ՀՅԴ Բիւրոյի Որոշումով Հայ Դատի Համակարգին Մէջ Իր Գործունէութեան Պիտի Սկսի ՀՅԴ Արցախի Հայ Դատի Գրասենեակը

02 de septiembre de 2021

Հաշուի առնելով 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական մարտահրաւէրները` ՀՅԴ Բիւրոյի որոշումով Հայ դատի համաշխարհային ցանցի կազմին մէջ իր գործունէութեան պիտի սկսի ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի գրասենեակը:

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հիմնադրումը յստակ քաղաքական ուղերձ է առ այն, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, պատերազմի հետեւանքներու վերացումն ու Արցախի վերականգնումը կը շարունակեն ըլլալ ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան առանցքային խնդիրներն ու քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակի հիմնադրման եւ Արցախի Հանրապետութեան օրուան յոբելեանին առիթով, 2 սեպտեմբերին, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը նախատեսէ Ստեփանակերտի մէջ կատարել պաշտօնական ընդունելութիւն, ուր պիտի ներկայացուին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի ներկայ փուլին ՀՅԴ Հայ դատի համաշխարհային ցանցի քաղաքական առաջնահերթութիւնները եւ նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին, ի թիւս այլոց կը նախատեսուի 2019 թուականին մեր կողմէ հիմնադրուած Արցախի բարեկամներու միջազգային ցանցի անդամ հանդիսացող օտարերկրեայ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու ուղերձներու ցուցադրութիւն:

Պաշտօնական ընդունելութեան վայրն է Ստեփանակերտ, Ազատամարտիկներու 26, «Եւրոպա» պանդոկի նախասրահ, սկիզբը` ժամը 12:00:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

31 օգոստոս 2021