Հաւաքական Յոյս` Վերականգնումի

08 de agosto de 2021

«ԱԶԴԱԿ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ Խմբագրական.

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը աշխարհի տարածքին որոտացած պայթումներուն մէջ իր հզօրութեամբ, տարողութեամբ եւ գործած աւերով կը գրաւէ առաջին հորիզոնականները:

Պայթումի ատեն արդէն Լիբանանը ենթարկուած էր տնտեսական պաշարումի, ինչ որ յաւելեալ ծանրութեան տակ դրաւ ամբողջ հասարակութիւնը:

Միջազգային ընտանիքի անդամ երկիրները զգուշաւորութեամբ հասցուցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններ: Բոլորը նկատի կ՛ունենային աշխարհաքաղաքական կեդրոնի կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցային քաղաքականութիւնը:

Այդուհանդերձ, օժանդակութիւնները, կառավարութիւնը շրջանցելով, տարբեր տեսքերով հասան քաղաքացիին: Ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները յաւելեալ ենթահող հարթեցին` կայանալու, քաղաքացիներուն հետ կապ հաստատելու, օժանդակութիւններ տրամադրելու:

Հասարակութիւնը դէմ յանդիման գտնուեցաւ պետական օղակներու անդամալոյծ վիճակին եւ անոր դիմաց պետական ծառայութիւններու համապատասխան գործունէութիւն ծաւալող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աշխուժ երեւոյթին:

Այս երեւոյթը պիտի շարունակուի յայտնապէս: Նոյնիսկ նոր կառավարութեան կազմութիւնը չի կրնար կտրուկ կշռոյթներով վերականգնել պետական ծառայութիւններու կազմակերպումը: Ուրեմն այդ բացը պիտի լրացնեն ոչ կառավարականները, որոնց գործունէութիւնը չի պայմանաւորուիր Պէյրութի նաւահանգիստի հետեւանքները վերացնելու գործառոյթներով միայն:

Թերեւս միակ համայնքը լիբանանահայութիւնն էր, որ օժանդակութիւններու կազմակերպման ցանցային համակարգի փայլուն կատարողականութիւն ցուցադրեց: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Քանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն մինչեւ եւրոպական երկիրներ ու միջինարեւելեան մեր համայնքները` բոլորը անխտիր կազմակերպեցին դրամահաւաքներ, սննդեղէնի, դեղորայքի ամբարումներ եւ ուղարկումներ:

Բոլորը ունէին այն գիտակցութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող կեդրոնական համայնք է, եւ անոր հարուածուիլը սփիւռքին ու համայն հայութեան հասած հարուած է:

Ցանցային այս համակարգի աշխատելուն առընթեր, կար նաեւ ներքին ինքնակազմակերպումը: Ամբողջ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւնները համախմբուեցան` վերականգնելու համար հարուածուած լիբանանահայութիւնը:

Թէ՛ ներքին ինքնակազմակերպումը եւ թէ՛ համահայկական ցանցային համակարգի օժանդակութիւնները պարզեցին եզակի պատկեր` ամբողջ լիբանանեան հասարակութեան մէջ: Ոգին եւ աշխատանքային փորձառութիւնը համատեղուած` տուին արդիւնք. լիբանանահայը ոչ միայն ստացաւ կենցաղային անհրաժեշտ կարիքները` սնունդ, դեղորայք եւ ի պահանջել հարկին` հիւանդանոցային խնամք, այլ նաեւ վերանորոգեց իր բնակարանը, վաճառատունը եւ յուսաց: Յուսաց, որ արտաքին հանգամանքները փոփոխութիւն կը բերեն ներլիբանանեան կեանքին եւ երկիրը տնտեսականօրէն կ՛ապաշրջափակեն: