Հայաստան Ցամաքային Սահմանով 100 Թոն Մարդասիրական Օգնութեամբ Բեռնաւորուած Բեռնատարներ Ուղարկած Է Թուրքիա

13 de febrero de 2023

Հայաստան 11 փետրուարին ցամաքային սահմանով մարդասիրական օգնութեամբ բեռնաւորուած բեռնատարներ ուղարկած է Թուրքիա: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան:

«Այսօր Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Թուրքիա: Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարները սահմանին հատած են Մարգարայի կամուրջը եւ կ՛ուղեւորուին երկրաշարժէն տուժած շրջան», յայտնած է բանբերը «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին թրքական աղէտի գօտի ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան համար:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին ան գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ: մասնաւորապէս շնորհակալական խօսքը ուղղելով Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանին:

«Շնորհակալ եմ, յարգելի՛ Վահան Կոստանեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան, ձեր ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ այս ամէնը կարելի դարձաւ: Ես մշտապէս պիտի յիշեմ այն առատաձեռն օգնութիւնը, որ Հայաստանի ժողովուրդը ուղարկեց` օգնելու թեթեւցնել Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած գօտիներուն մէջ գտնուող մարդոց տառապանքը», գրած է Քըլըչ:

Ան նշած է, որ ի յաւելումն փրկարարներու ու թեքնիք աջակցութեան, Հայաստան 5 բեռնատարներու միջոցով 100 թոն ուտելիք, ջուր, դեղամթերք ու առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներ ուղարկած է:

Հայաստանի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանի արձագանգը չուշացաւ: «Ուրախ ենք, որ կրնանք օգնել», գրեց ան: