Կենսաբան Արտէմ Փաթափութեան Տիրացաւ Նոպէլեան Մրցանակի

05 de octubre de 2021

Բնախօսութեան եւ բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած են ամերիկացի Տէյվիտ Ճուլիըսթ եւ ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեան:

«Տը Նոպըլ Փրայզ» թուիթըրեան էջը կը հաղորդէ, որ երկու գիտնականները մրցանակին արժանացած են ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իրենց կատարած բացայայտումներուն համար:

Արտեմ Փաթափութեան մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան է: Ան ներկայիս կ՛աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Խոյա շրջանին մէջ գտնուող «Սքրիփս Ռիսըրչ» կեդրոնին մէջ:

53-ամեայ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ, ուր Կենսաբանութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ 1986-ին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ: