Դաւիթ Մանուկեան Ատրպէյճանի բանտէն դիմած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

20 de julio de 2026

Ասպարեզ.- Շուրջ 3 տարի գերութեան մէջ գտնուող նախկին բարձրաստիճան զինուորականը յորդորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը դիրքորոշում յայտնելու իրենց առաջադրուած այն մեղադրանքին վերաբերեալ, որուն համաձայն, իբր թէ Հայաստանը ծրագրած եւ նախապատրաստած էր 2020ի 44 օրեայ պատերազմը` հակառակ անոր, որ ինչպէս նշած է Մանուկեանը, իրենք ներկայացուցած են «անհերքելի ապացոյցներ եւ փաստեր», որ պատերազմը սանձազերծած է Ատրպէյճանը, եւ ատիկա տեղի ունեցած է միջազգային հանրութեան աչքին առջեւ:

Նշենք, որ Մանուկեան իր հեռաձայնային ուղերձին մէջ Փաշինեանին դիմած է ոչ թէ իբրեւ վարչապետ, այլ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի:

«Քանի որ դուք եղել էք այն ժամանակ Հայաստանի վարչապետը եւ միաժամանակ գերագոյն հրամանատարը, իսկ պատերազմի պլանաւորումը (ծրագրումը) սկսւում է հէնց այդ օղակից, յորդորում եմ կոնկրէտ (յստակ) այդ մեղադրանքների մասով հանրային ներկայացնել ձեր դիրքորոշումը: Չարձագանգելու դէպքում կը նշանակի, որ համաձայն էք առաջ քաշուած կեղծ մեղադրանքներին` դրանով մեղսակից դարձնելով ոչ միայն ձեզ, այլեւ ողջ հայ ժողովրդին: Յուսով եմ` նախկինում ձեր գլխարկների վրայի անուանումը չի կորել», նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ Մանուկեան գերի տարուեցաւ 27 Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի վրայ ատրպէյճանկան յարձակումէն ետք։ Ան այդ օրը իր կնոջ ու Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ փորձած էր ինքնաշարժով հատել Հակարիի կամուրջը․ զանոնք ձերբակալած էին սահմանին:

Ատրպէյճանական բանտին մէջ շուրջ 3 տարուան գերութենէն ետք առաջին անգամ յղած իր հեռաձայնային ուղերձին մէջ Մանուկեան նաեւ յորդորած է Փաշինեանըին ըսել, թէ Հայաստան ի՛նչ դիրքորոշում ունի ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող հայերուն կարգավիճակին վերաբերեալ:

«Ցաւալի է, որ այստեղ գտնուողները չեն զգում Հայաստանի շունչը, բայց ինչ արած, իրականութիւնը սա է», ընդգծած է ան:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան նշեց, որ պաշտօնական Պաքուն իր բոլոր ռազմական յարձակումներուն, ներառեալ 2022ին Ջերմուկ ներխուժելուն պատասխանատու կը նկատէ Հայաստանը եւ իր իսկ կողմէ սանձազերծած պատերազմներու մարդասիրական հետեւանքներու ամբողջ բեռը կը դնէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ուսերուն` անհատական պատասխանատուութեան պարունակին մէջ:

«Պաքւում մեկնարկած իւրաքանչիւր հային առնչուող դատավարութիւնում որպէս փաստ հրամցուել է այն տեսակէտը, որ բոլոր մարտական գործողութիւնների նախայարձակը եղել են հայկական զօրքերը Հայաստանի իշխանութեան ղեկավարութեան ներքոյ: Արցախի ղեկավարներին, նաեւ Ռուբէն Վարդանեանին առաջադրուած մեղադրանքներում ներառուած է ագրեսիւ (յարձակողական) պատերազմ նախապատրաստելը եւ վարելը: Այս տրամաբանութեան ներքոյ ներկայացւում է, որ 2016ին, 2020ին, 2023ին նախայարձակ է եղել հայկական կողմը. հետաքրքրական է, որ Ջերմուկի դէպքերը ներկայացւում են Հայաստանի կողմից մեկնարկած պատերազմ», ըսաւ իրաւապաշտպանը։

Սահակեան նաեւ նշեց, որ ատրպէյճանական յարձակման եւ նախայարձակ գործողութիւններուն վերաբերեալ տարբեր միջազգային կառոյցներու եւ երկիրներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները նոյնպէս կը փաստեն, որ հայ գերիներուն դէմ յարուցուած գործերն ու դատավճիռները ոչ մէկ կապ ունին արդարադատութեան հետ, քանի որ Պաքու կը կեղծէ ողջ պատմական ճշմարտութիւնը:

«Նոյն 22ին Ջերմուկի դէպքերի առնչութեամբ մենք ունենք ԱՄՆ պաշտօնական դիրքորոշում, որը դատապարտել է ատրպէյճանական ագրեսիան Հայաստանի նկատմամբ», նշեց ան:

Նշենք, որ հակառակ Հայաստանին ներկայացուած` պատերազմ ծրագրելու մեղադրանքներուն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը նախորդ վեց տարիներուն բազմաթիւ անգամ հրապարակաւ յայտարարած է, որ ինքնին Պաքուն որոշած է ռազմական ուղիով լուծել իր տարածքներուն վերադարձի հարցը` ի գործ դնելով «երկաթեայ բռունցքը»: Նախորդ օրերուն ալ Մարտակերտի մէջ սպառնաց` եթէ պէտք ըլլայ, նորէն պիտի դիմեն նոյն ոճին:

Ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող 19 հայ գերիները, բացառութեամբ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, դիմած են Վերաքննիչ դատարան` բողոքարկելով իրենց դէմ կայացուած վճիռները: Բողոքարկումը, ինչպէս նշած էր Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, ձեւական բնոյթ կը կրէ, որեւէ ակնկալութիւն չունին ատրպէյճանական արդարադատութենէն, պարզապէս այդ քայլով ճամբայ կը հարթեն դէպի միջազգային դատարան: Մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներով եւ իր ընդդիմախօսները բանտեր նետելու գործելաոճով նշանաւոր Ատրպէյճան կը մերժէ 15 հայ գերիներուն տրամադրել նոյնիսկ իրենց դատավճիռները:

Compartir: