ԵՐԲ ՀԱՅԵՐԷՆԻՆ ԼՐՋՕՐԷՆ ՄՕՏԵՆԱՆՔ, ՇԱՏԵՐ ԿԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԻՆ

16 de agosto de 2020

Իշխան Չիֆթճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, ուր ստացած է իր կրթութիւնն ու ուսումը։ Ապա ուսանած է Գերմանիոյ մէջ։ Ազգային խոր համոզումներու հիման վրայ ան կը զգայ մայրենի լեզուին կարևորութիւնը, նկատելով զայն որպէս ինքնութեան զատորոշիչ գիծ, և ունի իր մտահոգութիւնը՝ լեզուի սփիւռքեան նահանջին համար, եւ զայն կը համարէ հաղորդակցութեան և շփման միջոց աշխարհի մէջ սփռուած հայութեան համար: Մտահոգ արևմտահայերէնի նուաղումով՝ նուիրուած է անոր ուսուցման և կը քաջալերէ անոր ընթերցումը և գրաւոր տարածումը: Իր կողմէ հիմնադրուած եւ փոքր խմբակով ղեկավարուող Հայերէն Blogի (hayerenblog.wordpress.com) միջոցով Իշխան Չիֆթճեան կը համախմբէ անձեր զանազան երկիրներէ հայերէն լեզուին շուրջ, որոնք լեզուն կը կարդան, կը գրեն և կը սորվին: Ունեցած ենք համացանցային հարցազրոյց մը Իշխան Չիֆթճեանի հետ, ահաւասիկ իր պատասխանները, զորս կու տանք ստորև.-

-.-.-.-.-.-.-.-

1.- Ի՞նչ պիտի ըսէիք այն անձերուն, որոնք պէտք չունին հայերէնին՝ հաղորդուելու համար այլ անձերու հետ: Երբեմն անձերը կ’ուզեն լեզու մը սորվիլ, որովհետեւ յստակ պատճառ եւ նպատակ ունին, սակայն դուք ի՞նչ պատճառաբանութեամբ այդ անձերը կը մղէիք հայերէն սորվելու, առանց անոր պէտք ունենալու:

 

Եթէ պէտք չունիս՝ չես սորվիր․ եթէ պէտք ունիս՝ կը սորվիս։ Ասիկա «պէտք»ի ու գործնականութեան տրամաբանութիւնն է։ Յստակ է։ Մեր մօտեցումները յաճախ այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուած են։ Ինչ որ ինծի պէտք չէ՝ գոյութիւն իսկ չունի․ այսպէս կը մտածէ գործնապաշտ մարդը։

Շատ բնական է, որ հայերէնը կրնայ մեր առօրեային մէջ պէտք ըլլալ կամ չըլլալ, գործի մը ծառայել կամ չծառայել։ Ասիկա կախեալ է մե՛ր մօտեցումէն։ ԵԹԷ ուզենք՝ զայն կը բերենք, մեր կեանքին մաս կը դարձնենք։

Ճաշի սեղանին վրայ շատ կերակուրներ կրնան ըլլալ․ կան հացը, գլխաւոր ճաշը եւ այլ մանրուք։ Հացը քիչ թէ շատ մնայուն ներկայութիւն է սեղանին վրայ։ Ես անձամբ հայերէնին պիտի տայի ամէնօրեայ հացին դերը։ Ուրիշը՝ չի տար։ Եւ ազատ է։ Չենք կրնար պարտադրել։ «Էշ»ը «ծառ» հանելը դժուար աշխատանք մըն է։

Ան որ պէտք չունի հայերէնին եւ չի գործածեր՝ թող չգործածէ, սակայն ան որ նուազագոյն փափաքը ունի սորվելու՝ մէկ առ հարիւր (1%), ես պատրաստ եմ, – ահա ա՛յս է ձեր հարցումին պատասխանս, – այդ մէկ տոկոսին վրայ աշխատելու։ Զերոյին վրայ ես չեմ աշխատիր։ Ձեր հարցումին մէջ շեշտուած «հայերէն սորվելու մղելու իմ պատճառաբանութիւնս» դիմացինին մէջ գտնուող այդ մէկ նուազագոյն տոկոս կազմող փափաքին գոյութիւնն է։ Այսինքն այդ «պատճառաբանութիւն»ը դուրսէն չի գար, այլ ներսէն է, հոգ չէ թէ՝ շատ քիչ «քանակ»ով։ Եթէ զայն գտնեմ տուեալ անձին մէջ՝ կը մղեմ սորվելու։

Հոս կու գայ հարցումը․ մենք՝ այսինքն այն կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները, դպրոցներէն զատ, որոնք լեզուին ուսուցման ու փոխանցումի աշխատանքին նուիրուած են, պատրա՞ստ են այդ մէկ տոկոսին վրայ աշխատելու։ Ես ձեզի տամ կարճ պատասխանը, որ գաղտնիք չէ՝ Ո՛Չ։

 

2.- Ի՞նչ պիտի ըսէիք այն երիտասարդներուն, որոնք երբեմն հայերէն սորված են եւ զայն պահած են անկիւն մը, չեն գործածեր, չեն խօսիր, չեն կարդար եւ չեն գրեր:

 

Պիտի առաջարկէի, որ անոնք փորձ մը ընէին ատենին իրենց սորվածը մէջտեղ հանելու։ Հայերէն Blogը այդ փորձերուն սիրով կ’ընդառաջէ։ Երկու օրինակ տամ։

Ա․ Մեր կեանքին մէջ թանկագին առարկաներ կան, որոնք սիրած կ’ըլլանք ատենին ու անկիւն մը նետած, մոռցած։ Երբ պատահմամբ զանոնք գտնենք, շատ կ’ուրախանանք։ Կ’առնենք անոնցմէ մէկը ու կը դնենք մեր աչքին առջեւ, սեղանին վրայ եւ անիկա հաճելի, ներշնչիչ, գեղեցիկ ներկայութեան կը վերածուի։ Կամ ալ․․․ չի վերածուիր։

Բ․ Երբեմն անձերու կը հանդիպինք մեր կեանքին մէջ, որոնք մեր կեանքին, առօրեային մէջ բարերար ու շինիչ ազդեցութիւն կը գործեն, անկեղծ ներկայութիւն եւ ընկերակից դառնալով մեզի։

Հայերէնը ոչ «առարկայ» է, ոչ ալ «անձ», սակայն այդ երկուքին պէս ու անոնցմէ ալ անդին դեր մը կրնայ ունենալ մեր կեանքին մէջ, դառնալով մեր մտերիմը։

 

3.- Ի՞նչ միջոցով այսօր կարելի է համոզել անձ մը, որ հայերէն խօսի եւ հայերէն գործածէ: Ինչպէ՞ս կարելի է անձ մը խրախուսել, որ հայերէն սորվելու մէջ իմաստ մը գտնէ:

Ատենին մէկը ըսած էր, թէ ի՞նչ կը պակսի աշխարհէն, եթէ հայութիւն չըլլայ։ Ոչի՛նչ՝ պատասխանած էր («Կը խորհիմ, որ մեր աշխարհը բան մը պիտի չկորսնցնէ, եթէ իր երեսէն Հայը անհետանայ վերջնական չքացումով», Շ․ Շահնուր): Ու հայերը վրան յարձակեցան՝ չես գիտեր ինչո՞ւ։ Կ’երեւի կ’ուզէին գոյութիւն ունենալ անպայման։ Աշխարհէն չպակսիլ։

Հայերէն գրելն ու կարդալը քաջալերել, «համոզել», որ մարդիկ գրեն կամ կարդան՝ երկարաշունչ աշխատանքի արդիւնք են։ Չենք կրնար միայն փափաքելով աշխարհէն չպակսիլ, ինչպէս որ չենք կրնար միայն «սիրելով» հայերէնը զայն սորվիլ։ Փորձառութեամբ կրնամ ըսել, որ երբ մեզի հետ աշխատողները տեսնեն մեր աշխատանքին լրջութիւնն ու հայերէնին հանդէպ ունեցած մեր յարգանքը՝ իրենք ալ կը քաջալերուին։ Կրնայ ըսածս անհամեստութիւն թուիլ։

Քաջալերողը նախ ինք պէտք է լեզուին իմաստը տեսնէ ու ի հարկին նախ ստեղծէ զայն իրեն համար, որպէսզի կարենայ այդ իմաստը փոխանցել։ Դրամ բաժնելով կարելի չէ լեզու սիրող կամ գրող մէջտեղ բերել։ Խորունկ, գոյութենական գիտակցութիւն պէտք է ըլլայ, որ մենք չունինք իբրեւ հաւաքականութիւն։ Երեւակայեցէ՛ք, որ պատասխանատու անձեր կ’ըսեն․ «Լաւ կ’ըլլայ հայերէն սորվիլ քան թէ չսորվիլ»։ Լաւի, աւելի լաւի եւ ամենալաւի խնդիր չկայ հոս․ հոս կայ էականի հարց։

Հայերէնին իմաստը, հայերէն սորվելուն իմաստը իր համին մէջ է։ Ինչպէս մեր կեանքին մէջ անձեր ու առարկաներ կան, որ միշտ կը փնտռենք, անոնց պէտք կ’ունենանք, անոնց կը մղուինք նեղութեան եւ ուրախութեան ատեն եւ անոնց կորուստը կ’ապրինք՝ այդպէս ալ հայերէնը մեր հարազատն է կամ կրնայ ըլլալ։ Արեւելագէտ բարեկամ մը ունէի, որ կը կրկնէր յաճախ․ լեզուն անանուն զգացում է, աշխարհը զգալու ձեւ է։

 

4.- Ի՞նչ փորձառութիւններ ունեցաք «Հայերէն Blog»ի ստեղծումէն ի վեր: Ի՞նչ դրական եւ ի՞նչ բացասական երեւոյթներ ունեցաք:

Փորձառութիւնները շատ են, սակայն ամենակարեւորը այն է, որ աշխարհի երեսուն տարբեր երկիրներէ 200է աւելի անձեր, շուրջ 10-75 տարեկան, իրարու (գրեթէ բոլորը) անծանօթ, չորս տարիէ ի վեր կը գրեն, անշուշտ՝ ոչ բոլորը նոյն յաճախականութեամբ, նոյն կշռոյթով, նոյն մակարդակով ու թափով, սակայն այս իրողութիւնը անձամբ ինծի համար դրական փորձառութիւն է։ Մարդիկ, որոնք ոչ թէ մեզ չէին ճանչնար, այլ մեր անունը չէին լսած, քանի մը տարիէ ի վեր կը գրեն։ Ոմանք նախապէս չէին գրեր, ուրիշներ արդէն կը գրէին։

Կարեւոր է գիտնալ, որ մենք մեր աշխատակիցներուն հետ սերտօրէն կը գործակցինք, գրելու նիւթի ու ձեւի մասին։ Մենք աջէն-ձախէն նիւթ հաւաքելով մեր էջը չենք լեցներ։ Շատ կան այդպիսի էջեր համացանցի վրայ։ Մեր նիւթերուն մէկտեղումը խորհրդակցութեան եւ յոգնաջան աշխատանքի արդիւնք է։

Այս մեծ ու դրական փորձառութեան դիմաց կրնամ նոյնքան եւ թերեւս աւելի մեծ ժխտական փորձառութիւն մըն ալ ըսել․ մեր ազգին մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած անձեր ու կազմակերպութիւններ ասպիսի գործով չեն զբաղած, Հայաստան կամ Սփիւռք, չեն ալ քաջալերեր նման աշխատանք։ Այն չնչին տոկոսը, որ մեզ բարոյապէս կը քաջալերէ, իրենց համապատասխան կազմակերպութիւններուն մէջ խօսք եւ ձայն չունեցողներէ կը բաղկանայ, բարի կամեցողութիւն ունեցող մարդոց փոքրիկ թիւ մըն է․ անոնց մենք միշտ շնորհակալ ենք։ Անտեսումի այս կեցուածքը, որ հայկական մակարդակի վրայ գրեթէ ամէն տեղ տարածուած է, պատճառ չէ, որ մենք մեր գործը չշարունակենք։

 

5.- Ձեր առօրեայ գործունէութեան մէջ դուք շփման մէջ էք զանազան երկիրներու մէջ ապրող անձերու հետ: Ի՞նչ տարբերութիւններ կը գտնէք այդ երկիրներուն մէջ բնակող անձերուն միջեւ, նկատի ունենալով անոնց վերաբերմունքը հայերէնի օգտագործման հանդէպ որպէս խօսակցական լեզու կամ դաստիարակման եւ մշակութային լեզու:

Ես ամէն տեղ կը տեսնեմ, որ երբ հայերէնին լրջօրէն մօտենանք, շատեր կը հետաքրքրուին, կը խանդավառուին։ Երկարաշունչ աշխատանքի վարժ չեն շատեր, սակայն կը սորվին։ Ամէն ինչ փորձառութեամբ է։

Կան Միջին Արեւելքի մէջ գաղութներ, ուր հայերէնը տան մէջ իսկ չի քաջալերուիր գործածել, յատկապէս վերջին տասնամեակին, ծնողներ կը փափաքին, որ իրենց զաւակները օտար լեզուներ սորվին, հայերէնը տան մէջ կը խօսին գէշ-աղէկ, կը բաւէ, պէտք չկայ աւելիին։

Աստեղ սակայն ժողովուրդը կամ նոյնիսկ ծնողները յանցանք մը չունին։ Ժողովուրդին վրայ յանցանք բարդելը շատ դիւրին է, ինչ որ յաճախ կը լսենք համայնքի պաշտօնական ներկայացուցիչներու կողմէ, «մեր ժողովուրդը ասպէս պէտք է ընէ, իր զաւակները հայկական վարժարան պէտք է ղրկէ» եւ այլն եւ այլն։ Սփիւռքի մեր կեանքը կազմակերպող բոլոր կառոյցները իրե՛նք է որ կարեւորութիւն չեն տար լեզուին, չեն մշակեր անոր կապուած ծրագիր ու աշխատանք, հետեւողական, մնայուն ռազմավարութիւն չունին, կը զբաղին մակերեսային խորհրդակցութիւններով ու խորհրդաժողովներով, անլուրջ յայտարարութիւններով ու արտայայտութիւններով․ ա՛յդ է պատճառը, որ աշակերտն ալ, ծնողքն ալ կը հեռանան հայերէնէն ալ, հայկական դպրոցէն ալ, հայութենէն ալ։ Մեր ծնողներուն եւ աշակերտներուն լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը արդի՛ւնքն է համայնքային այս լեզուազուրկ եւ լեզուատեաց կեցուածքին եւ ոչ՝ պատճառը։

Տարբեր գաղութներէն մեզի հետ աշխատողները հայերէնով հետաքրքրուած են։ Լեզուին հանդէպ անոնց կեցուածքը շատ չի տարբերիր մէկէն միւսը։ Անոնք բոլորն ալ իրենց շրջանակներուն մէջ կը փորձեն լեզուին լուրջ ու հոգածու գործածութիւնը քաջալերել։

 

6.- Ի՞նչ սխալներ գործած են որոշ երկիրներու հայ հաւաքականութիւնները,  – զոր օրինակ, Արժանթինի հայ գաղութը, – կորսնցնելու համար հայերէնախօսութիւնը, եւ ի՞նչ պէտք է ընել, – եթէ կարելի է բան մը ընել, – այս իրականութիւնը փոխելու համար:

Դպրոցը բաւարար չէ լեզուն թարմ պահելու համար։ Դպրոցէն ետք ի՞նչ ճակատագիր կ’ունենայ հայերէնը մեր բերնին մէջ՝ հարցուցա՞ծ ենք մենք մեզի։ Մամուլը շատ աւելի մեծ աշխատանք կրնայ տանիլ, որ չ’ըներ։ Հայկական կառոյցներու մէջ աշխատող մարդոց ուղեղն ու կարելիութիւնները շատ սահմանափակ են ու աւելի կը սահմանափակուին հետզհետէ։ Տակաւին, փոխանակ մեր կաղապարուած շրջանակները լայնցնելու, կաղապարները քանդելու, ներածում կատարելու, աւելի կը նեղցնենք զանոնք։

Հայերէնախօսութիւնը քաջալերանք չի գտներ մեր աւանդական կառոյցներուն կողմէ դժբախտաբար, հակառակ բոլոր տեսակի հայրենասիրական ճառերուն եւ հռետորական ելոյթներուն։ Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ պաշտօնական շրջանակներու մէջ հայերէնախօսութիւնը չտարածուի։ Ոմանք կ’ըսեն․ «Մենք աս կ’ընենք, ան կ’ընենք, ասպէս կ’ընենք, անպէս կ’ընենք»։ Ներողութիւն։ Այդ «եղած»ներուն արդիւնքը ես չեմ տեսներ։

Օրինակ մը տամ։ Գաղութ մը կայ, ուրկէ մենք շուրջ տասը աշխատակիցներ ունինք։ Այդ գաղութին «տէրեր»ը, «մտաւորականներ»ը տեղեակ իսկ չեն, որ իրենց գաղութին մէջ ատքան գրող ու գրել փորձողներ կան, ոչ ալ հետաքրքրուած են անոնց գոյութեամբ։

Արժանթինցի մեր աշխատակիցներէն մէկը ըսած է ինծի, որ իր ծնողները հայերէն չէին գիտեր, սակայն ինք դպրոցէն յետոյ նաեւ ակումբին մէջ սորված է լեզուն եւ մեր քով ալ իր փորձերը կը շարունակէ։ Քանի՞ հոգի կարելի է գտնել իրեն պէս Արժանթինի մէջ՝ դուք պէտք է գիտնաք։

Ես տեղեակ եմ, որ յիսուն տարի առաջ Արժանթինի մէջ խումբ մը հայ երիտասարդներ մէջտեղ եկած են, որոնք քսան տարեկանէ ետք փափաքած են հայերէն սորվիլ եւ սորված են։ Ի՞նչ տեղի ունեցած է այն ատեն ձեր գաղութին մէջ, որ կրնայ նաեւ այսօր տեղի ունենալ՝ դուք պէտք է այս հարցումին պատասխանէք։

«Հայերէնախօս ակումբ»՝ ահաւասիկ լուծում մը, մանաւանդ՝ երիտասարդներու համար։ Ես ծանօթ եմ օտար լեզուներ խօսող խմբակներու Գերմանիոյ մէջ, օրինակ։ Ոչ միայն կուսակցական, այլ լեզուական ակումբ է ըսել ուզածս, որ շարունակական բնոյթ ունենայ, ոչ թէ ժամանցի շրջանակ, այլ նաեւ արտադրո՛ղ, – ոչ թէ տարին մէկ՝ Կաղանդի կամ Զատկուան տօնի պէս, – ուր լեզուի հետաքրքրութիւնը տիրապետող ըլլայ, ոչ թէ՝ գաղափարներու կամ ճաշատեսակներու։ Բայց մենք աս իմաստով հասուն ժողովուրդ մը չենք դեռ․ պէտք է ընդունինք։ Տարուած ենք մեր տարբեր գոյներով։ Այդ է «սխալ»ներէն մէկը, եթէ անպայման կ’ուզէք սխալներու մասին խօսիլ։

Այսօր սակայն համացանցի դար է։ Քով քովի գալու կարիքն ալ չկայ։ Թող հաւաքուի ա՛յս գաղութին մէջ խմբակ մը ու թող ունենայ ա՛յլ գաղութէ մը ուսուցիչ կամ հարցավար։ Կը կարծեմ, որ ատքանին համար ալ հասուն չենք, որովհետեւ դեռ չենք զգացած մեր լեզուին կարեւորութիւնը։

Մենք մեր լեզուին ներկայութիւնը չենք զգար։ Ա՛ս է բուն հարցը։ Մեր լեզուն ճառերու, հպարտութեան, խանդավառութեան նիւթ է։ Մեր նիւթը չէ։ Շատ աւելի ճիշդ է, առանց չափազանցութեան, ըսել, որ ան մեր հաւաքական ատելութեան ու արհամարհանքին առարկան է։

Իմ աս արտայայտած գաղափարներէս ու առաջարկներէս շատ աւելի փայլունները կան, արտայայտուած են, խորհրդաժողովներ, հանդիպումներ տեղի ունեցած են քանիցս, սակայն մակերեսային աշխատանքն է տիրապետողը, որ տեղեակ չէ, թէ հինգ տարի յետոյ ի՞նչ բերքի առջեւ կրնայ գտնուիլ՝ գէթ մօտաւորապէս։

Մեր բանալի անձերուն՝ ղեկավարներուն համար ալ այսօր յստակ չէ՛, թէ ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՆ ՈՒ ՀԱՑՆ Է։

.-.-.-.-.-.-.-.

Իշխան Չիֆթճեանի պատասխաններէն յետոյ մեզի կը մնայ գնահատել անոր ներդրումը և անսպառ աշխատանքը հայերէն լեզուի տարածման համար: Կը հրաւիրեմ այցելել hayerenblog.wordpress.com.

Մարիլին Չարեան