Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն Արցախեան Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի Դադրեցման Տարելիցին Առիթով

10 de noviembre de 2021

Արցախի 44-օրյա պատերազմի դադրեցմանհրադադարի Եռակողմ Յայտարարութեան առաջին տարելիցին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային ԱմերիկայիԿեդրոնական Կոմիտէն, Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի իր ընկերուհիներուն և ընկերներուն անունով, կոչ կ՛ուղղէ համայն հայութեան, և մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի բոլոր հայ համայնքներուն եւ Հայ Դատի բարեկամներուն, վերաշխուժանալ և զօրաշարժի պատրաստ ըլլալ ի խնդիր Հայաստանի և Արցախի շահերու վերանորոգ պայքարի և յանձնուողական քաղաքականութեան դիմադրութեան:

Բոլորին ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք հայ ժողովուրդի սպառնացող նորագոյն վտանգներուն վրայ, որոնք կրնան ծնունդ առնել ՀՀ իշխանութիւններու քուլիսային բանակցութիւններուն և գաղտնի համաձայնութիւններուն հետևանքով, այնպիսի ժամանակներու երբ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ սրած է մեծապետական մրցակցութիւնը և վերակենդանացած փանթուրքիզմը:

Ճիշդ մէկ տարի առաջ, Ազրպէյճանին յանձնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու 70 տոկոսը:Անոնց մէկ մասը ոչ իսկ թշնամիին անցած էր պատերազմի ժամանակ: Եռակողմանի Յայտարարութենէն յետոյ, ՀՀ իշխանութիւնները ցուցաբերեցին յաւելեալ տարածքներ զիջելու պատրաստակամութիւն, ներառեալ ՀՀ սահմաններէն ներս, առանց որ անոնք երբևիցէ խնդրոյ առարկայ դարձած ըլլային անցեալին:

ՀՀ իշխանութիւններու այս անընդունելի քաղաքականութիւնը հետևանք է պատերազմի մը, որմէ կարելի էր խուսափիլ, կամ մեկնարկէն մի քանի շաբաթ անց դադրեցնել, կանխելով անորնման աղիտալի աւարտը: Ընդ որում, քաղաքական ներկայ գործընթացը կը գտնուի ծայրայեղ վտանգաւոր զարգացման ուղիի վրայ, որ կը սպառնայ ազգայինպետականութեան և 1918 թուականին հայ ժողովուրդին հռչակած քաղաքական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական անկախութիւնը: Այն հայրենիքը որ կերտուեցաւ 1918-20 բախտորոշ տարիներուն, պահպանուեցաւ և իր իտէալները պահպանեց Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, վերանկախացաւ որպէս գերիշխան պետութիւն 1991-ին, այսօր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ կորսուելու վտանգին տակ է:

ՀՀ իշխանութիւններիւ իրերայաջորդ զիջումները Ազրպէյճանին չհամոզեցին Պաքուին վերադարձնել ռազմագերիները, հեռանալ Նոյեմբեր 9-էն յետոյ Հայաստանէն ներս իրենց գրաւած տարածքներէն և դադրեցնել հետևողական ոտնձգութիւնները Հայաստանի քաղաքացիներուն նկատմամբ: Աւելի՛ն, ՀՀ կառավարութեան հրամանով հայկական զինուած ուժերը, Սիւնիքի բնակչութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը, հեռացած են սահմանային շրջաններէն ուր ազրպէյճանցիները հաստատած են անցարգեքլներ, մաքսատուներ և ուր ազրպէյճանցի զինուորները անարգել կը սպառնան, կ'անպատուեն ու կը ստորացնեն հայ քաղաքացիներուն:

Հայաստան եւ Արցախի տարածքի դանդաղ բաժանումը լրջօրէն կը վտանգէ պատմականօրէն հայապատկան հողատարածքին վերամիացումըև ուղղակիօրէն կ'ազդէ Սփիւրք-Հայաստան-Արցախ միասնականութեան գաղափարին վրայ: ՀՀ իշխանութիւնները յանձնառու չեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ազատ, անկախ և միացեալ Հայաստանի գաղափարին անէացումը, որուն կրնայ յանգիլ այս քաղաքականութիւնը, ծանր հարուած պիտի ըլլայ համայն հայութեան ինքնութեան պահպանման և զարգացման յանձնառութեան, որ յատկանշած է ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան վերապրողներու կերտած Սփիւռքին:

Հայաստանը առանց Արցախի, Հայաստան չէ՛:
Հայաստանը առանց Սիւնիքի, Հայաստան չէ՛:
ՀՀ իշխանութիւնները այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին հսկայ պատասխանատըւութեան մը: Թուքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը չի կրնար իր ոճիրը ուրանալ շարունակող Ցեղասպանին թելադրած նախապայմաններով ըլլալ: Փրոթոքոլներու տխրահռչակ նախընթացը պէտք է միշտ մտաբերել: Այն ժամանակ մենք դէմ եղանք Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան և արդարահատոյցի մոռացման ամէն փորձի, այսօր կրկին կը բարձրացնենք մեր ձայնը՝ մերժելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամէն բնականոնացում, որ պիտի տանէ դէպի մեր յիշողութեան կորուստը, արդարահատոյցի և հողային պահանջատիրութենէ հրաժարականի:
Սահմազատումն ու սահմանագծումը չեն կրնար իրականանալ հողային զիջումներու գնով: Անընդունելի է Եռակողմանի Յայտարարութեան պայմաններու խախտումով հայկական սահմանային հողատարածութիւններու վրայ ռազմական ուժերու ներկայութիւնը: Տարածաշրջանիհաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը կը բացառէ Ազրպէյճանէն Նախիջևան ու Թուրքիա հողային կապի միջանցքը, որ փանթրքական ծրագրի իրականացման առաջին կոնկրետ քայլն է: Ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ բանակցիլ առանց ականջալուր ըլլալու համայն հայութեան: Ատենին զգուշացուցինք այս իշխանութիւններու սխալ ընթացքին մասին:Դժբախտաբար, սխալ դուրս չեկանք:
Ժամանակն է որ հայրենի քաղաքական դասը գիտակցի ազգային համաձայնութեան անհրաժեշտութեան: Ժամանակն է որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարութիւնը նախաձեռնէ նման քայլի ներառելով ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն, և Սփիւռքի հետ հաստատէ մնայուն խորհրդակցութիւն:

Հայ ժողովուրդը պետք չէ շփոթէ խաղաղութիւն ու բարգաւաճումը ստորադասութեան եւ ազգային շահերու, պատմական իրաւունքներու, ցեղասպանութեան արդարայատոյցի ամբողջական զիջումին հետ:

Մենք կ'ընդդիմանանք հայութեան լինելութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ամէն քաղաքականութեան:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը վիճելի չէ՛:

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վիճելի չէ՛:
Հաւաքական յիշողութիւնը պահպանումը, արդարութեան եւ հատուցման որոնումը բանակցելի չե՛ն:
Մենք՝ երէկ, այսօր եւ մի՛շտ հայ ժողովուրդի շահերը պաշտպանող Դաշնակցութիւնն ենք:

Պուէնոս Այրէս, 09 Նոյեմբեր 2021