Մարդասիրականի Անուան Տակ Քաղաքական Եւ Ընտրական

13 de febrero de 2023

Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժին առընթեր արձանագրուած որոշ քաղաքական երեւոյթներ պէտք է լուսարձակի տակ առնել եւ որոշ ընդգծումներ ընել:

Նախ այն, որ մարդասիրականն ու քաղաքականը դժուար տարանջատելի եղան, յատկապէս երբ Սուրիոյ պարագային տարբեր երկիրներու օժանդակութիւն ապահովող օդանաւերը չհատեցին սուրիական օդային տարածքը: Աղէտեալ ժողովուրդը շարունակեց մնալ պատժամիջոցներու ենթակայ: Ուշացումով, Միացեալ Նահանգները ժամանակաւորապէս վերցուցին արգելքը, սակայն մինչ այժմ չուղարկեցին որեւէ օժանդակութիւն: Պարզ դարձուցին, որ պիտի չգործակցին պետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ: Ենթադրաբար, եթէ պիտի ուղարկուին օժանդակութիւններ, ապա անոնք պիտի հասնին Թուրքիոյ ցամաքային սահմանէն: Այդ արգելքի վերացումէն ետք Իտալիան էր, որ բեռնատար օդանաւով Պէյրութ հասցուց իր օժանդակութիւնները, այնտեղէն անցնելու համար Սուրիա: Մինչ Սէուտական Արաբիոյ Կարմիր մահիկը արտօնութիւն խնդրեց եւ ստացաւ Դամասկոսի օդակայանը իջեցնելու իր բեռնատար օդանաւը: Այսքան:

Հայ զոհերու առկայութիւնը Հալէպէն բացի, կը խօսի պատմական Կիլիկիոյ  քաղաքներու կամ Մալաթիոյ  մէջ հայկական մնացորդացի մասին, որ կը շարունակէ պահպանել իր ինքնութիւնը, իսկ Իսկենտերունի պարագային Սուրիոյ պատերազմին պատճառով այնտեղ ապաստանած հայ ընտանիքներու մասին:

Հայկական առումով ուշագրաւը Սուրիա եւ Թուրքիա ուղարկուած հայկական փրկարարական խումբերն են, որոնք կ՛իրականացնեն որոնողական աշխատանքներ` կեանքեր փրկելու համար: Երեւոյթը կրնայ նկատուիլ օրինաչափ: Յիշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ հայկական փրկարարական խումբ կ՛ուղարկուի Թուրքիա, երկրաշարժէն տուժածներու օժանդակութեան համար: 1999-ի երկրաշարժին եւս Երեւանը պատրաստակամութիւն յայտնեց ուղարկելու փրկարար ջոկատներ. դիմումը մերժուեցաւ շատ չանցած ընդունուեցաւ, եւ հայկական ջոկատները մեկնեցան աղէտի վայր:

Ուրեմն այստեղ քաղաքականացուող բաժինը Անգարայի ընդառաջումի եղանակն է եւ հետեւող արձագանգը: Մարգարայի կամուրջի գործարկումը Հայաստան-Թուրքիա փակ սահմանին, ունի յստակ քաղաքական ուղերձ: Ասիկա անպայման համակարգուած է Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացը ղեկավարողներուն հետ: Երկրաշարժը փաստօրէն կ՛օգտագործուի  ցամաքային սահմանի ժամանակաւոր գործարկումը արտօնելու եղանակով: Յիշենք, որ սահմանը տակաւին ո՛չ երրորդ երկրի քաղաքացիներուն եւ ո՛չ ալ դիւանագէտներուն համար կ՛աշխատի, ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր:

Հիմա այս ձեւով Անգարան առիթը կ՛օգտագործէ միջազգային հանրութեան խաղաղասիրական ծխածածկոյթ յառաջացնելու եւ մարդասիրականն ու քաղաքականը իբրեւ թէ անջատելու, ըստ էութեան սակայն ամբողջովին նոյնացնելու եւ համատեղելու:

Ցուցադրական ձեւով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կ՛ընդունի իր յոյն գործընկերը, Յունաստանի օժանդակութիւնն ու յոյն փրկարարները, մինչ կը մերժէ Կիպրոսի առաջարկը` օժանդակելու աղէտեալներուն:

Երկրաշարժը Անգարայի կողմէ լիարժէք կ՛օգտագործուի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ուղղութիւններով: Երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը անպայման պիտի ազդէ մայիսեան նախագահական ընտրութիւններուն վրայ. հարց է տակաւին, թէ ընտրութիւնները պիտի կայանա՞ն նախատեսուած թուականին, որովհետեւ եռամսեայ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է, եւ բնականաբար նման պայմաններու մէջ քարոզարշաւ եւ ընտրարշաւ կատարելը իրատեսական չի թուիր:

Գործող նախագահը վերընտրուելու համար համապատասխան գերատեսչութիւններու ամբողջ աշխատանքը պիտի կեդրոնացնէ երկրաշարժի հետեւանքները վերացնելու կամ աղէտի գօտին կեանքի գօտիի վերածելու քաղաքականութեան վրայ: Առընթեր միջազգային հանրութիւնը պիտի համոզէ, որ Թուրքիոյ հետ խնդիր ունեցող երկիրներու հետ մարդասիրական-խաղաղասիրական գործողութիւններ կ՛իրականացնէ:

Սուրիոյ պատժամիջոցներու ուշացումով եւ սահմանափակ վերացումէն մինչեւ Մարգարայի կամուրջի ժամանակաւոր բացում, մինչեւ Անգարայի զեղումնային շնորհակալութիւն Հայաստանին, մինչեւ յունականի ընդառաջում եւ կիպրականի մերժում, բոլոր գործընթացները մարդասիրականին առընթեր կամ անոր քողին տակ քաղաքական են շեշտակիօրէն: Ներկայ ժամանակահատուածը նկատի ունենալով նաեւ ընտրակա՛ն` Թուրքիոյ համար:

Խմբագրական ԱԶԴԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹ