Համբիկ Սասունեանը` Ազատութեան Մէջ

01 de noviembre de 2021

 

Շաբաթ, 30 հոկտեմբերի կանուխ առաւօտեան, արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, մօտ 40 տարի Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ արգելափակուած մնալէ ետք, հայրենիքէն ամբողջ հայ ազգին յղուած պատգամով մը աւետեց ազատութեան մէջ գտնուիլը: Պատգամին մէջ Համբիկ Սասունեան կը նշէ.

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի` Հայաստանէն: Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողի վրայ, խմել հայրենի ջուրը, շնչել օդը եւ զգալ ընտանեկան ջերմութիւնը:

Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մշտապէս քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած է իմ դժուարագոյն օրերուս: Խորին շնորհակալութիւններս կ’ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց որոնք նամակցած են, այցելած են, եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ: Վերջապէս հասած եմ տուն®

ՍԻՐՈՎ`
ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ»

Համբիկ Սասունեանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր Լոս Անճելըսի մէջ 28 յունուար 1982-ին Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան կասկածով: Այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր:

Դեկտեմբեր 2019-ին Լոս Անճելըսի նահանգի Ներման հարցերով յանձնախումբը որոշած էր ազատ արձակել Սասունեանը, սակայն Քալիֆորնիոյ նահանգապետը մայիս 2020-ին մերժած էր անոր ազատ արձակման հայցը: 2021-ի սկիզբը դատարանը որոշեց, որ նահանգապետարանի պնդումները Սասունեանի ազատ արձակման դէմ անհիմն են եւ վերականգնեց դեկտեմբեր 2019-ի ազատ արձակման որոշումը: Թուրքիան բազմիցս պաշտօնապէս իր դժգոհութիւնը յայտնած է Սասունեանի ազատ արձակման կարելիութեան առնչութեամբ:

Սասունեանը ծնած է 1 յունուար 1963-ին, Պէյրութի մէջ: Ան բանտարկուած էր 39 տարի: