Ակնարկ Սոչիի Հանդիպումը, Իտլիպն Ու Զանգեզուրեան Միջանցքը

04 de octubre de 2021

Սոչիի մէջ կայացած Փութին Էրտողան հանդիպումէն ետք աւելի սուր հնչեղութիւն ստացած է Զանգեզուրեան միջանցքի թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը: Յայտնապէս այս կէտը ո՛չ միայն ներառուած է Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան հիմնադրոյթներուն մէջ, այլ ստացած է առաջնային նշանակութիւն:

Ըստ էութեան, նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտի փակագիծերն են, որ կը բացուին, եւ ապաշրջափակում ձեւակերպումը մեկնաբանելով Անգարան եւ Պաքուն ամէնէն առաջ կ՛արծարծեն միջանցքի խնդիրը:

Միջանցքը արտատարածքային իմաստ ունի. այսինքն Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ առանձին հատուած, որուն վերահսկողութիւնը անպայման հայկական չէ: Միջանցքը Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը (սուվերենութիւնը) խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ իր իսկ տարածքներուն նկատմամբ: Ազրպէյճանական տրամաբանութեամբ միջանցք-միջանցքի դիմաց բանաձեւը գործի լծելու խնդիր է` Զանգեզուրեան միջանցքը Լաչինի միջանցքին դիմաց: Մինչդեռ Անգարան աւելի հեռահար նպատակներ կը հետապնդէ այս ձեւով:

Դարաւոր երազանք մըն է, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներուն կապելով, բայց մանաւանդ աշխարհաքաղաքական օրակարգեր համատեղելով Անգարան Մոսկուայի հետ համաձայնութեամբ կը փորձէ իրականացնել: Խօսքը Թուրքիա-Նախիջեւան-Զանգեզուր-Ազրպէյճան եւ անկէ` թրքացեղ, թրքախօս ժողովուրդներու ցամաքային գերիշխան կամուրջի մասին է: Ուրիշ երազանք չէ, եթէ ոչ համաթուրանական դարաւոր ծրագիրի իրականացման առիթ:

Սոչիի հանդիպման հետեւած լրատուութիւններուն մէջ առաջին փուլին կը բացակայէին արցախեան հակամարտութեան մասին նիւթեր: Միջազգային լրահոսին մէջ կար առատ նիւթ Իտլիպի մասին. մանաւանդ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ գրեթէ զուգահեռ Սոչիի հանդիպման, կ՛արձանագրուէր թրքական զօրքերու ամփոփում Իտլիպի շրջակայքէն դէպի Իտլիպ: Պաշտօնական Դամասկոսէն կը հնչէր թրքական զօրքերու սուրիական տարածքներէն հեռացման հրամայականը: Պարզ էր, որ նման պաշտօնական յայտարարութիւն Դամասկոսը համաձայնեցուցած պիտի ըլլար Մոսկուայի հետ:

Իտլիպեան տեղաշարժը սակայն կրնար մտահոգիչ ըլլալ հայկական կողմին համար: Առեւտրային քաղաքական տրամաբանութեամբ Իտլիպի դիմաց Մոսկուան Անգարային պիտի շնորհէր այլ առաջադրանք: Մտավախութիւնը կը կեդրոնանար Զանգեզուրը Իտլիպի դիմաց բանաձեւին վրայ:

Եւ ահա, Սոչիի հանդիպումի արդիւնքներոն մասին խօսելով Թուրքիոյ նախագահը կը յայտարարէր, որ իր ռուս գործընկերը հաւանութիւն տուած է վեցեակի հարթակի ծրագիրին. իսկ Պաքուի զանգուածային լրատուամիջոցները կը շեփորէին Փութին-Էրտողան համաձայնութիւնը` «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ: Մոսկուան պաշտօնապէս չէ յայտարարած մինչ այժմ միջանցքի մասին իր համաձայնութիւնը. ընդհակառակը նախապէս խօսած է, որ միջանցքի մասին որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Չի բացառուիր սակայն, որ բանակցութիւններուն ապաշրջափակումի առաջադրանքը միջանցքային տեսք ստացած ըլլայ երկու նախագահներուն հանդիպման, յատկապէս իտլիպեան նահանջը նկատի ունենալով:

Միջանցքը վտանգներ պարփակող ձեւակերպում է: Որքան ալ Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հաստատեն, որ չի կրնար ըլլալ, որ Հայաստանի տարածքին մէջ արտատարածքային գերիշխան միջանցք գոյութիւն ունենայ, այդուհանդերձ այդ բառակապակցութիւնը պէտք չէ օգտագործեն ըսելու համար, որ «միջանցքներ կամ ճանապարհներ Հայաստանի մէջ հաւանական է որ բացուին, որոնցմէ կրնան օգտուիլ ազրպէյճանցիները. կամ` Թուրքիան, որպէսզի Ազրպէյճանի հետ կապուի: Այդպիսի տարբերակ հաւանական է, բայց այդ ճանապարհները պիտի ըլլան Հայաստանի սուվերըն վերահսկողութեան տակ»:

Միջանցքի գաղափարի արծարծման հետեւեցան ազրպէյճանական զօրքերու իրանամերձ տարածքներու վրայ ռազմափորձերը: Իրանը պատասխանեց աւելի քան համարժէք, կազմակերպելով «Խայպարի նուաճողներ» անուանակոչուող ռազմավարժանքները: Հետեւեցան զգուշացման կոչեր: Ի դէպ իրանեան զօրավարժանքներու անունը կը կապուի 628 թուականին իսլամներու եւ հրեաներու միջեւ կայացած պատերազմին, որ աւարտած է իսլամներու յաղթանակով: Ըստ էութեան, Ազրպէյճանի սահմաններուն մօտ կայացած այս զօրավարժանքներուն հիմնական ուղերձը Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմական գործընկերութեան կը վերաբերէր:

Թեհրանի յայտարարութիւնները նախապատերազմեան իրավիճակ բնութագրող զգուշացումներ են: Իրան կը խօսի իր սահմաններու փոփոխութեան անընդունելիութեան եւ անթոյլատրելիութեան մասին եւ կը խոստանայ հակազդել, եթէ որեւէ ոտնձգութիւն կատարուի:

Իսկ Զանգեզուրեան միջանցքը համազօր է Իրանի սահմանային կարգավիճակի փոփոխութեան, հետեւաբար նաեւ` կարեւոր ելքի փակման:

Աֆղանիստանէն Ազրպէյճան իրադարձութիւնները կ՛իմաստաւորուին Իրանի սահմանամերձ շրջաններու իրավիճակի կտրուկ փոփոխութիւններով: Անգարան այդ պահն է, որ կը փորձէ օգտագործել համաթուրանական կամուրջի դարաւոր երազանքի իրականացման փորձ կատարելով:

«ԱԶԴԱԿ»