Հայաստան: Գագիկ Ծառուկեան երկու ամիսով պիտի բանտարկուի
10 ՀԱԶԱՐ ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻ ՄԷՋ Է
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը երկու ամիսով բանտարկելու որոշում տրուեցաւ՝ «առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ փողերի լուացում կատարելու մեղադրանքով»: Փաստաբանները անհիմն կը նկատեն մեղադրանքը եւ կը նշեն՝ դատարանի որոշումը պիտի բողոքարկեն:
«Մեղադրանքից քարը քարին չի թողնուել, նման փուչ մեղադրանք դժուար է պատկերացնել նման գործով, եթէ նոյնիսկ պէտք է այս հետապնդումները կազմակերպէին, պէտք է աւելի լուրջ բան մտածէին, որովհետեւ այստեղ, կարծում եմ, որ յանցագործութեան դէպք էլ չկայ», յայտնեց փաստաբան Էմին Խաչատրեանը:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր քննադատներէն Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ 6 Յուլիսին իր առանձնատան մէջ՝ մօտ 12 ժամ տեւած խուզարկութենէն ետք: Ազգային անվտանգութեան դիմակաւորուած մեծաթիւ աշխատակիցները Ծառուկեանը տարին նախ Քննչական կոմիտէ՝ ուր անոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ։
69 ամեայ Ծառուկեանի կալանաւորումէն ետք Քննչական կոմիտէն տեսանիւթ տարածեց, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս տասնեակ ԱԱԾ դիմակաւորուած աշխատակիցները կը խուժեն Ծառուկեանի առանձնատուն, գետնին կը պառկեցնեն քանի մը տղամարդ, ապա կը շրջապատեն Ծառուկեանը, կը քաշեն անոր ոտքէն, ուժով զայն գետին կը տապալեն: Յաջորդ պատկերներուն մէջ արդէն Ծառուկեանը ձեռնաշղթաներով կը տեղափոխուի Քննչական կոմիտէ:
Քննչական կոմիտէին համաձայն՝ Ծառուկեան կազմակերպած եւ ղեկավարած է յանցաւոր խումբ մը, որ Իրան-Հայաստան կապեր ստեղծելու պատրուակով, խաբէութեամբ ու փաստաթուղթեր կեղծելով, իրանեան ընկերութիւններէն յափշտակած է 52 փոխադրամիջոց, սարքեր եւ ապրանքներ՝ պատճառելով շուրջ 22 միլիոն տոլարի վնաս։
Այնուհետեւ, ըստ նախաքննական մարմինին, Ծառուկեան կազմակերպած է յանցաւոր ճանապարհով ստացուած գոյքի եւ գումարներու լուացումը՝ զանոնք սեփական ընկերութիւններու օրինական շրջանառութեան միախառնելով։ Ինք՝ գործարարը, մեղադրանքը կը մերժէ՝ զայն որակելով կեղծիք։ «Մեղադրանքը լրիւ սարքած է, սուտ, փուչիկ է, 100 տոկոսով ճիշդ բան չկայ, ամէն ինչ պարզ կը լինի», ըսաւ Ծառուկեան Քննչական կոմիտէին առջեւ հաւաքուած իր համախոհներուն։
Փաստաբան Երեմ Սարգսեանի համաձայն՝ դատարանը ցարդ չէ յաջողած Ծառուկեանի մեղադրանքը հիմնաւորել։
Ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան»ի առաջնորդին վերաբերող այս գործընթացը, ըստ Ծառուկեանի խմբակիցներուն, քաղաքական է։ Ըստ անոնց՝ իրաւապահները կը գործեն վարչապետ Փաշինեանի հրահանգով։
Ծառուկեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործին ու անոր պատկանող ընկերութիւններուն մէջ խուզարկութիւններուն անդրադարձան ընդդիմադիր շարք մը ուժեր, որոնց կարգին՝ խորհրդարան անցած «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքները։ Անոնց համաձայն՝ Ծառուկեան կը հետապնդուի քաղաքական դրդապատճառներով։
Փաշինեան, որ նախընտրական իր քարոզարշաւին ընթացքին եւ անկէ ետք ալ կոշտ բառապաշարով բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ բանտ պիտի նետէ Քոչարեանը, Կարապետեանն ու Ծառուկեանը, տակաւին հրապարակաւ չարձագանգեց տեղի ունեցածին։
6 Յուլիսէն ի վեր աշխատանքը դադրած է Ծառուկեանի բոլոր հաստատութիւններուն մէջ, ուր մեծաթիւ անձեր կ՛աշխատին։ Ըստ Իվետա Տօնոյեանի յայտարարութեան՝ Ծառուկեանին պատկանող խոշոր ընկերութիւնները կապարակնքուած են, որուն իբրեւ արդիւնք մօտաւորապէս 10 հազար մարդ հարկադրուած կորսնցուցած է աշխատանքը, անորոշ ժամանակով: