Ինչո՞ւ Թուրքիան Ճիշդ Այս Պահուն Ջատագովն Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

11 de abril de 2022

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիա զօրավիգ կանգնելով Ազրպէյճանին` նպաստեց անոր զինուորական յառաջխաղացքին:

Ազրպէյճանի ծաւալած պատերազմին արդիւնքով արդէն իսկ իրականացաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման Թուրքիոյ առաջին նախապայմանը, այսպէս կոչուած` «հայկական կողմին Արցախ-Ազրպէյճան սահմանային կարգ մը գիւղերէն նահանջը»: Տեղի ունեցաւ աւելին. Ազրպէյճան` հասաւ մինչեւ Շուշի:

Ազրպէյճանին` Շուշիի սահմանը հատելէն ետք միայն կողմերուն զինադադարի յայտարարութիւնը կը յուշէ առկայութիւնը նախօրօք նախատեսուած ճամբաներու ապաշրջափակման ծրագիրի մը, որ կը սկսի Թուրքիայէն, կ՛անցնի Նախիջեւանէն ու Հայաստանի սահմանէն  եւ Շուշիի ճամբով կը մտնէ Ազրպէյճան:

Պատերազմէն անմիջապէս ետք երեւան եկաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թեզ մը:  Ու հակառակ անոր որ արցախեան առաջին պատերազմէն ետք, երբ հռչակուեցաւ Արցախի անկախութիւնը, Ազրպէյճան դէմ կեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման, հիմա` սակայն, Արցախի հողերու կորուստէն ետք, ան ջատագովներէն մէկն է այդ կարգաւորման:

Ուքրանիոյ պատերազմը աւելի արագ կշռոյթի մէջ դրաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, քանի որ այս պատերազմը կը ստիպէր տարածաշրջանի երկիրներուն վերանայիլ իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները:

Ինչո՞ւ այս աճապարանքը:

Ազրպէյճան քաջ կը գիտակցի, որ այս պարագային, Թուրքիոյ հետ միասին, պիտի ստիպէ Հայաստանին` ճանչնալ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մէկը Թուրքիան եւս կը յայտարարէ բացայայտօրէն, հակառակ անոր որ հայրենի իշխանութիւնները բազմիցս կը շեշտեն, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորուին առանց նախապայմանի:

«Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ երկկողմ յարաբերութիւններու առանց նախապայմաններու կարգաւորման», Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած ժողովին լրագրողներուն ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Աճապարանքի երկրորդ պատճառը Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ` Ռուսիոյ պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալէն օգտուիլն ու անոր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ թուլացնելն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորողները ռուսական խաղաղապահ ուժերն են: Ուստի թուլացնելով Ռուսիոյ ազդեցութիւնը եւ փոխարէնը ընդլայնելով Թուրքիոյ ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, Ազրպէյճան ամրագրած պիտի ըլլայ Արցախի բռնագրաւումը: Աւելի՛ն. ան Հայաստանի հետ խաղաղութեան ու տնտեսական կապերու հաստատման պատրուակով իր ճնշումի օղակը պիտի ընդլայնէ ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի տնտեսական ոլորտներուն վրայ: Կազատար խողովակներու վերջին պայթումը օրինակ մըն էր նման քայլեր կանխատեսելու:

Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յառաջխաղացքը կը մտահոգէ Ազրպէյճանը: Հետեւաբար որքան արագ կեանքի կոչուին ճամբաներու ապաշրջափակման ծրագիրներն ու թրքական գործօնին ազդեցութեան ընդլայնումը, Ազրպէյճան այնքան պիտի ամրագրէ Հայաստանի հետ սահմաններու ճշդման իր հարցերն ու Արցախը իր տարածքային ամբողջականութեան մէջ տեսնելու նկրտումները:

Որքան ուշանայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, այնքան հաւանական կը դառնայ ռուսական միջամտութեան ազդեցութիւնը, ինչ որ կրնայ Արցախին ի նպաստ ըլլալ, անոր ապահովութիւնը ամրագրելու եւ Արցախի կարգավիճակի յստակացման մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միջնորդութիւնը կենսունակ դարձնելու իմաստով:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար յարաբերութիւններու կարգաւորման յարմարագոյն պահն է:

Հայաստան կրնայ օգտուիլ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն միայն այն պարագային, երբ նախապայմաններու լեզուն չի խօսիր:

Փաստը, սակայն, հակառակը կը յուշէ: Արցախի գիւղերու վրայ եղած յարձակումները, բնակչութիւնը խուճապի մատնելու Ազրպէյճանի փորձերը, իսկ Թուրքիոյ ղեկավարներուն կողմէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Ազրպէյճան-Հայաստան վերջնական խաղաղութեան հաստատման հետ կապելը հասկնալի քայլեր են այս առումով:

Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան բողոքի ցոյցերը այս վտանգները լոյսին կը բերեն` պահանջելով հայրենիքին շահերը պահպանուած տեսնելու յանդուգն քայլեր:

Խմբագրական «Գանձասար»-ի