ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

18 de noviembre de 2020

Պուէնոս Այրէս (Փրենսա Արմենիա).- Երեքշաբթի 17 Նոյեմբերին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ջանիկ Քէչեան այցելեց Պուէնոս Այրէսի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր առանձին հանդիպում մը ունեցաւ ՀՀ դեսպան Եսթեր Մկրտումեանի հետ: Հանդիպման ժամանակ քննարկումի առարկայ եղաւ Արցախեան 44օրեայ պատերազմը, ստորագրուած եռակողմանի յայտարարութիւնն ու զինադադարի համաձայնութեան արդիւնքները Հայաստանի, Արցախի և ընդհանրապէս հայութեան վրայ: ՀՅԴ պատասխանատուն յայտնեց որ կազմակերպութեան հարաւամերիկեան կառոյցը խիստ մտահոգ է Հայաստանի համար յանձնուողական այս համաձայնագրի հետևանքներուն՝ Արցախի կարգավիճակի, Հայաստանի ապագայի և հայ ժողովուրդի լինելութեան վրայ: Համաձայնագրի պայմանները անընդունելի նկատելով, ան կուսակցութեան մարմիններու, շարքային ընկերներու և համակիրներու անունով պահանջեց Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, և այդ իմաստով նամակ մը յանձնեց Դեսպանին հասցնելու առ որ անկէ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կառոյցը կը գործէ երեք երկիրներու մէջ՝ Արժանթին, Ուրուկուայ և Պրազիլ: Պուէնոս Այրէսի մօտ ՀՀ դեսպանատունը Հայաստանը կը ներկայացնէ նաև Ուրուկուայի, Չիլէի, Փարակուայի և Փերուի մօտ:
Ստորև ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի նամակին բովանդակութիւնը.

Պուէնոս Այրէս, 16 Նոյեմբեր 2020

Արժանթինի, Ուրուկուայի, Չիլէի, Փարակուայի և Փերուի մօտ
ՀՀ Արտակարգ և Լիազօր Դեսպան
Տիկ. ԵՍԹԵՐ ՄԿՐՏՈՒՄԵԱՆին.

Յարգելի Տիկին Դեսպան,

Հարաւային Ամերիկայի երեք հայաշատ երկիրներու՝ Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի մէջ գործող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի, իր կոմիտէութիւններու, իւրաքանչիւր շարքային անդամի և հազարաւոր համակիրներու անունով, այսու կու գանք մեր բացարձակ մերժումը արտայայտելու Նոյեմբեր 10ին հրապարակուած Հայաստան, Ազրպէյճան, Ռուսաստան եռակողմանի յայտարարութեան, որ կը համարենք ե՛ւ նուաստացուցիչ, ե՛ւ պարտուողական, ե՛ւ վտանգաւոր Արցախի, Հայաստանի և ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի լինելութեան համար:

Ի՛նչ ալ ըլլան այդ յայտարարութեան տեղի տուած պայմանները, որոնց մանրամասները ծանօթ չեն և անոր «անխուսափելիութեան» մասին ցարդ տրուած բացատրութիւնները չեն համոզեր, ոչ անոր բովանդակութեան, ոչ ալ անոր ընդունման ձևի -Վարչապետի առանձին որոշում- իմաստով: Ոչ մէկ ղեկավար, ոչ մէկ քաղաքական ուժ որ իշխանութեան գլուխն է, ոչ մէկ սահմանադրականօրէն ճշդուած իրաւունք և ոչ մէկ ընտրական օրինականութիւն կրնայ արդարացնել նման յանձնուողական յայտարարութեան ընդունում երբ ազգի ապագան է խնդրոյ առարկան:

Ցաւով կ'արձանագրենք, որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն կ'արդարացնէ յայտարարութիւնը այլև հալածանքներ սկսած է իր որոշման ընդդիմացող քաղաքական ուժերու, ղեկավարներու և ժողովուրդի հսկայ հատուածի դիմաց: Բերման կ'ենթարկուին հանրածանօթ անձնաւորութիւններ, արգիլուած կը մնայ հանրային քննարկման իրաւունքը և ի զօրու՝ բարձր տուգանքներու դրութիւնը բոլոր անոնց հանդէպ որ կը համարձակին իշխանութիւններուն դէմ խօսիլ: Աւելի՛ն, ցաւով լսեցինք Վարչապետին կողմէ վրէժխնդրութեան կոչեր ընդդիմադիրներու դէմ, ինչ որ ներքին պառակտումի և մինչև իսկ քաղաքացիական պատերազմի հրահրում է այնպիսի դիրքէ մը, որ, ենթադրաբար, պարտի կիրքերը հանդարտեցնել, ժողովուրդը միաւորել, ի մասնաւորի նման ծանր պահերու:

Այս բոլորը մեզի համար յստակ կը դարձնեն որ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այլևս չի կրնար շարունակել իր պաշտօնը, որուն պատասխապատւութեան բարձունքին չգտնուելու փաստը տուաւ ե՛ւ յայտարարութեան ընդունումով, ե՛ւ ընդդիմադրութեան դէմ հալածանքներով: Անհրաժեշտ է որ ան ներկայացնէ իր հրաժարականը և ապահովէ իշխանութեան անցնցում փոխանցում նոր կառավարութեան մը, որ այս վտանգաւոր հանգրուանին ապահովէ բոլոր քաղաքական կողմերու մասնակցութիւնը՝ յայտարարութեան հետևանքներու դիմագրաւման:

Կը դիմենք Ձեզ, որ այս նամակը հասցնէք առ որ անկէ, վստահեցնելով որ ինչպէս միշտ մենք կը մնանք յանձնառու մեր մասնակցութիւնը բերելու Արցախի, Հայաստանի և համայն հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան պայքարին որ չէ աւարտած:

            Յարգանօք՝

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի
Կեդրոնական Կոմիտէ