Նազարէթ Պէրպէրեան

9 Յուլիսին, 1936 թուին, Աղասի Խանջեան առաջին հայ զոհը դարձաւ “ստալինեան մաքրագործումներ”ուն

09 de julio de 2018

Aghassi JandjianՅու­լիս 9ի այս օ­րը, 82 տա­րի ա­ռաջ, Թիֆ­լի­սի մէջ բրտօ­րէն կտրո­ւե­ցաւ 35ա­մեայ կեան­քի թե­լը Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նի, որ 20րդ դա­րաս­կիզ­բի հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու՝ յատ­կա­պէս ա­կա­նա­ռու պոլ­շե­ւիկ­նե­րու շար­քին իր ու­րոյն տե­ղը ու­նի իբ­րեւ նա­հա­տա­կո­ւած կեր­պա­րը հայ պոլ­շե­ւիկ-հա­մայ­նա­վար յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու սո­վե­տա­հայ-պե­տա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չի։

Խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րուն իսկ տա­րա­ծուած եւ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտած էր այն վար­կա­ծը, թէ Խան­ջեան սպան­նո­ւե­ցաւ Ս­տա­լի­նի մութ՝ ներ­քին գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար Բե­րիա­յի ձե­ռամբ։ Բայց այդ շրջա­նին պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւած էր հաս­տա­տել, թէ Ա­ղա­սի Խան­ջեան հար­ցաքն­նու­թեան եւ հա­ւա­տաքն­նու­թեան հա­մար Թիֆ­լիս կան­չո­ւած էր Բե­րիա­յի կող­մէ, ո­րուն գրա­սե­նեա­կին մէջ իբր թէ ատր­ճա­նա­կով ինք­նաս­պա­նու­թիւն գոր­ծե­լով՝ վերջ դրած էր իր կեան­քին…

Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նը սպան­նե­ցի՞ն, թէ՞ ինք­նաս­պան ե­ղաւ հար­ցը ան­շուշտ կը ներ­կա­յաց­նէ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Բայց յու­շա­տետ­րի ա՛յս օ­րո­ւան խոր­հուր­դը նո­ւի­րո­ւած է նո­րա­գոյն մեր պատ­մու­թեան Մ­շա­կու­թա­յին Ե­ղեռ­նը խորհր­դանշող Ս­տա­լի­նեան «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րուն», ո­րոնք 1936-1937ին մո­լեգ­նօ­րէն թափ ա­ռին Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ գլխա­տե­ցին մեր ազ­գա­յին մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը՝ ա­ռա­ջին հեր­թին գլու­խը ու­տե­լով Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նի։

Պատ­մու­թիւ­նը ար­ձա­նագ­րած է Խան­ջեա­նի քա­ղա­քա­կան վախ­ճա­նին մա­սին եր­կու հիմ­նա­կան ի­րո­ղու­թիւն.-
Ա­ռա­ջին՝ իբ­րեւ պոլ­շե­ւիկ-կո­մու­նիս­տի եւ «մար­տա­կան» յե­ղա­փո­խա­կա­նի հռչա­կին ար­ժա­նա­ցած «խորհր­դա­հայ հե­րոս»ի, 1928ին Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ղե­կին տի­րա­նա­լէ ետք, Ա­ղա­սի Խան­ջեան ամ­բաս­տա­նո­ւե­ցաւ եւ մե­ղադ­րո­ւե­ցաւ իբ­րեւ ազ­գայ­նա­կան քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի՝ «դաշ­նա­կիստ»ի եւ «Թ­րոց­քիստ»ի ու պաշ­տօ­նազր­կո­ւե­ցաւ, յե­տոյ ալ գնդա­կա­հա­րո­ւե­ցաւ։

Երկ­րորդ՝ ա­նոր մա­հէն քսան տա­րի ետք միայն, 1956ի Յու­լիս 17ին, Խ­րուշ­չո­վեան տի­րա­պե­տու­թեան օ­րե­րուն, Խան­ջեան պաշ­տօ­նա­պէս «ար­դա­րա­ցո­ւե­ցաւ»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտ­կո­մի նա­խա­գա­հու­թեան ո­րո­շու­մով։

Կը մնայ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս ի՛ր գնա­հա­տա­կա­նը կա­տա­րէ Ա­ղա­սի Խան­ջեան հայ գոր­ծի­չին՝ Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ար­ժե­չափ­նե­րուն հի­ման վրայ իր վճի­ռը կա­յաց­նե­լով ա­նոր ան­ձին ու գոր­ծին թէ՛ բա­ցա­սա­կան, թէ՛ դրա­կան հա­շո­ւեկշ­ռին վե­րա­բե­րեալ։

Ան­շո՛ւշտ, Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նի ող­բեր­գա­կան վախ­ճա­նը՝ իբ­րեւ «ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ու հա­յազ­գի պոլ­շե­ւիկ զո­հե­րէն մէ­կու՝ Ազ­գի եւ Հայ­րե­նի­քի հա­մար նա­հա­տա­կո­ւած հե­րո­սի լու­սապ­սա­կով կը զար­դա­րէ ա­նոր դէմ­քը։ Մա­նա­ւանդ որ 1936-1937ի «ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ուն զո­հա­բե­րո­ւած ու ող­բեր­գա­կան միեւ­նոյն վախ­ճա­նին դա­տա­պար­տո­ւած մեր մե­ծու­թիւն­նե­րը՝ Չա­րենցն ու Բա­կուն­ցը, ո­րո­շա­կի ա­ռու­մով նաեւ Մա­հա­րին, ոչ միայն վա­յե­լե­ցին Խան­ջեա­նի ուղ­ղա­կի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, այ­լեւ ի­րենց գրա­ւոր վկա­յու­թիւն­նե­րով օ­րին իսկ մե­ծա­րե­ցին Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին իշ­խա­նա­ւո­րին ազ­գա­յին վար­քա­գիծն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը։

Այ­սու­հան­դերձ՝ ար­դէն ժա­մա­նակն է ամ­բող­ջա­կան ճշմար­տու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին եւ վե­րար­ժե­ւո­րու­մին՝ ը­սե­լու հա­մար, որ ինչ­պէս Չա­րենց­նե­րը, նոյն­պէս եւ Խան­ջեան­նե­րը պա­տա­նե­կան գի­նո­վու­թեամբ տա­րո­ւե­ցան պոլ­շե­ւիզ­մի քան­դիչ մո­լեգ­նու­թեամբ, եւ այդ օ­րե­րու ի­րենց գի­նո­վու­թեամբ՝ հա­յոց ազ­գա­յին սրբու­թիւն­նե­րը քար­կո­ծե­ցին ու ոտ­նա­կո­խե­ցին եւ ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան-քա­ղա­քա­կան խա­բո­ւա­ծու­թեան ու մո­լա­րան­քին անդ­րա­դար­ձան շատ ուշ, միայն այն ա­տեն, երբ ար­դէն ի­րենց իսկ գլու­խը պա­հե­լու դժո­ւա­րու­թիւն ու­նէին, ո­րով­հե­տեւ հրէշ­ներ սնու­ցած էին մեր երկ­րի եւ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցին մէջ…

Այդ ա­ռու­մով շա­հե­կան ու խօ­սուն է վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին հրա­պա­րա­կո­ւած մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը Վա­հէ Ան­թա­նէ­սեա­նի, որ Խան­ջեա­նի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տագ­րին վե­րա­բե­րեալ իր մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը կը խտաց­նէ այս­պէ՛ս.
«Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նը ըմ­բոստ էր ու չէր կա­մե­նում Ս­տա­լին-­Բե­րիա զոյ­գի հլու կա­մա­կա­տա­րը լի­նել»…

Խան­ջեան Ղե­ւոն­դի Ա­ղա­սին ծնած է 30 Յու­նուար 1901ին Վան, ուր եւ ստա­ցած է իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։

Մեծ Ե­ղեռ­նի տա­րի­նե­րուն, Վա­նի պար­պու­մէն ետք, Խան­ջեան ըն­տա­նի­քը եւս գաղ­թա­կան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան, ուր Խան­ջեան յա­ճա­խեց ու ա­ւար­տեց Թե­մա­կան դպրո­ցը եւ Էջ­միած­նի Գէոր­գեան Ճե­մա­րա­նը։

Տա­կա­ւին 16 տա­րե­կան, 1917ի Ապ­րի­լին, Ա­ղա­սի Խան­ջեան՝ ար­դէն կլա­նո­ւած հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ար­ձա­գանգ­նե­րով՝ Ղ. Ղու­կա­սեա­նի հետ հիմ­նե­ցին Ե­րե­ւա­նի այս­պէս կո­չո­ւած «Ե­րի­տա­սարդ Մարք­սիստ-Ին­տեր­նա­ցիո­նա­լիստ­նե­րի Միու­թիւ­նը»։ Իսկ 1919ին, նոյն Ղ. Ղու­կա­սեա­նի եւ Ա. Բու­դա­ղեա­նի հետ, Խան­ջեան հիմ­նեց «­Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ կո­մու­նիստ­նե­րի Ս­պար­տակ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը», որ ա­միս մը ետք՝ Մա­յի­սին, սկսաւ լոյս ըն­ծա­յել իր ընդ­յա­տա­կեայ պաշ­տօ­նա­թեր­թը՝ «Ս­պար­տակ» ա­նու­նով։

1919ի Սեպ­տեմ­բե­րին, հե­ռա­կայ կար­գով, Ա­ղա­սի Խան­ջեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Կո­մու­նիս­տա­կան Ե­րի­տա­սար­դա­կան Կազ­մա­կեր­պու­թեան Անդր­կով­կա­սի Բիւ­րո­յի ան­դամ։ 1920ի Յու­նո­ւա­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու ընդ­յա­տա­կեայ ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րին, որ հիմ­նեց Հա­յաս­տա­նի Կո­մու­նիս­տա­կան Կու­սակ­ցու­թիւ­նը (Հ.Կ.Կ.) ու ո­րո­շեց եւ ծրագ­րեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­պա­լումն ու խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ։

1920ի Մա­յիս Մէ­կի խռո­վու­թիւն­նե­րուն մէջ իր ու­նե­ցած աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, 1920ի Յու­լի­սին, Ա. Խան­ջեան ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Կ.ի Կենտ­կո­մի ան­դամ եւ ա­միս մը ետք, Օ­գոս­տո­սին, երբ Հ.Հ. Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը խստա­ցու­ցած էր պոլ­շե­ւիկ խռո­վա­րար­նե­րու դէմ իր դիր­քո­րո­շու­մը, Ա. Խան­ջեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու 10 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ։

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն յե­տոյ, ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ եւ ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Կ.ի Ե­րե­ւա­նի Կո­մի­տէի քար­տու­ղար՝ Դեկ­տեմ­բեր 1920էն մին­չեւ Փետ­րո­ւար 1921ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան ապս­տամ­բու­թիւ­նը, որ­մէ փա­խուստ տո­ւած հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ՝ Ա­ղա­սի Խան­ջեան եւս հե­ռա­ցաւ Հա­յաս­տա­նէն, եւ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Մոս­կո­ւա, որ­պէս­զի ու­սու­մը շա­րու­նա­կէ Ս­վերդ­լո­վի ա­նո­ւան Կո­մու­նիս­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։

1923-1928 տա­րի­նե­րուն, երբ «ռազ­մա­կան կո­մու­նիզմ»ը ա­ւեր կը գոր­ծէր Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին, Ա. Խան­ջեան ղե­կա­վար աշ­խա­տան­քի կո­չո­ւած էր Լե­նինկ­րա­տի մէջ։ Բայց Օ­գոս­տոս 1928ին, Ք­րեմ­լի­նի ո­րո­շու­մով, ան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան՝ ստանձ­նե­լու հա­մար Հ.Կ.Կ.ի Կենտ­կո­մի երկ­րորդ քար­տու­ղա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ 1930ին նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ռա­ջին քար­տու­ղար եւ մին­չեւ պաշ­տօ­նազր­կումն ու 9 Յու­լիս 1936ի Թիֆ­լի­սի մէջ իր խորհր­դա­ւոր մա­հը՝ ան մնաց նոյն այդ պաշ­տօ­նին վրայ։

Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ Ա­ղա­սի Խան­ջեան մտա­ւո­րա­կան հա­րուստ պա­շա­րով եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու խոր ճա­նա­չո­ղու­թեամբ շնչող մարդ էր, որ սա­կայն իր սերն­դա­կից պոլ­շե­ւիկ ա­ղան­դա­մոլ­նե­րու ներշն­չու­մով՝ փան­ջու­նիա­կան ո­ճով յե­ղա­փո­խա­կան մըն էր. իր առ­ջեւ բաց գտած դուռն ան­գամ կոտ­րե­լով մուտք կ­’ու­զէր գոր­ծել, որ­պէս­զի նորն ու գա­լի­քը սկիզ­բէն կեր­տե­լու ինք­նավս­տա­հու­թեամբ յա­գե­նար եւ միեւ­նոյն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ խան­դա­վա­ռէր «Ամ­բոխ­նե­րը խե­լա­գա­րո­ւած»…

Ա­զատ ու ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դէմ պե­տա­կան յե­ղաշր­ջու­մի տխրահռ­չակ դրօ­շա­կիր­նե­րէն է Ա­ղա­սի Խան­ջեան, որ թուր­քին մէջ ա­ւե­լի հո­գե­հա­րա­զատ կու­սա­կից տե­սաւ, քան Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած դաշ­նակ­ցա­կա­նին մէջ։

Միա­ժա­մա­նակ՝ Խան­ջեան յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու Հա­յը շնչա­ւո­րե­լու կո­չո­ւած գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան դե­գե­րում­նե­րուն. յա­ռա­ջա­պահ մը՝ որ ծան­րա­գոյն սխա­լը գոր­ծեց, սա­կայն, Պոլ­շե­ւիզ­մին մէջ տես­նե­լով մարմ­նա­ւո­րու­մը այ­լա­պէս բնա­կա­նոն եւ հասկ­նա­լի այդ գա­ղա­փա­րա­կան ինք­նո­րո­նու­մին։ Նոր ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծե­լու հա­մար Հա­յը պէտք ու­նէր հա­մա­մարդ­կա­յին մեծ ներշն­չու­մով թռիչ­քի, ո­րուն թե­ւե­րը սա­կայն Մարքսն ու Էն­գել­սը չէին կրնար ըլ­լալ, իսկ գլու­խը չէր կրնար ըլ­լալ, մա­նա­ւան՛դ, այ­պէս կո­չո­ւած «ըն­կեր Լե­նին»ը…

Ա­ղա­սի Խան­ջեան, ինչ­պէս եւ Ե­ղի­շէ Չա­րենց, ի­րենց կեան­քին գնով ծան­րա­գոյն գի­նը վճա­րե­ցին Հա­յու գա­ղա­փա­րա­կան այդ խար­խա­փու­մին ու մո­լո­րու­թեան։

Յու­լիս 9ի այս օ­րը, հե­տե­ւա­բար, ո­գե­կո­չե­լով յի­շա­տա­կը «ստա­լի­նեան մաք­րա­գոր­ծում­ներ»ու ա­ռա­ջին հայ զո­հը հան­դի­սա­ցած՝ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ա­տե­նի Կոմ­կու­սի Ա­ռա­ջին Քար­տու­ղար Ա­ղա­սի Խան­ջեա­նին, հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն մենք պարտք ենք յու­շե­լու պատ­գա­մը Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած սե­րունդ­նե­րուն, ո­րոնք Պոլ­շե­ւիզ­մին մէջ տե­սան ան­ցո­ղիկ փոր­ձանք մը եւ Խան­ջեան­նե­րու մո­լո­րան­քին նկատ­մամբ հա­յու բա­րու­թեամբ շա­րու­նակ յոր­դո­րե­ցին, որ վար­չա­կարգ­նե­րը կու գան ու կ­’եր­թան, մնա­յուն են միայն հայ­րե­նիք­նե­րը։