Ըստ Թուրք ազգայնամոլ ղեկավարին՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը իրականութեան մէջ «Թուրանի Միջանցք»ն է
«Ասպարէզ» Զանգեզուրի միջանցք»ով Կարսը կը միանայ Թուրքիստանի տափաստաններուն», Անգարայի մէջ յայտարարեց Թուրքիոյ մեծագոյն ազգայնական ուժի` «Ազգայնական շարժում» կուսակցութեան առաջնորդ, նախագահ Էրտողանի քաղաքական դաշնակից Տեւլեթ Պահչելին:
«Իրերը հարկաւոր է կոչել իրենց անունով: Զանգեզուրի միջանցքը իրականութեան մէջ Թուրանական միջանցքն է: Երբ անիկա բացուի, թրքական աշխարհի վերամիաւորման գաղափարը շատ աւելի յստակօրէն պիտի ուրուագծուի», ըսաւ Պահչելին` դիմելով իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն: Ան կոչ ուղղեց պաշտօնական Երեւանին՝ չխոչընդոտելու ծրագիրի իրագործումին:
«Ղարաբաղը Ատրպէյճան է: Ասիկա ապացուցուած է թէ՛ ռազմի դաշտին մէջ` արեան միջոցով, թէ՛ բանակցային սեղանին շուրջ` իրաւական մեթոտներով: Եթէ Երեւանը խելամտութիւն ցուցաբերէ եւ ազնուօրէն մասնակցի տարածաշրջանային համագործակցութեան, թուրանական միջանցքէն օգուտներ պիտի քաղեն ոչ միայն Ատրպէյճանն ու Թուրքիան, այլ նաեւ Հայաստանը: Հակառակ պարագային, այդ երկիրը կրնայ մսխել վաղուան կարելիութիւնները` անցեալի կորսուած երազանքներուն կառչած մնալով», յայտարարեց ան։
Մինչ այդ Ազգային ժողովի փոխխօսնակ, Երեւան-Անգարա կարգաւորման հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան 16 Յունիսին լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Ախալքալաք-Կարս երկաթուղիին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ տնտեսվարողները արդէն կ՛օգտուի՞ն այս երկաթուղիէն` Ռուբինեան ըսաւ. «Ապաշրջափակումը նոր է եղել, ենթադրում եմ` դեռ ոչ, բայց չեմ էլ ճշդել»:
«Համապատասխան տնտեսվարողները հնարաւորութիւն կ՛ունենան Ախալքալաք-Կարս երկաթգիծն օգտագործել ե՛ւ երկկողմ առեւտրի, ե՛ւ տրանզիտի (տարանցումի) համար: Հայաստանը երկաթգծային փակուղի էր, հիմա ամբողջ աշխարհը մեր համար բաց է, ի հարկէ դեռ Վրաստանի տարածքով միջնորդաւորուած, մենք աշխատում ենք, որպէսզի դա ուղիղ լինի», ըսաւ Ռուբինեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Մայիսին յայտարարած էր, որ Ախալքալաք–Կարս երկաթուղին այլեւս բաց է Հայաստանէն արտածումներուն եւ Հայաստան ներածումներուն համար: