Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակը եւ Նոբելեան մրցանակի չորս դափնեկիրներ ամբաստանեցին Ատրպէյճանին ՄԱԿ-ի Մարդու իրավունքներու գերագոյն յանձնակատարի առջեւ

01 de diciembre de 2021

Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Հայ Դատի Գրասենեակը, Նոբելեան մրցանակի չորս դափնեկիրներու հետ՝ հանդես եկավ՝ՄԱԿ-ի Մարդու իրավունքներու գերագոյն յանձնակատար Միշել Պաչելետի առջեւ, դատապարտելով հայ ռազմագերիներու ներկայ վիճակը, եւ իրենց ապորինի առեւանգութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ:

Ամբաստանութիւնը ներկայացուեցաւ Նոյեմբերի 18-ին թուագրուած նամակով ՝ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ՝ եւ Խաղաղութեան Նոբելեան մրցանակակիրներ Ատոլֆօ Բերես Էսգիվելի, Մաիրեդ Քորիգանի, Խոսե Ռամոս Հորտայի եւ Ջոդի Ուիլյամսի ընկերակցութեամբ։

Բացի այդ, ներկայացուեաւ նաեւ Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանի զեկույցը՝ Աըրպէյճանի պետութեան կողմէ հայ բնակչութեան դեմ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ հետոյ կատարուած բոլոր հանցագործութիւններու մանրամասնութիւններով։

«Այս շորթման կեդրոնական առանցքներու մէկը ռազմագերիներու անօրինական եւ հանցաւոր պահումն է, որոնք մինչեւ օրս ատրպէճանական բանակի կողմէ բռնութիւններու եւ տանջանքներու զոհ կը դառնան ։ Մինչ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կատարած է Միջազգային Իրաւունքներու բոլոր պահանջները, հատկապէս ռազմագերիներու վերաբերեալ Ժընեւի երրորդ համաձայնագրութեան պահանջներուն համեմատ՝ իր գերիներու հետ մարդասիրաբար վերաբերուելով, յանձնելով անոնք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, յարգելով անոնց ֆիզիքական ամբողջականութիւնը, ապահովելով իրենց անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնը եւ պահպանելով բոլոր այն պայմանագրերը որ ստորագրուած են՝ տակաւին կը սպասուի ատրպէյճանական պետութեան պատասխանը», կը զգուշացնէ Հայ Դատի Գրասենեակը:

«Կան բազմաթիւ ապացոյցեր այս խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի մասին, որուն ենթարկուած են դեռեւս Ատրպէյճան գտնուող հայերը, եւ միջազգային հանրութեան անդամներու կողմէ մի քանի մտահոգութեան արտահայտութիւններ տրուած են այս կապակցութեամբ՝ Human Right Watch-են մինչեւ Եւրոպական Արդարադատութեան Իրաւունքներու Դատարանը»:

«Հաշուի առնելով այս կացութիւնը, եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի շարունակական լռութիւնը ու անգործութիւնը՝ Նոյեմբերի 26-ին իր հայ եւ ռուս գործընկերներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ նշուած անձնաւորութիւնները կը խնդրեն ՄԱԿ-ի Մարդու Իիրաւունքներու գերագույն յանձնակատար Միշել Պաչելետին, որ յորդորէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անհապաղ ազատ արձակել հայ բանտարկեալներուն եւ վերջնականապես դադրեցնեն բռնութեան եւ ռազմական գործողութիւնները», կըսէ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի ամբաստանութիւնը: