Յայտնաբերուած է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին Պետ Գէորգի Կուտոյեանի դիակը

21 de enero de 2020

17 յունուա­րին Ե­րեւան քա­ղա­քի Պա­րոյր Սեւա­կի փո­ղո­ցի բնա­կա­րաննե­րէն մէ­կուն մէջ յայտնա­բե­րուած է Ազգա­յին անվտանգութեան ծա­ռա­յութեան նախկին տնօ­րէն Գէորգի Կուտո­յեա­նի դիա­կը, ո­րուն վրայ կա­յին կրա­կոցնե­րու հետքեր: Նախնա­կան տուեալնե­րով` դիա­կի զննութեամբ վնա­սուածք յայտնա­բե­րուած է ա­նոր դի­մածնօ­տա­յին հա­տուա­ծին մէջ. մա­հուան վարկածնե­րէն մէ­կը անձնասպա­նութիւնն է: Դիա­կին կողքին գտնուած է նաեւ ատրճա­նակ մը: Լրա­տուա­մի­ջոցնե­րուն հա­մա­ձայն, Գէորգի Կուտո­յեա­նի բնա­կա­րա­նին պա­տե­րուն վրայ յայտնա­բե­րուած են կրա­կոցնե­րու հետքեր: Այս բնա­կա­րա­նը, ուր տե­ղի ունե­ցած է դէպքը, Կուտո­յեան գնած էր չորս տա­րի ա­ռաջ, իսկ դէպքի պա­հուն ան տան մէջ ա­ռանձին ե­ղած է, 17 յունուա­րին տուն վե­րա­դարձած են զաւակներն ու կի­նը, որ Գէորգի Կուտո­յեա­նի դիա­կը յայտնա­բե­րած է: Մեծ հաւա­նա­կա­նութիւն կայ, որ դէպքը պա­տա­հած ըլլայ 16 յունուա­րին, երբ ա­նոր ընտա­նի­քը իր ծնողնե­րուն տունը կը գտնուէր:
Գէորգի Կուտո­յեան ծնած է 30 սեպտեմբեր 1981-ին, Ե­րեւան: 2011-ին, Հա­յաստա­նի նա­խա­գա­հին կարգադրութեամբ, նշա­նա­կուած է Հա­յաստա­նի Հանրա­պե­տութեան նա­խա­գա­հի օգնա­կան: 2011-2014-ին վա­րած է Փտա­ծութեան դէմ պայքա­րի խորհուրդին ա­ռընթեր Փտա­ծութեան դէմ պայքա­րի ռազմա­վա­րութեան ի­րա­կա­նացման դի­տարկման յանձնա­խումբի նա­խա­գա­հի պաշտօ­նը: 2016-2018 ե­ղած է Հա­յաստա­նի կա­ռա­վա­րութեան ա­ռընթեր Ազգա­յին անվտանգութեան ծա­ռա­յութեան տնօ­րէն:

Հա­յաստա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Հայկ Գրի­գո­րեա­նի յանձնա­րա­րութեամբ, դէպքի վայրին մէջ քննութիւն կա­տա­րած են Քննչա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ Արթուր Մե­լի­քեան, քննչա­կան տարբեր քննիչնե­րը, դա­տա­կան բժիշկներ եւ այլ մասնա­գէտներ: Արթուր Մե­լի­քեան լրագրողնե­րուն հետ ունե­ցած զրոյցին ընթացքին ը­սաւ. «Դէպքի վայրի զննութիւն կը կա­տա­րուի, որպէսզի կա­րե­նամ պա­տասխա­նել ձեր հարցումնե­րուն: Երբ բնա­կա­րան ե­կած ենք, դէպքի վայրին մէջ ե­ղած են կի­նը եւ հայրը: Դէպքի վայրի զննութեան կը մասնակցին դա­տաբժիշկներ, ո­րոնց զննութեամբ կը պարզենք, որ ան քա­նի հրա­զէ­նա­յին վնա­սուածք ստա­ցած է»` աւելցնե­լով, որ կ՛ուսումնա­սի­րուին նաեւ դէպքին վայրը նկա­րա­հա­նող տե­սախցիկնե­րուն տե­սագրութիւննե­րը:

Կարգ մը լրա­տուա­մի­ջոցներ նշած են, որ Գէորգի Կուտո­յեան մնա­յուն կերպով Ե­րեւան չէր բնա­կեր, քա­նի որ կրթա­կան ծրա­գի­րի ծի­րին մէջ ընտա­նի­քին հետ մեկնած էր Լոնտոն` ուսա­նե­լու. ան վե­րա­դարձած էր նա­խորդ տա­րե­վերջին:
Յա­տուկ քննչա­կան ծա­ռա­յութե­նէն յայտնած են, որ Ազգա­յին անվտանգութեան ծա­ռա­յութեան նախկին տնօ­րէն Գէորգի Կուտո­յեան ո­րեւէ հարցով չէ հարցաքննուած եւ դա­տա­վա­րա­կան կարգա­վի­ճակ չէ ունե­ցած: