Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Եւ 6 եպիսկոպոսներու քրէական գործը փոխանցուեցաւ դատարան

30 de julio de 2026

Առաջին անգամն ըլլալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը չի հրաւիրուիր  Ազգային Ժողովի անդրանիկ նիստին

Դատախազը հաստատած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի 6 եպիսկոպոսներու գործով մեղադրական եզրակացութիւնը եւ զայն ուղարկած դատարան: Այդ մասին տեղեկացուցին Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն։ Լուրը հաղորդեց Radar Armenia-ն:

Մեղադրեալի կարգավիճակ ունին Մակար եպիսկոպոս Յակոբեանը, Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը, Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաջարեանը, Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը եւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը: Անոնց նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը:

Քրէական գործը յարուցուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանի վերաբերող դատական գործի կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով: Նոյն գործով Գարեգին Բ.ի նկատմամբ եւս կիրարկուեցաւ Հայաստանի տարածքը լքելու արգելքը:

Պաշտպանական խումբը յայտարարեց, որ կը պատրաստուի օրէնքով ճշդուած բոլոր եղանակներով պայքարիլ: Այդ մասին, ըստ «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի, ըսաւ փաստաբան Արմինէ Ֆանեանը։

«Մենք օրէնքի սահմաններում բոլոր եղանակներով պաշտպանութիւն ենք իրականացնելու: Սա ակնյայտ ապօրինի մեղադրանք է: Պետութիւնն իր ամբողջ գործիքակազմով միջամտում է եկեղեցու ներքին կեանքին, որի իրաւասութիւնը չունի ո՛չ օրէնսդրութեամբ, ո՛չ էլ Սահմանադրութեամբ: Ապաւինում ենք դատարանի օրինական որոշմանը, որպէսզի այս ապօրինութիւնը ի վերջոյ հանգուցալուծուի, ու յօգուտ այն անձանց, ովքեր յանիրաւի հետապնդւում են: Որեւէ իշխանութեան օրօք այսպիսի միջամտութիւն չի եղել, այն էլ ապօրինի քրէական հետապնդումներ յարուցելու եղանակով: Սա բացառիկ եւ խիստ պարսաւելի երեւոյթ է», նշեց Ֆանեան:

Ան ընդգծեց, որ արդարացման պարագային Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով նախատեսուած է վերականգնման հիմնարկը, եւ պաշտպանական կողմը արդէն կատարած է այնպիսի քայլեր, որոնք ուղղուած են արդարացման հիմերու ձեւաւորման: Ան նաեւ շեշտեց, որ բոլոր առանցքային որոշումները բողոքարկուած են, եւ մեծ մասով արդէն դրական արդիւնքներ արձանագրուած են եւ անոնք պիտի ծառայեն հոգեւորականներու արդարացման։

Ասոր զուգահեռ, 29 Յուլիսին յստակ դարձաւ, որ անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով նոր գումարման Ազգային ժողովի առաջին նիստը պիտի բացուի առանց հովուապետական օրհնութեան, որովհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը չէ հրաւիրուած անդրանիկ նիստին։

Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով սահմանուած է` առաջին նստաշրջանի բացման առիթով ողջոյնի ելոյթի իրաւունք ունին կաթողիկոսն ու հանրապետութեան նախագահը: Բայց եւ այնպէս, «Քաղաքացիական պայմանագիր»էն 29 Յուլիսին յայտարարեցին, որ տրամաբանական պիտի չըլլար կաթողիկոսին հրաւէր ուղարկելը:

Յստակ չէ նաեւ, որ արդեօք կաթողիկոսին փոխարէն Ազգային ժողով պիտի հրաւիրուի՞ Փաշինեանին միացած հոգեւորականներէն  եւ կարգալոյծ եղածներէն մէկը։

Compartir: