Դաւիթ Իշխանեան. “Քարոզարշաւին կանուխ սկսիլը չի համապատասխաներ ներքաղաքական պահանջներուն”
Հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն, 2020-ին տեղի ունենալիք Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին “Թերթ”-ի թղթակից Ամալիա Առաքելեանի հետ զրուցած է Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, նախագահական թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան: Ըստ անոր, 2019-ի սկիզբը կար լարուածութիւն հայկական երկու պետութիւններու յարաբերութիւններուն մէջ, սակայն տարեվերջին այդ լարուածութիւնը ո՛չ միայն մեղմացած է, այլ նաեւ` յարաբերութիւնները ջերմացած են:
Բանակցային գործընթացին Արցախի մասնակցութեան մասին խօսելով եւ անդրադառնալով լրագրողի այն տեսակէտին, որ արդեօք հակասող չէի՞ն այն յայտարարութիւնները, երբ վարչապետ Փաշինեան մէկ կողմէ կ՛ըսէ, թէ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, իսկ միւս կողմէ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն առաջ կը նշուի, որ Հայաստանի եւ Արցախի դիրքորոշումները նոյնն են` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ. “2016-ի ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք ատիկա բնական է, եւ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, ստանձնելով իրենց պարտականութիւնները, Արցախի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին լիարժէք ձեւաչափով օրախնդիր դարձուցին, ատիկա նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն ցանկութիւնն է, կարծես թէ, այդ գործընթացին կը փորձեն նոր լիցք հաղորդել:
“Ինչ կը վերաբերի այդ յայտարարութիւններուն, կը կարծեմ` բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումը եւ տեսակէտներու ամրագրումը իրար հակասող չեն: Ես պէտք է այդ ամէնը ներկայացնեմ արցախեան կողմի տեսանկիւնէն. վերջին 12 տարիներուն մենք ականատեսն ենք արցախեան կողմի կարծր կեցուածքին, եւ եթէ հայաստանեան իշխանութիւնները այսօր ունին նոյնականացուած տեսակէտ Արցախի իշխանութիւններուն հետ, բնականաբար, մենք կրնանք ողջունել, որ այդ տեսակէտները կը համընկնին կարծր կեցուածքով, եւ յոյսով ենք, որ այդ ամէնը ոչ միայն խօսքեր են, այլեւ գործնական քայլերու պէտք է վերածուին”, աւելցուց ան:
2019-ին բանակցային գործընթացին մասին խօսելով` Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ այդ մասին տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կան` երկու երկիրներու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումներու գնահատականներուն առումներով. “Բայց կը կարծեմ, որ բանակցային գործընթաց, իբրեւ այդպիսին, որակելը աւելի ճիշդ է, որովհետեւ ինքնին այս կամ այն հանդիպումը իբրեւ զուտ հանդիպում որակելը կ՛երեւի թէ իրականութեան չի համապատասխաներ: Ըսել, թէ բանակցային գործընթացին մէջ կայ յառաջընթաց, այդքան ալ անկեղծ չէինք ըլլար, բայց այն, որ բանակցային գործընթացը փուլի մը ընթացքին յայտնուած է փակուղիի մէջ, այդ փակուղային վիճակէն դուրս գալու պրպտումներու մէջ ենք: Միանշանակ չեմ կիսեր այն կարծիքները, թէ բանակցային գործընթաց չկայ”:
Լրագրողը հարցուց նաեւ 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն եւ այս գծով քարոզարշաւին ժամանակէն առաջ սկսելուն մասին` նշելով, որ, ըստ Դաշնակցութեան, քարոզարշաւին կանուխ սկսիլը չի համապատասխաներ ներքաղաքական պահանջներուն եւ ընդհանրապէս այն մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կանգնած է երկիրը:
Դաւիթ Իշխանեան, լրագրողին խնդրանքով, խօսեցաւ նաեւ` իբրեւ նախագահական թեկնածու, իր կատարելիքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:
2019 տարին արժեւորելով եւ 2020-էն ունեցած ակնկալութիւններուն մասին խօսելով` Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ անցնող տարին կը բնութագրէ իբրեւ ծանր տարի` գոնէ հայկական պետականութեան համար, որովհետեւ մենք ո՛չ միայն շրջանին, այլ աշխարհին մէջ ականատես եղանք այնպիսի վերադասաւորումներու եւ զարգացումներու, որոնք կրնան ազդել երկրի արտաքին վտանգներու դիմակայելու դիմադրողականութեան վրայ: