«Կարեւորը Սփիւռքի Պարագային Հաւատքով Ապրելու Արուեստն Է» Հաստատեց Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

22 de febrero de 2021

«Ազդակ»-ի 24-րդ առցանց լսարանին զեկուցաբերն էր դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ զեկուցեց «Սփիւռքը եւ յետպատերազմեան իրավիճակը» նիւթին մասին:Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դոկտ. Տէր Ղուկասեան պատերազմը սահմանեց իբրեւ հասարակական ամբողջական եղելութիւն մը եւ բաժանարար գիծով հանգրուանային բաժանում արձանագրեց պատերազմէն առաջ եւ պատերազմէն ետք հասկացողութիւններուն միջեւ: Ան իր վերլուծումը հիմնեց երկու արտայայտութիւններու վրայ. առաջինը` Երեւանի մէջ կեանքը բնականոն է, իսկ երկրորդը` վարչապետի ամանորեան ուղերձին` ամէն ինչ զերոյական կէտէն սկսելու արտայայտութիւններուն վրայ:

Այնուհետեւ զեկուցաբերը հարցադրեց, թէ յետպատերազմեան իրավիճակը բնականոնի շարունակութի՞ւնն է, թէ՞ զերոյական կէտը: Սփիւռքի զերոյական գետինի բանաձեւի որոնման ընթացքին Տէր Ղուկասեան հայ ըլլալու իմաստին, վերաիմաստաւորման անհրաժեշտութեան մասին խօսելէ ետք անդրադարձաւ սփիւռքի յարացոյցի փնտռտուքին իբրեւ հրամայական նոր ուղեցոյցի:

Համեմատական կատարելէ ետք 1920-ական թուականներու եւ ներկայ սփիւռքներու իրավիճակներուն` Տէր Ղուկասեան ընդգծեց սփիւռքագէտ փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանի բանաձեւը` աքսորեալ ազգէն անդրազգեան հաւաքականութեան կերտումի առումով:

Ճգնաժամերու հոլովոյթի ներկայացումէն ետք դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան արծարծեց սփիւռքեան նոր եւ հեռանկարային նկատառելի երեւոյթները` սփիւռքագիտութեան յառաջընթաց, արեւմտահայերէնի նկատմամբ նոր հետաքրքրութիւն, խօսակցական արեւմտահայերէնի կենսունակացում, թուայնացման ծրագիրներու բազմացում, ապագային նայող գիտաժողովներու կազմակերպում, սփիւռքի ինքնութեան ճանաչման պեղումներ եւ հայկական մշակոյթի տարածման նոր եղանակներ ու մեթոտներ:

Այս բոլորին մէջ զեկուցաբերը հասարակաց յայտարարը նկատեց համացանցը, որ անդրազգութեան գաղափարը կը հաստատէ` առաջարկելով, որ պէտք է ձեւաւորել հայկական համաշխարհային ցանց մը:

Յաճախ մէջբերումներ կատարելէ ետք սփիւռքի վերաբերող եւ «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզին եզրայանգումներէն, Տէր Ղուկասեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեամբ չի պայմանաւորուիր սփիւռքի գոյութիւնը անպայմանօրէն: Եւ եզրակացուց, որ «կարեւորը սփիւռքի պարագային հաւատքով ապրելու արուեստն է»:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ քննարկում` լսարանին մասնակցող սփիւռքագէտներու, պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու մասնակցութեամբ: