Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը հրապարակեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործով առաջին վճիռը

22 de junio de 2026

Սթրասպուրկի դատարանը 18 Յունիսին հրապարակեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի գործերով առաջին վճիռը, որ կը վերաբերի ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ մայոր Հայկ Թորոյեանի խոշտանգման ու սպանութեան:

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը արձանագրեց, որ Ատրպէյճան խախտած է հայ զինուորին կեանքի իրաւունքը, պարտաւորեցնելով Պաքուին հատուցում վճարել անոր հարազատներուն, պատասխանատուութեան կանչել խոշտանգման հրահանգ տուողն ու կատարողը:

Այս գործով փաստաբանական խումբի անդամ Սիրանոյշ Սահակեանի համաձայն` ապրիլեան պատերազմի գործերով աւելի քան 20 վճիռներ կը սպասուին յառաջիկային` ատրպէյճանցիներուն կողմէ հայ զինուորներու խոշտանգումներուն վերաբերեալ:

Compartir: