Յայտարարութիւն

Աւելի քան երբեք Զօրավիգ կանգնինք լիբանահայութեան

09 de agosto de 2020

Արդէն տնտեսական աննախընթաց տագնապ դիմագրաւող լիբանահայութիւնը ամէն լիբանանցիներուն նման ապրեցաւ Երեքշաբթի 4 Օգոստոս 2020ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին աղէտը:

Անոր արդիւնքով մինչ օրս համայնքը ունի 13 զոհ, բազմաթիւ վիրաւորներ և աննախընթաց նիւթական վնասներ յատկապէս հայաբնակ Պուրճ Համուտին մէջ: Մինչ պայթումի վայրին մէջ փրկութեան աշխատանքները կը շարունակուին, պէտք չէ բացառել որ ի շարս այլ քաղաքացիներու նաև աւելնան հայ զոհերը: Հայկական հաստատութիւնները, որոնք արդէն դռուար կացութեան մէջ կը գտնուէին ենթարկուած են քանդումի և կարօտ են վերաշինութեան: Այս բոլորը կը պատահի երբ երկրի մէջ նախապէս անկում արձանագրած համավարակի պարագաներն ու զոհերը մտահոգիչ կերպով աւելնալու սկսած են:

Այս բոլորով հանդերձ, պայթումէն անմիջապէս յետոյ համայնքը արդէն զօրաշարժի ենթարկուած է նախ հասնելու համար վիրաւորներուն ապա և նախաձեռնելու համար հետևանքներու վերացման: Հասարակական ցանցերով համայնքի զօրաշարժին հետևողները արդէն կը տեսնեն թէ ինչպէս անգամ մը ևս համայնքը իր վերապրումի անկոտրուն կամքը ցոյց կու տայ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի իր բոլոր ընկերներուն և ընկերուհիներուն անունով իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներուն և ամբողջական զօրահցութիւն լիբանահայութեան:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն և Համազգային, շրջանային ղեկավարութիւններուն հետ համատեղ շրջանի երեք հայահոծ երկիրներուն մէջ արդէն սկսած էր լիբանահայութեան օժանդակութեան դրամահաւաքի: Այս պայթումէն յետոյ, երբ աւելի քան երբեք կը զգացուի համայն Սփիւռքի զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտ կարիքը զգացող լիբանահայութեան համար, կոչ կ'ուղղենք մեր համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն և իւրաքանչիւր անհատի իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ դրամահաւաքին

Պահն է, որ որպէս կազմակերպուած համայնքներ փաստը տանք մեր գիտակցութեան՝ յանձնառու ըլլալու աշխարհացրիւ բայց միասնական հայկական Սփիւռքի մը և միջ-համայնքային փոխ-օգնութեան պատրաստակամութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Արժանթին, Ուրուկուայ, Պրազիլ