Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի Երիտասարդական Միութեան Անդամ Սիւնէհ Աբրահամեանի Հայրենիք Մուտքը Արգիլուեցաւ

31 de julio de 2022

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանէն ետք, այս անգամ Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէհ Աբրահամեանի մուտքը հայրենիք արգիլուեցաւ։

Ան Յուլիս 31-ի վաղ առաւօտեան Երեւան ժամանած էր մասնակցելու Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն:

Այս առթիւ, Հ.Յ.Դ. երիտասարդական գրասենեակը յայտարարութիւն մը հրապարակեց.-

Հայաստանի ապազգային իշխանութիւնները դարձեալ դրսեւորեցին իրենց հակահայ, ազգը պառակտող վարքագիծը։

Յուլիս 31-ին Հայաստան ժամանած Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամ ընկերուհի Սիւնէհ Աբրահամեանի մուտքը հայրենիք արգելափակուեցաւ։

Վերջինիս ետ ուղարկելու որոշում կայացուած է առանց որեւէ հիմնաւոր բացատրութիւն կամ պատճառաբանութիւն ներկայացնելու։

Ան Հայաստան ժամանած էր մասնակցելու Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միութիւններու կողմէ Սիւնիքի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն, որոնք երկշաբաթեայ դաստիարակչական օջախներ կը հանդիսանան նոր սերունդին փոխանցելու այլազան գիտելիքներ և յատկապէս ազգային գաղափարախոսութեան հիմնական սերմերը։

Ցաւալիօրէն պէտք է արձանագրենք, որ Հ.Յ.Դ. Բիրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն և Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի անդամներու դէմ հալածանքներէ ետք, այս ապազգային իշխանութիւնը կը թիրախաւորէ նուիրեալ եւ ազգասէր սփիւռքահայ դաշնակցական երիտասարդութիւնը։

Անոնց մուտքը Հայրենիք կ՚արգիլուի եւ զուգահեռ այս իրողութեան՝ կ՚արտօնուի թուրք ազգայնականներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, ինչին ականատես եղանք վերջին շաբաթներու ընթացքին։

Հաշուի առնելով, որ սահմանապահ ստորաբաժանումները կը գործեն հիմնականօրէն Հ.Հ. Ա.Ա.Ծ.-ի ենթակայութեան տակ, կոչ կ՚ուղղենք Հ.Հ. Ա.Ա.Ծ.-ին պատշաճօրէն իրականացնել իրենց սահմանուած գործառոյթները, չտրուիլ ապօրինի քաղաքական հրահանգներու, եւ գործել իրենց կանոնակարգի, առաքելութեան եւ կոչումին համաձայն՝ պաշտպանելու եւ ամրապնդելու Հ.Հ. եւ Արցախի ազգային անվտանգութիւնը։

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը, հակառակ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կազմակերպուած բոլոր բռնաճնշումներուն եւ հալածանքներուն, կը շարունակէ մնալ իր յանձնառութեան հաւատարիմ։ Ամէն գնով հեռացնել այս յանցաւոր վարչախումբը, վերականգնելու մեր խոցուած արժամանապատուութիւնը և վերջապէս լծուիլ Հայաստանի և Արցախի հանրապետութիւններու խարխլուած հիմնասիւներու վերակառուցման աշխատանքին։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ

31 Յուլիս, 2022