ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 106-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ Ո՛Չ ՈՒՐԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ, ԱՅՈ՛ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻՆ

21 de abril de 2021

 

Դէմ յանդիման կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին:

Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին համար կենդանի են յիշողութեան, ճշմարտութեան և արդարահատոյցի քաղաքական յանձնառութիւնը, որուն հետևումով տարածաշրջանին մէջ անձնաւորութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ, Պետութիւններ օրէնսդիր, գործադիր և արդարդատական իշխանութիւններու մակարդակով  ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Համոզուած կը մնանք, որ պահանջատիրական պայքարն է միակ ուղին որ ի վերջոյ Ցեղասպան պետութեան համար գործած ոճիրին ճանաչումն ու նիւթական թէ բարոյական վնասուց հատուցման ընդունումը անխուսափելի պիտի դարձնէ:

 

2020 թուականը ճակատագրականօրէն ողբերգական եղաւ Հայաստանի և հայ ժողովուրդին համար: Համավարակի հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած սկզբնական անպատասխանատու կեցուածքը՝ լուրջի չառնելու Քորոնաժահրի սպառնալիքը փոքր և ամէն իմաստով խոցելի երկրի մը ու տնտեսութեան մը համար, պատճառ դարձաւ որ ուշանան անոր դիմագրաւման անհրաժեշտ պետական ամէն միջոցառումները և հասարակութեան գիտակցումը ծայրայեղ զգուշաւորութեան անհրաժեշտութեան: Միջին Արևելքի մէջ սուրիահայութեան յամեցող դժուարութիւնները, և, մանաւանդ, լիբանահայութեան դիմագրաւած ընկերա-տնտեսական սուր ճգնաժամը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի աղէտէն յետոյ, համավարակի մարտահրաւէրը դիմագրաւող սփիւռքեան համայնքներու օրակարգին վրայ անխուսափելի դարձուցին այդ տարածաշրջանէն եկած օժանդակութիւններու դիմումներու ներառումը: Քառասունչորսօրեայ պատերազմը, որպէս տարուայ մեծագոյն պատուհաս, և ազրպէյճանաթրքական համատարած յարձակումը Արցախի ճակատներու երկայնքին, որ աւարտեցաւ Հայստանի իշխանութիւններուն կողմէ Նոյեմբեր 9-ի նուաստացուցիչ համաձայնագիրը ստորագրելու և Արցախի ազատագրուած տարածքներուն 70 տոկոսը յանձնելու իրողութեամբ, երկիրը դրին անկախութենէն ի վեր ամենէն տկար և խոցելի իրավիճակին մէջ:

 

Պատերազմի ամբողջ տևողութեան և անկէ յետոյ, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ և իսլամիստ վարձկաններու  կողմէ միջազգային ամէն նորմերու խախտումը բացայայտ դարձուց անպատժելիութեան հետևանքները: Պատերազմի արդիւնքով զոհուեցան գրեթէ հինգ հազար հայորդիներ, վիրաւորուեցան և հաշմանդամ մնացին տասը հազար հոգի, տակաւին չկայ անհետ կորածներու իսկական թիւը, մինչ Ազրպէյճան կը մերժէ ազատ արձակել գրեթէ 200 պատերազմական գերի, որոնց կը մերժէ ճանչնալ որպէս այդպիսին, հակառակ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

 

Հայ ժողովուրդի նուաստացումը, Հայաստանի գոյութեան իրաւունքի ժխտումը, գրաւուած տարածաշրջաններուն մէջ հայկական դարաւոր ներկայութեան փաստերու ոչնչացումը, Սիւնիքի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հողատարածքներու իւրացումը Ազրպէյճանի յետ-պատերազմեան հայատեաց քաղաքականութեան ամենօրեայ արտայայտութիւններն են: Անգարայի և Պաքուի կողմէ գործադրուած ճնշումները՝ Զանգեզուռի վրայով Նախիջևանի և Ազրպէյճանի միջև ցամաքային կապի ստեղծման համար նպատակ ունին իրականութիւն դարձնելու անցեալ դարասկիզբի փանթրքակակն աշխարհաքաղաքական ծրագիրը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան և Արևմտահայաստանի հայաթափման գլխաւոր պատճառն էր:

 

Ազրպէյճաթրքական հայատեացութիւնը չի սահմանափակուիր Կովկասով: Եւրոպայի թէ Միջին Արևելքի հայահոծ համայնքներ ունեցող երկիրներու մէջ արդէն ակտիւացած են փանթրքական Գորշ Գայլերու խորհրդանիշի բացայայտ ցուցադրումով հակահայկական բարաբրոսութեան արարքները: Զուգահեռաբար, Ազրպէյճանի պետական քարոզչութիւնը շնականութեան նոր մակարդակի հասցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը՝ զոհը դահիճի վերածելու ճիգին ընդմէջէն:

 

Այս բոլորը պատճառ են աւելի քան երբեք կենդանի պահելու Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման և արդարահատոյցի յանձնառութեան վերահաստատումով: ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, յանուն իր ընկերուհիներուն և ընկերներուն, կը յայտարարէ որ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի յաջորդած այս ճակագատրական ժամանակներուն անհրաժեշտ է զգաստ ըլլալ Ցեղասպանութեան ուրացման թուրք-ազրպէյճանական վերաշխուժացման ամէն դոյզն արտայայտութեան և հակազդել անոր:

 

Միաժամանակ, անընդունելի կը գտնենք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու կողմէ թրքական ուրացման հանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծելու, Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի պահանջատիրութեան գինով հայ-թրքական հաշտեցումը արդարացնելու, տնտեսական մանկամիտ հիմնաւորումներով փանթրքական ծրագրի իրականացման կոչուած Զանգեզուռի վրայով Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի միջև հաղորդակցութեան կապի արդարացման կոչուած ամէն փորձ: «Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնախումբ»ի թէ Փրոթոքոլներու դէմ Սփիւռքէն արձակուած «Ոչ, հազար անգամ ոչ»ի օրինակով, թրքական ժխտողականութեան առջև ամէն թոյլտւութիւն պիտի դիմադրե՛նք, քաղաքական ի՛նչ ուժ ալ ըլլայ օրուայ իշխանութիւնը:

 

Կը հասկնանք պետական քաղաքականութեան տրամաբանութիւնն ու հրամայականները: Բայց համոզուած ենք որ կան կարմիր գիծեր զորս Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը դրած է Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցէն ի վեր որ կարելի չէ հատել, ոչ ի խնդիր Թուրքիոյ նկատմամբ «չթշնամանք»ի, ոչ ալ հայ-թուրք յարաբերութիւնները «շտկել»ու համար: Այդ կարմիր գիծերուն քաջ գիտակից ենք ի մասնաւորի Հարաւային Ամերիկայի մէջ, ուր Ուրուկուայ եղաւ աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնը որ օրէնքի ուժով ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, և մինչև օրս Արժանթինն է միակ երկիրը ուր Ցեղասպանութիւնը ընդունուած է օրէնսդիր,  գործադիր և արդարադատական իշխանութիւններու մակարդակով:

 

Ընդհակառա՛կը, Հայաստանի քաղաքական բոլո՛ր հատուածները պիտի որ ընկալեն Հայ Դատի պահանջատիրութեան կարմիր գիծերու կենսական անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի ապագային համար այնքան անհրաժեշտ համահայկական համախոհութեան և հայրենիք-Սփիւռք փոխ-կապակացութեան և համագործակցութեան ռազմավարական հայեցակարգի ստեղծման համար:

 

Առ այդ, կոչ կ'ուղղենք հայրենաբնակ քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական շրջանակներուն և երկրի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրինման պատկան մարմիններուն վերակենդանացնելու Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Համահայկական Հռչակագիրը և անո՛ր հիման վրայ դիմագրաւելու պատերազմի հետևանքներու վերացման, գերիներու ազատ արձակման, կորսուած իրաւունքներու վերատիրացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման և հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ոճիրի արդարահատոյցի իրականացման մարտահրաւէրները:

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ