Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 170 հազար ամերիկեան տոլար կը յատկացնէ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն

21 de enero de 2020

Գա­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկա­կան Բա­ժանմունքը170 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րի գումար մը կը յատկացնէ Լի­բա­նա­նի մէջ գործող 18 դպրոցնե­րուն: Այս նուի­րա­տուութեան ծի­րէն ներս, նպաստ մը կը տրա­մադրուի նաեւ յա­տուկ կարգա­վի­ճակ ունե­ցող ե­րե­խա­ներ հո­գա­ցող Թռչնոց Բոյն հաստա­տութեան:

Անցնող քա­նի մը ա­միսնե­րուն ընթացքին Լի­բա­նա­նը կրկին անգամ յայտնուե­ցաւ քա­ղա­քա­կան, ընկե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ծանր վի­ճա­կի մէջ: Գա­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկա­կան Բա­ժանմունքը մօ­տէն հե­տեւե­ցաւ եւ կը շա­րունա­կէ հե­տեւիլ Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան դաշտի զարգա­ցումնե­րուն, քաջ գի­տակցե­լով, որ երկրին մէջ տե­ղի ունե­ցող բո­լոր վե­րի­վայրումնե­րը ի­րենց ուղղա­կի անդրա­դարձը ունին նաեւ հայ հա­մայնքին եւ դպրո­ցին վրայ:

2019-ի կի­սուն, Հիմնարկութեան Հայկա­կան Բա­ժանմունքը հրա­տա­րա­կեց Լի­բա­նա­նա­հայ գա­ղութի կրթա­կան կեանքին առնչուող իր ռազմա­վա­րութիւնը: Դպրո­ցա­կան վե­րա­մուտին յա­ջորդե­լիք ծրա­գիրնե­րուն մեկնարկը քա­նի մը ա­մի­սով յե­տաձգուե­ցաւ՝ Լի­բա­նա­նի մէջ տի­րող տագնա­պին պատճա­ռաւ: Ուղղա­կիօ­րէն դպրոցնե­րուն փո­խանցուած գումարնե­րը սահմա­նուե­ցան ըստ իւրա­քանչիւր հաստա­տութեան ա­շա­կերտութեան եւ ուսուցչա­կան կազմի թիւե­րուն, ինչպէս նաեւ՝ Հիմնարկութեան Հայկա­կան Բա­ժանմունքի Լի­բա­նա­նի ներկա­յա­ցուցի­չին եւ դպրոցնե­րու ղե­կա­վարնե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ունե­ցած հանդի­պումնե­րուն ընթացքին ընդգծուած հարցե­րուն:

Հայկա­կան Բա­ժանմունքի տնօ­րէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փա­նո­սեան այս ա­ռի­թով ը­սաւ, որ «դպրոցնե­րը հա­մայնքին ա­պա­գան են: Կրթա­կան ծրա­գիրնե­րու կողքին ա­նոնք ունին կենցա­ղա­յին եւ ա­ռօ­րեայ հսկա­յա­կան ծախսեր, ո­րոնք այս դժուար օ­րե­րուն ա­ռաջնա­յին կը դառնան: Ներկայ յատկա­ցումնե­րը չեն փո­խա­րի­ներ մեր ռազմա­վա­րութեան ծրա­գիրնե­րը, այլ՝ հա­մեստ եւ անյե­տաձգե­լի նե­ցուկ մը կը հանդի­սա­նան լի­բա­նա­նա­հայ դպրո­ցին, հաստա­տե­լով Գա­լուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հա­մա­գործակցութիւնը կրթա­կան հաստա­տութիւննե­րուն հետ»:

Դոկտ. Փա­նո­սեան Փետրուար ամսուն պի­տի այցե­լէ Լի­բա­նան եւ հանդի­պումներ պի­տի ունե­նայ կրթա­կան ո­լորտի ներկա­յա­ցուցիչնե­րուն հետ՝ արժեւո­րե­լու հա­մար ռազմա­վա­րութեան մէջ տեղ գտած ծրա­գիրնե­րուն ընթացքը եւ ուրուագծե­լու Հիմնարկութեան ա­պա­գայ քայլե­րը Լի­բա­նա­նի մէջ: