Ուրուկուայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Յակոբ արք. Գլընճեանի կոչ՝ Լիբանահայութեան օժանդակութիւն հասցնելու համար

26 de agosto de 2020

Այս օրերուն Լիբանանն ու մանաւանդ տեղւոյն հայութիւնը կը դի- մագրաւեն ծայրագոյն դժուարութիւններ, յատկապէս երկրին մէջ տիրող քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ համավարակի աղիտալի պայ- մաններուն հետեւանքով: Այս բոլորին վրայ օրեր առաջ, Օգոստոս 4-ին, եկաւ աւելնալու պատահած այն ահաւոր պայթումը Պէյրութի նաւահան- գիստին մէջ, որ խլեց շրջակայքի մէջ ապրող բնակչութենէն բազմաթիւ կեանքեր, աւերակի վերածելով կամ անբնակելի դարձնելով հարիւրաւոր տուներ ու բնակարաններ:
Մեծ է վնասը յատկապէս այդ շրջանի մէջ ապրող հայութեան, որ բացի մարդկային անփոխարինելի կորուստներ ունենալէ, շատեր մնացած են անօթեւան, սնունդի եւ ապրելու այլ կենսական միջոցներու կարօտ: Նման աղէտներու ժամանակ աշխարհասփիւռ հայութիւնը միշտ հասած է իր աղետեալ քոյրերուն ու եղբայրներուն օգնութեան: Իրարու նկատմամբ այս անձնուէր զօրակցութիւնն է, որ նպաստած է մեր գոյատեւման եւ պատուհասուած մեր համայնքներու վերականգնումին:
Այս առնչութեամբ կու գամ ջերմապես շնորհաւորելու Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր բոլոր քոյր մի- ութիւններուն, նախաձեռնութիւնը` օժանդակելու Լիբանանի հայութեան: Մեր իղձն ու մաղթանքն է, որ մեր սիրեցեալ հաւատացեալները լիաբուռն կերպով իրենց մասնակցութիւնը բերեն այս սրբազան գործին` թելա- դրուած իրենց ազգային եւ քրիստոնէական վեհագոյն զգացումներէն:
Տիրոջ օրհնութիւնը թող մեր բոլորին վրայ ըլլայ:

Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գլնճեան Առաջնորդ Ուրուկուայի Հայոց Թեմին:
Մօնթէվիտէօ, 19 Օգոստոս 2020