“Կը ցաւիմ` Փաշինեանը այդպէս ալ չընկալեց”. ՀՅԴ Հայաստանի Գ Մարմինի ներկայացուցիչի արձագանգը

28 de enero de 2020

ՀՅԴ Հա­յաստա­նի Գե­րա­գոյն մարմի­նի ներկա­յա­ցուցիչ Իշխան Սա­ղա­թէ­լեան` պա­տասխա­նե­լով Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեա­նի կարգ մը յայտա­րա­րութիւննե­րուն, իր դի­մա­տետրի է­ջին վրայ կա­տա­րած է հե­տեւեալ գրա­ռումը. “Կը լսեմ Դաշնակցութեան քա­ղա­քա­կան ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ վարչա­պե­տի “անկեղծ մտա­հո­գութիւններն” ու կը զարմա­նամ` արդեօք այդքան դժուա՞ր է հասկնալ, որ ՀՅԴ-ի մէջ շերտեր, դուրսի ու ներսի մա­սեր, արժէ­քա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան տա­րա­կարծութիւններ փնտռե­լը անշնորհա­կալ եւ, յատկա­պէս, դա­տա­պարտուած քայլ է:

Դաշնակցութեան հա­մա­հայկա­կան կա­ռոյցին կը միաւո­րեն միեւնոյն քա­ղա­քա­կան օ­րա­կարգերն ու խնդիրնե­րը: Մեզ պա­ռակտուած տեսնե­լու եւ այդ անշնորհա­կալ գործին լծուե­լու ձա­խո­ղած ճի­գե­րով լե­ցուն է մեր պատմութիւնը, այդ կարգին` ոչ վաղ անցեա­լը:

Շնորհա­կալ ենք Դաշնակցութեան “հա­յաստա­նեան մա­սով” “անկեղծ” մտաhո­գութեան հա­մար: Բայց շատ աւե­լի լաւ է մտա­հո­գուիլ քա­ղա­քա­կան ընդդի­մա­խօսնե­րու, անձե­րու նկատմամբ չդադրող անհանդուրժո­ղա­կա­նութեան սերմանման չա­փա­բա­ժի­նով, որ այլեւս սկսած է մեր երկրի ազգա­յին անվտանգութեան սպառնա­ցող սահմա­նա­գի­ծը հա­տել:

Իսկ մեր հա­մա­հայկա­կան կա­ռոյցը, ինչ որ շատ բնա­կան է, ունի իր կողմէ ճշդուած քա­ղա­քա­կան օ­րա­կարգն ու մարտա­վա­րութիւնը, եւ մեր հա­մա­հայկա­կան կա­ռոյցի մտա­հո­գութիւննե­րու կի­զա­կէտն է Հա­յաստա­նի ու մեր հայրե­նի­քի բա­րո­յա­քա­ղա­քա­կան շի­կա­ցած մթնո­լորտը, պե­տա­կա­նութեան ընթացքը, ներկայ ծանր մարտահրաւէրներն ու մշուշոտ ա­պա­գան:
Կը ցաւիմ` պա­րոն Փա­շի­նեա­նը այդպէս ալ չընկա­լեց, որ տարբեր երկիրնե­րու դաշնակցա­կան ե­րի­տա­սարդնե­րու կա­ռոյցնե­րու ա­ջակցութիւնը վա­յե­լած անցնող ա­միսնե­րու բո­ղո­քի ա­լի­քը ոչ թէ քա­նի մը անձե­րու հա­մար էր, այլ` մեր ազգա­յին արժէքնե­րու, մեր ժո­ղո­վուրդի ողնա­շա­րը նկա­տուող ազգա­յին կրթութեան, հա­յա­գի­տութեան պաշտպա­նութեան յստակ կե­ցուածք”, գրած է ան:

Նշենք, որ շա­բաթ օր Կա­պա­նի մէջ տե­ղի ունե­ցած մամլոյ ա­սուլի­սի մը ընթացքին, վարչա­պետ Նի­կոլ Փա­շի­նեան անդրա­դարձած է իշխա­նութեան եւ Դաշնակցութեան յա­րա­բե­րութիւննե­րուն` ը­սե­լով. “Ցաւօք սրտի ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ տպաւո­րութիւն կը ստեղծուի, թէ լա­րուա­ծութիւն կայ Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութեան եւ ՀՅԴ-ի մի­ջեւ. ես կը կարծեմ, որ ի­րա­կա­նութիւնը այն է, որ հա­կադրութիւն չկայ: Ե­թէ կայ հա­կադրութիւն, ա­պա Դաշնակցութեան այն հա­տուա­ծի եւ կա­ռա­վա­րութեան մի­ջեւ է, կամ, աւե­լի ճիշդ կրթութեան, գի­տութեան, մշա­կոյթի եւ մարմնակրթութեան նա­խա­րա­րութեան, ո­րոնք նախկին իշխա­նութիւննե­րու եւ նախկին փտած հա­մա­կարգին հետ ունե­ցած են ո­րո­շա­կի առնչութիւններ:
Իսկ ե­թէ Հա­յաստա­նի Դաշնակցութեան մէջ փո­փո­խութիւն չըլլայ, ա­պա ՀՅԴ-ի քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան շատ մշուշոտ կը դառնայ”:

Իսկ ընդհա­նուր առմամբ ամբողջ Դաշնակցութիւնը նոյն չա­փով չա­փել կա­րե­լի չէ, ը­սած է վարչա­պե­տը, ո­րուն կարծի­քով` ՀՅԴ-ն եւ Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութիւնը հա­մա­գործակցութեան լուրջ կա­րո­ղա­կա­նութիւն եւ պատրաստա­կա­մութիւն ունին: