Գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ

02 de junio de 2026

Մայիսեան անկախութեան 108-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 31 մայիսին Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յընթացս սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ կատարուեցաւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն:

Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, որուն ընթացքին սրբազան հայրը օրհնեց Եռագոյն դրօշը եւ կատարեց գոհաբանական մաղթանք, որմէ ետք դպրաց դասը երգեց Հայաստանի օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը:

Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներ պէտք չէ մոռնանք, թէ 108 տարիներ առաջ, 600 տարիներու ստրկութեան պայմաններէն ետք, մեր ժողովուրդը յաջողեցաւ իր սեփական հողին վրայ, իր բազուկին ուժով ազատութեան պայմաններուն մէջ ապրելու եւ իր կամքը պարտադրելու աշխարհին: Պէտք չէ մոռնանք, թէ այս անկախութիւնը ձեռք բերուեցաւ բիւրաւոր նահատակներու արեան հեղումով, նաեւ պէտք չէ մոռնանք, թէ հայոց պատմութեան ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ, երբ Հայաստան լեցուած էր գաղթականութեամբ ու որբերով եւ սովի մատնուած, հայ ժողովուրդը այս պայմաններուն մէջ շրջադարձ մը կատարեց հայոց պատմութեան մէջ: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մենք պէտք չէ մոռնանք, այլ` մեզի համար պարտականութիւն պէտք է նկատենք պարբերաբար հայոց պատմութեան նայիլ, որպէսզի յիշենք, թէ մեր ժողովուրդը շատ անգամներ դժուարութիւններուն դիմաց ոտքի կանգնած է եւ ապահոված իր գոյութիւնը: Մենք պէտք է յիշենք, որպէսզի մեր զաւակներուն մօտ յարատեւէ պատմութեան յիշողութիւնը եւ ա՛յն ուղին, որ մենք ժառանգած ենք մեր նախնիներէն, որպէսզի մեր զաւակները հաւատարիմ ըլլան հայոց պատմութեան, հայրենիքին, լեզուին, բարքերուն, նուիրական ու սրբազան աւանդներուն, որոնցմով կ՛ապահովուի մեր կեանքի գոյութիւնը:

Շարունակելով իր քարոզը, առաջնորդ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ իրենք մօտէն կը հետեւին հայութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերուն` աւելցնելով, որ Արցախի անփառունակ անկումէն ետք այսօր վտանգուած է նաեւ Հայաստանի անկախութիւնը: Հետեւաբար, առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ, որպէսզի յիշեցնէ բոլորիս, թէ կեանքին մէջ պատահականութիւն չկայ` շեշտելով, որ պէտք է յարգը գիտնանք անկախութեան ժառանգութեան, Հայաստանի անվտանգութեան, այլապէս մեր թշնամիները պատրաստ են մեզմէ խլելու մեր հայրենիքը: Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդգծեց հայ ժողովուրդի գիտակցութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենանք ապահովել նորանոր յաղթանակներ եւ հայրենիքին մէջ համախմբուելով կերտել փառաւոր նոր յաղթանակ:

Compartir: