ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՅԱՏԵԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

16 de junio de 2020

Լիբանան կը գտնուի տնտեսական և ֆինանսական խոր տագնապի մը մէջ ընդառաջ և այդ կացութիւնը իր խոր ժխտական ազդեցութիւնը ունի տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Ոչ իսկ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975 – 1990) համայնքային հաստատութիւնները գտնուած են իրենց դռները փակելու ստիպումի սպառնալիքին դէմ յանդիման: Պսակաձև ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, համայնքը շատ արագ կազմակերպեցուեցաւ հայկական թաղամասերու բժշկական, պարէնային և այլ ամէն ձևի օժանդակութիւն հասցնելու համար: Համայնքի քաղաքական և կրօնական ղեկավարութիւնը դիմած է Սփիւռքին՝ խնդրելով օժանդակութիւն դիմակայելու համար օրհասական այս կացութիւնը:

Անցեալ 10 և 11 Յունիսին, համայնքը թիրախ եղաւ նոր և շատ լուրջ սպառնալիքի մը: Հայազգի հաղորդավար լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, ալ-Ժատիտ հեռուստատեսային կայանի իր ծրագրին ընթացքին, Թուիթըրի ճամբով ստացաւ հայհոյանքներ, որոնց շարքին իրեն «գաղթական» համարումը: Հաղորդավարը Լրագրողը ուղղակիօրէն պատասխանեց այդ յարձակումներուն և ամբաստանութեան մատը յղեց դէպի Թուրքիա և նախագահ Էրտողան: Լրագրողի ելոյթին յաջորդեց հայատեացութեան արտայայտութիւններու ամբողջ տարափ մը, որոնց մեծ մասը ոչ-լիբանանեան աղբիւրներէ կու գային: Այդ արտայայտութիւնները կ'արդարացնէին ցեղասպանութիւնը ըսելով որ «հայերը արժանի էին ջարդուելու»: Տեղի ունեցաւ թրքական դրօշակներով ցոյց նոյն հայատեաց արտայայտութիւններով, որոնց հեղինակները իրենք իրենց կը համարին օսմանցիներու ժառանգորդներ և Էրտողանի հետևորդներ: Լիբանանի մէջ Արաբ Մերտինցիներու միութեան նախագահ Մունիր Հասան ի մասնաւորի օսմանցիներուն անուանեց իր «նախահայրերը» և ըսաւ որ «լաւ գործ ըրին հայերուն ջարդելով»: Ան հայերուն կոչեց «յիմարներ, դաւաճաններ, վատեր և անյարգալիցներ»:

Բարեբախտաբար լիբանանեապն քաղաքական բոլոր շրջանակները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին: Լիբանանի մէջ գործող Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին դատապարտելով այս երեւոյթը եւ ինքնազսպումի կոչ ըրին հայ համայնքի զաւակներուն: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց զուսպ մնալու և գրգռութեանց տեղի չտալու: Երեսփոխանը դատական հարց բացած է Մունիր Հասանի դիմաց: Նոյնը ըրին Լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները: Նամակներ յղուած են Պէյրութի մէջ դեսպանութիւններու զգուշացնելով հայատեացութեան այս նորագոյն արտայայտութեան դէմ:

Արժանթինի Հայ Համայնքի Հաստատութիւնները այսու կու գան համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն և եղբայրներուն: Հայատեացութեան այս արտայայտութիւնները ինքնաբուխ չեն այլ ներշնչուած և կազմակերպուած Անգարայի կողմէ: Համահունչ են Թուրքիոյ ժխտողականութեան և նէօ օսմանական նոր քաղաքականութեան Միջին Արևելքի մէջ: Սուրիոյ հիւսիսն ու Լիպիա իր զինուորական միջամտութենէն յետոյ, Էրտողանի վարչակարգը իր գործակալները և իր երաշխաւորած ու ֆինանսաւորած ծայրայեղական խմբակցութիւնները աշխուժացուցած է Լիբանանի մէջ ևս: Երկրի այս տագնապալի կացութենէն օգտուելով, Թուրքիա կը ջանայ հարուածել միջ-համայնքային համակեցութիւնը և թիրախաւորել հայութիւնը այնպէս ինչպէս թիրախաւորեց քիւրտերուն Սուրիոյ մէջ:

Որպէս արժանթինցի քաղաքացիներ, ուշադրութեանը կը յանձնենք մեր կառավարութեան թրքական հայատեացութեան այս նոր արտայայտութեան մասին ընդդէմ Լիբանահայութեան և միջազգային բեմին վրայ արժանթինեան դիւանագիտութենէն կ'ակնկալենք ցեղապաշտական այս քաղաքականութեան դէմ յստակ յանձնառութիւն: