Հ․ Յ․ Դ․ Հարաւային Ամերիկայի ԿԿ-ի նամակը՝ Արժանթինի մօտ ՀՀ Դեսպանին

25 de mayo de 2022

Մեծայարգ Պարոն Դեսպան Յովհաննէս Վիրապեան,

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով այսու կը դիմեմ Ձեզի փոխանցելու համար մեր խորին մտահոգութիւնը ՀՀ իշխանութիւններու կեցուածքին եւ վարած ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեանց համար:

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն մէկուկէս տարի անց, Հայաստանն ու Արցախը այսօր աւելի քան երբեք կը գտնուին իրենց գոյութեան ամենամեծ վտանգին դիմաց: Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում առած է հրաժարելու Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր յանձնառութենէն։

Կառավարութիւնը խոստացաւ ռազմագերիներու հարցը լուծել, ու չեղաւ:

ՀՀ կառավարութեան հրամանով հայկական զինուած ուժերը, Սիւնիքի բնակչութեան անվտանգութեան հիմնական երաշխիքը, հեռացած են սահմանային շրջաններէն ուր ազրպէյճանցիները հաստատուած են: Եւ այս իրավիճակը կ՛երեւի որ լման բնականացուած է:

Հայաստանի եւ Արցախի տարածքներու դանդաղ բաժանումը կը վտանգէ հայապատկան հողերու վերամիացումը եւ ուղղակիօրէն կ’ազդէ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ միասնականութեան գաղափարին վրայ:

Համոզուած կը հաստատենք որ Հայաստանը առանց Արցախի ու առանց Սիւնիքի, Հայաստան չէ՛: Որ Թուքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը չի կրնար իր ոճիրը ուրանալ շարունակող Ցեղասպանին թելադրած նախապայմաններով ըլլալ, որովհետեւ այդ քայլը մեզի պիտի տանէ դէպի մեր յիշողութեան կորուստ, արդարահատոյցէ եւ հողային պահանջատիրութենէ հրաժարում: Եթէ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան ու Թուրքիա հողային կապի միջանցքը կը ստեղծուի, փանթրքական ծրագիրը կը սկսի իրականանալ:

Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած գոյութենական ճգնաժամին վերջ տալու նպատակով է որ ծնունդ առաւ Համահայկական Դիմադրութեան Շարժումը ընդդէմ իշխանութիւններու քաղաքականութեան, վերահաստատելով որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը վիճելի չե՛ն: Եւ ոչ մէկ իշխանութիւն կրնայ բանակցիլ առանց ականջալուր ըլլալու համայն հայութեան:

Վերոնշեալ այս պահանջքներով է, որ ընդիմութիւնը նախաձեռնած է հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր եւ բողոքի տարատեսակ միջոցառումներու կազմակերման, իրադարձութիւններ, որոնց, վստահ ենք, կը հետեւիք մօտէն:

Մենք, որպէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան բաղկացուցիչ շրջան, ամբողջականօրէն զօրավիկ կը կանգնինք ընդդիմութեան Համահայկական Դիմադրութեան Շարժումին:

Ապրիլ 26-ին, ոստիկանութիւնը յարձակեցաւ Երեւանի ՀՅԴ Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնին վրայ, եւ ձերբակալեց ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներու: Նման հալածանք հանդէպ ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամներուն կը շարունակուի մինչեւ օրս: Ձերբակալուածներուն առանց դատական ամբաստանութեան արգելափակելն ու ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժին գործադրութիւնը, ինչպէս
բացայայտ են բոլոր նկարահանումներուն մէջ, կու գան փաստելու որ Հայաստանի ոստիկանութիւնը չի յարգեր մարդկային իրաւունքները:

Մայիս 2-ին ընդդիմութեան զանգուածային միջոցառումները նոր եւ աւելի վճռական հանգրուան մը թեւակոխեցին: Ոստիկանութիւնը, իր կարգին, բազմապատկեց հալածանքներն ու բռնութիւնները խաղաղ ցուցարարներուն նկատմամբ: Նոյն այդ օրը, Երեւանի ժամով 16.14ի դրութեամբ՝ 244 հոգի արգելափակուած էին ոստիկանական տարբեր բաժանմունքներու մէջ:

Մեզի համար անընդունելի եւ դատապարտելի է իշխանութեան նման վարքագիծ:

Դժբախտաբար լաւատես չենք կրնար ըլլալ: Կը նախատեսնենք որ յառաջիկայ օրերուն այս դատապարտելի շարունակուի, եւ աւելի դաժանանայ: Ի մասնաւորի մեր կուսակցութեան անդամներուն հանդէպ: Մեր պահանջն է որ իշխանութիւնները սթափին, եւ յարգեն ժողովրդավարութիւնն ու մարդկային իրաւունքները:

Յակոբ Թապաքեան
Ներկայացուցիչ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Պուէնոս Այրէս, 5 Մայիս 2022թ