նուի­րա­գործած գա­ղա­փա­րա­կան յանդգնութեան։
Եւ տա­րագրութեան դա­տա­պարտուած հա­յը, այսօր թէ վա­ղը, երբ իր զաւակնե­րուն հա­յե­ցի շունչ ու գա­ղա­փա­րա­կան թռիչք կը նե­րարկէ, անպայման պի­տի յի­շէ եւ միշտ պի­տի յի­շեցնէ օ­րի­նա­կը Լիզպո­նի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձա­գանգող պոռթկումը հա­յոց արդար ցա­սումին։
Այսօր հայ ժո­ղո­վուրդը իր հո­գիին խո­րը հո­գե­հանգստեան պաշտօն կը կա­տա­րէ եւ կը խո­նարհի յի­շա­տա­կին առջեւ Ազգի ու Հայրե­նի­քի ա­զա­տութեան եւ անկա­խութեան բա­գի­նին զո­հա­բե­րուած Ողջա­կէզնե­րուն՝ Ա­րա­յին, Վա­չէին, Սի­մո­նին, Սեդրա­կին եւ Սա­գո­յին։
Լիզպո­նի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջի­ջը ողջա­կի­զուե­ցաւ 36 տա­րի ա­ռաջ, որպէսզի Ա­նոնց Գե­րա­գոյն Զո­հա­բե­րութեան օ­րի­նա­կը՝ իբրեւ ո­գեշնչող անմար կրակ՝ իւրա­քանչիւր հա­յու մէջ կռա­նէ կամքը եւ ուժը մինչեւ վերջին շունչ պայքա­րե­լու պատրաստա­կա­մութեան, ընդդէմ հա­մա­կերպումի եւ պարտուո­ղա­կա­նութեան, յուսալքումի եւ անձնա­տուութեան ա­մէն կարգի փորձութեանց,
որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժո­ղո­վուրդին դէմ թրքա­կան պե­տութեան գործադրած ցե­ղասպա­նութիւնը եւ արժա­նաւո­րա­պէս տէր կանգնինք Ազգն ու Հայրե­նի­քը ամբողջա­կան ա­զա­տագրութեան ա­ռաջնորդե­լու գա­ղա­փա­րա­կան մեր մե­ծա­գոյն պարտքին։