Ընդդիմադիր 5 ուժեր ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի վիճարկեն Սահմանադրական Դատարանին մէջ
Ասպարէզ.- Հինգ ընդդիմադիր ուժեր 7 Յունիսի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի վիճարկեն Սահմանադրական դատարանին մէջ: Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» եւ Ռոբերտ Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքներէն, Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան»էն եւ Վարդան Ղուկասեանի «Դեմոկրատիա, օրէնք եւ կարգապահութիւն»էն բացի, այսօր Սահմանադրական դատարան դիմելու մասին յայտարարեց նաեւ Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանի «Միասնութեան թեւեր»ը: Կուսակցութիւնը նաեւ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ վիճարկած էր ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Թաթոյեանի առաջնորդած ուժը ստացած է շուրջ 33 հազար ձայն` դուրս մնալով խորհրդարանէն:
«Նախընտրական ամբողջ պրոցեսի (գործընթացի) ընթացքում ընտրողների վրայ, մեր քաղաքացիների վրայ գործադրուել են, կիրառուել են այնպիսի միջոցներ, յատկապէս իշխող քաղաքական ուժի մասին է խօսքը` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, եւ պետական ապարատի (վարչակազմի)․ ընտրողները չեն կարողացել ազատ արտայայտել իրենց կամքը ընտրատեղամասերում, այսինքն` բառացիօրէն խախտուել է Սահմանադրութեամբ պաշտպանուող` ընտրութեան ազատութիւնը, այսինքն` ընտրութիւնները չեն եղել ազատ եւ հաւասար», ըսաւ «Միասնութեան թեւեր»ու ներկայացուցիչ Լիպարիտ Դրմէյեան:
Կուսակցութեան ղեկավար Արմէն Գալստեան 16 Յունիսին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին աննախընթաց որակեց «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի կողմէ պետական եւ վարչական միջոցներու օգտագործումը, որուն ապացոյցներէն մէկն ալ, ըստ անոնց, նախընտրական շրջանին պետական ծառայողներուն բաժնուած պարգեւավճարներն էին:
Ընդդիմադիր ուժի անդամները նաեւ մատնանշեցին քարոզարշաւի ընթացքին իրենց կողմէ հրապարակուած ձայնագրութիւնները, համաձայն որոնց, տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներ կը ստիպէին մարդ հաւաքել ու տանիլ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի նախընտրական հաւաքներուն:
«Ռեսուրսի (միջոցներու) չարաշահում, ռեպրեսիւ մեխանիզմներ (ճնշող գործիքակազմեր), աննախադէպ ֆինանսների օգտագործում «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի կողմից, որը այդպէս էլ ռէալ (իրական) կերպով արտացոլուած չէ նախընտրական հիմնադրամում` էս արդիւնքը կումուլեատիւ (հաւաքուած) բերել է նրան, որ այո՛, մեր ձայները նուազել են», ըսաւ Գալստեան։
Սահմանադրական դատարան դիմելու մասին յայտարարեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բանտարկուած «Դոգ» մականունով Վարդան Ղուկասեանի «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը, որուն ցանկին մէջ ընդգրկուած փաստաբան Լեւոն Բաղդասարեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ դատարանէն պիտի պահանջեն անվաւեր նկատել ընտրութիւններուն արդիւնքները: ԴՕԿը ընտրութիւններուն ստացած է աւելի քան 25 հազար ձայն` դարձեալ դուրս մնալով խորհրդարանէն:
«Ունենք համապատասխան ապացոյցներ, բնականաբար կը ներկայացնենք», ըսաւ Բաղդասարեան:
Խորհրդարան չանցած ուժերէն Էդմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան»ը թէեւ չի ճանչնար ընտրութիւններուն արդիւնքները` պնդելով, որ «ձեւաւորուող խորհրդարանը լեգիտիմ (օրինական) չէ», բայց Սահմանադրական դատարան պիտի չդիմէ: «Լուսաւոր Հայաստան»ը ընտրութիւններուն ստացած է շուրջ 7 հազար ձայն:
«Այսինքն` ընտրութիւնները ազատ չէին, արդար չէին եւ թափանցիկ չէին: Գնացինք առաջ», յայտարարեց Մարուքեան՝ շեշտելով, որ անիմաստ է դիմելը Սահմանադրական դատարան, որովհետեւ «դատական իշխանութիւնը անկախ չէ եւ ամբողջութեամբ ենթարկւում է Նիկոլ Փաշինեանին»։
Յայտնենք, որ, Սահմանադրական դատարանը կա՛մ պէտք է անփոփոխ ձգէ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վերաբերող Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը, կա՛մ անվաւեր ճանչնալով զայն` երեք հաւանական որոշում տայ. առաջին` «անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններուն արդիւնքները», երկրորդ` «անվաւեր ճանչնալ եւ սահմանել մանդատներու բաշխման կարգը», եւ երրորդ` «նշանակել ընտրութիւններու երկրորդ փուլ»:
Ի դէպ, ընտրութիւններու երկրորդ փուլ կայացնելու անհրաժեշտութեան մասին առաջին անգամ խօսած էր Սամուէլ Կարապետեանը: